Աւագ Ուրբաթ օրը՝ 14 Ապրիլ 2017ին, մեր եկեղեցին յիշատակեց մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի թաղումը, որ լրումին կը հասցնէ մեր Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի տառապալից դրուագներու շարքը։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեպարար արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Յիսուսի գերեզմանը խորհրդանշող ծաղիկներով զարդարուած սեղանին շուրջ։ Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ Քրիստոսի թաղման խորհուրդին վրայ, նշելով, որ անիկա Աստուածորդւոյն երկրաւոր առաքելութեան նախավերջին գլխաւոր դէպքն էր, նախաքայլը՝ Ս. Յարութեան. ան իբրեւ մարդ կրեց տառապանքներ, խաչին վրայ մեռաւ մեղաւորներու թողութեան համար, թաղուեցաւ Յովսէփ Արեմաթացիի սեփականութիւնը եղող գերեզմանին մէջ, որ փակուեցաւ քարով եւ կնքուեցաւ քահանայապետին մատանիով։ Այս բոլորով, քահանայապետները կը կարծէին, թէ յաջողած էին իրենց նպատակին մէջ, սպաննած ու թաղած էին Քրիստոսը եւ վերջ դրած անոր բացած ուղիին։ Սակայն անոնք կը սխալէին. Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութիւնը գերեզմանով վախճանակէտին չհասաւ, այլ ան յարութիւն առաւ, յաղթեց մահուան եւ իր իսկ օրինակով նոր կեանքի ուղին ցոյց տուաւ մարդուն, հաւատացեալին բերաւ յաւիտենական կեանքի խոստումը։ Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ երբ այսօր երկրպագութեամբ կ’աղօթենք Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ, հոն մահը չենք տեսներ, ալ կեանքը, մահուան վրայ կեանքին յաղթանակը, որ նուիրագործուեցաւ Յիսուսի հրաշափառ Ս. Յարութեամբ։