Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին Կազմակերպած Ուսուցիչներու Վերապատրաստութեան Տարեկան Համագումարը

Շաբաթ, 6 Հոկտեմբեր 2018-ին, Թեմիս Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ կազմակերպած էր հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու վերապատրաստութեան տարեկան համագումարը, որ աւանդաբար տեղի կ’ունենայ վերամուտէն ետք։ Այս տարուան համագումարին մասնակցութիւն բերին մօտ 400 ուսուցիչներ։

Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ համագումարի բացման, կատարեց բացման աղօթքը եւ ուղղեց իր պատգամը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։ Ողջունելով ներկայ տնօրէններն ու դաստիարակները, ան նշեց, որ այս հաւաքին նպատակն է նոր աւիշ կուտակել սերնդակերտ ու հայակերտ առաքելութեան, մնալով աւանդապահը Թարգմանչաց սերունդին, մանաւանդ, որ այս հաւաքը տեղի կ’ունենայ Հայ Մշակոյթի ամսուան ընթացքին։ Ան վեր առաւ ուսուցիչին հիմնական դերը՝ մարդկային ընկերութեան կերտումին մէջ, ընդգծելով, որ այդ դերակատարութիւնը կը հարկադրէ յարատեւօրէն վերանորոգուիլ։

Խօսելով Հայ Դպրոցի առաքելութեան ու առանձնայատկութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Հայ դպրոցը մէկ մասնիկն է մեր մայր հայրենիքին եւ հայ աշակերտը կը դարբնէ իբրեւ քրիստոնեայ հայ, զայն կը դնէ հայութեան անցեալով ու ներկայով հարստանալու եւ հպարտանալու մթնոլորտին մէջ։ Ան կանգ առաւ մեր լեզուի երկու ճիւղերուն կարեւորութեան վրայ շեշտելով, որ արհեստագիտութեան նորութիւնները չեն կրնար փոխարինել ուսուցիչը, որ ոգի եւ հայկականութիւն կը ներարկէ աշակերտին։

Յանուն Խնամակալ Մարմինին, խօսք առաւ ատենապետուհին՝ Տիկ. Լիզա Կապուտեան։ Տեղի ունեցաւ վաստակաւոր ուսուցիչներու գնահատում։

Համագումարը շարունակուեցաւ մինչեւ յետմիջօրէի ժամերը։ Մասնագէտներ ներկայացուցին այժմէական հարցեր արծարծող նիւթեր, տեղի ունեցան գործնական աշխատանքի նիստեր։ Առաջնորդական փոխանորդը դասախօսական զեկոյց մը ներկայացուց միջնակարգի եւ երկրորդականի Հայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն, «Բարոյախօսութիւնը եւ դասապահը» նիւթով։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022