Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի Ուսուցչաց Տարեկան Սեմինար


Շաբաթ, 15 Հոկտեմբեր 2016-ին, Թեմիս Ազգային վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը կազմակերպած էր ուսուցիչներու մասնագիտական վերապատրաստութեան տարեկան սեմինարը, որուն կը մասնակցէին մեր Թեմին մէջ գործող հայկական վարժարաններու տնօրէններ, վարիչներ, կրթական պատասխանատուներ եւ ուսուցիչներ։

Սեմինարը տեղի ունեցաւ Նորթրիճի համալսարանին մէջ, հիւրընկալութեամբ համալսարանի հայկական գիտութիւններու բաժանմունքին։ Սեմինարի ընթացքին տրուեցան մասնագիտական դասախօսութիւններ, քննարկելով՝ կիրարական մանկավարժութեան եւ դաստիարակութեան հարցերը տարբեր տարիքի աշակերտներու համադրութեան մէջ։ Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Տիար Ատրին Նազարեանը։ Խնամակալ Մարմինի անունով խօսք արտասանեց Մարմինի ատենապետուհի Տիկ. Լիզա Կապուտեան։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ համագումարի բացման նիստին, կատարեց բացման աղօթքը եւ ուղղեց իր պատգամը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց կրթութեան, լուսաւորութեան եւ բարձրագոյն ուսման կենսական կարեւորութիւնը եւ այս իմաստով ուսուցիչ-դաստիարակներու ծառայութեան մասին՝ ըսաւ. «ուսուցչութիւնը սովորական ասպարէզ մը, գործ մը չէ, այլ առաքելութիւն է. ուսուցիչը ներգործօն ազդեցութիւն կ’ունենայ մանուկին ու պատանիին միտքին, հոգիին ու էութեան վրայ, կը դաստիարակէ զայն, անոր միտքը կը բանայ գիտելիքներու աշխարհին վրայ, կը յղկէ անոր հոգին ու սիրտը, դէպի բարին ու օգտակարը կ’առաջնորդէ անոր քայլերը, որպէսզի երբ ան հասակ առնէ, իր կուտակած բարիքները բազմապատկուած ձեւով վերադարձնէ իր շրջապատին՝ ընտանիքին, ազգին, հայրենիքին ու ամբողջ մարդկութեան, ընկերութիւնը զերծ պահէ մարդակերտ պատուհասներէ: Դաստիատիարակ ուսուցիչը աննիւթական ներդրումներ կը կատարէ աշակերտներու կեանքին մէջ, որպէսզի աշակերտը, Քրիստոսի առակներէն՝ Հաւատարիմ Ծառային օրինակով, զայն բազմապատկէ ու շահարկէ ի նպաստ մարդկութեան»: Այնուհետեւ, անդրադառնալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Ծառայութեան Տարի» հռչակման, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց ուսուցիչներուն մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց համագումարի աշխատանքներուն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022