Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, եւ հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբերի երեկոյեան, Փասատինայի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդ գրող Կայլակի «Ոսկէ Օրէնքը» բանաստեղծական հատորին ողջունահանդէսը: Ներկայ էին կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներ:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, տեղի ունեցաւ հատորին ներկայացումը, արտասանուեցան գնահատանքի խօսքեր: Ապա տեղի ունեցաւ գինեձօն։
Պաշտօնական յայտագիրի աւարտին, օրհնութեան ու գնահատանքի իր խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան գնահատեց Համազգայինն ու գեղարուեստական յայտագիրին մասնակիցները, ապա, անդրադառնալով Կայլակի գրական արտայայտութիւններուն, մաղթեց, որ սիրով ու հաւատքով սկզբնաւորուած անոր գրաւոր արտայայտութիւնները շարունակուին վերանորոգ ճիգով: Ան նշեց, որ սիրոյ կրակով ոսկեայ օրէնքին հասած գրողը իր այս հատորը ձօնած է Ցեղասպանութեան նահատակներուն, 100ամեակին առիթով, անոր էջերուն կարեւոր տեղ ունին մեր եկեղեցին, հայ ընտանիքն ու ազգը, եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային, իբրեւ աւելի հասուն բանաստեղծ՝ նոր փունջեր պարգեւէ հայ ընթերցողին: Ան մաղթեց, որ գրողը վայելէ ու ուռճացնէ Աստուծոյ շնորհները: