Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի կողքին գործող հայկական խմբակին նախաձեռնութեամբ, Երկուշաբթի, 23 Ապրիլ 2018-ին, նահանգային խորհրդարանը Սաքրամենթոյի մէջ գումարեց յատուկ նիստ մը, ոգեկոչելու համար յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան՝ պատմական ոճիրին 103-րդ ամեակին առիթով։ Նիստին ներկայ եղան հայ հոգեւորականներ ու հայկական կազմակերպութեան ու միաւորներու ներկայացուցիչներ։
Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան ներկայ եղաւ Ծերակոյտի նիստին եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր բացման աղօթքը ընթերցեց։
Իր աղօթքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ անցեալի ու ժամանակակից ցեղասպանութեանց զոհերու յիշատակին, աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ հանգիստ շնորհէ անմեղ զոհերու հոգիներուն եւ պաշտպանութիւն պարգեւէ այսօրուան տագնապներուն հետեւանքով տառապանքի մատնուողներուն։ Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց խորհրդարանի անդամներուն, որ ամէն տարի, այս հանգրուանին, ժամանակ կը տրամադրեն յարգելու համար մեր Ս. նահատակներուն յիշատակը եւ զօրակցութիւն յայտնելու հայ-ամերիկեան համայնքի զաւակներուն։ «Մինչ մենք կը շարունակենք Ցեղասպանութեան ու անկէ բխող մեր իրաւունքներուն համաշխարհային ճանաչումը, կ’ապաւինինք Աստուծոյ՝ աննահանջ մնալու մեր պայքարի ճամբուն մէջ. կը յուսանք, որ Երկնաւոր Հօր առաջնորդութեամբ եւ բարեկամներու զօրակցութեամբ, ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը ի վերջոյ պիտի ըլլան տիրող», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ եզրափակեց աղօթելով աշխարհի խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան, ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի ու հանդուրժողութեան իրականացման համար։