Հայ Դատի գործիչներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցչական դէմքեր Երկուշաբթի, 17 Ապրիլ 2017-ին ուղղուեցան Սաքրամենթօ, ուր Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի երկու տուները՝ Ծերակոյտն ու Ներկայացուցիչներու Տունը յատուկ նիստեր ունեցան ի յիշատակ հայոց Ցեղասպանութեան։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, նիստերուն մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըքեան եւ Տ. Պարոյր Վրդ. Շերնէզեան, որոնք մասնակցութիւն բերին քաղաքական ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներուն։ Ծերակոյտի նիստին, Հայր Տաճատ աղօթք բարձրացուց յանուն Առաջնորդ Սրբազանին եւ փոխանցեց անոր խօսքը։
Առաջին նիստը տեղի ունեցաւ խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու Տան մէջ, ուր երեսփոխան Ատրին Նազարեանի առաջարկով, ժողովը որդեգրեց թիւ AJR 3 բանաձեւը, որ կը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ կը յիշատակէ Ցեղասպանութեան 102-ամեակը։ Յաջորդեց նահանգային Ծերակոյտին նիստը, որուն ընթացքին, ժողովը միաձայնութեամբ որդեգրեց Էնթընի Փորթանթինոյի ներկայացուցած թիւ SR 29 բանաձեւը, որ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ նահատակները ոգեկոչելու կողքին, կոչ կ’ուղղէ Ուաշինկթընի, որպէսզի հետեւի Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի օրինակին եւ Թուրքիայէն պահանջէ իրաւատէրերուն վերադարձնել եկեղեցապատկան կալուածները։ Սա Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած առաջին բանաձեւն է, որ Թուրքիայէն կը պահանջէ Հայ Եկեղեցւոյ վերադարձնել խլուած կալուածները։
Ծերակոյտի նիստի բացման աղօթքին ընդմէջէն, Հայր Տաճատ շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովին, որ ամէն տարի յարգանքով կը խոնարհի սուրբ նահատակներուն յիշատակին։ Ան նշեց, որ այսօր ալ աշխարհի տարածքին ականատես կþըլլանք կրօնական ու ազգային նկատումներով հալածանքներու, եւ աղօթք բարձրացուց, որ սիրտերը ձերբազատին ատելութենէ, լեցուին եղբայրական սիրով ու խաղաղութեամբ, հասնելու համար այն օրուան, երբ տարբեր կրօններու եւ ազգութեանց հետեւորդները գոյակցին ներդաշնակօրէն, փոխադարձ յարգանքով եւ հանդուրժողութեամբ։ «Թէեւ աւելի քան դար մը անցած է Օսմանեան կառավարութեան կողմէ հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան ու հալածանքներուն օրերէն, տակաւին ոճրային արարքներն ու ոճրագործը կը մնան անպատիժ. մենք մեր հաւատքը, յոյսն ու վստահութիւնը դրած ենք բարձրեալն Աստուծոյ վրայ, թէ՝ ի մօտոյ պիտի հասնինք մեր իրաւունքներուն եւ արդար դատին հատուցման, պիտի յաջողինք Ցեղասպանութեան մասին ճանաչողութիւն տարածել՝ հայութեան ու այլ ժողովուրդներու դէմ գործուած ցեղասպանական արարքներու մասին, որպէսզի ի վերջոյ անիրաւութեան զոհ գացողներ հասնին իրենց իրաւունքներուն, վերջ գտնեն ցեղասպանական քայքայիչ արարքները, որոնք կը շարունակեն պատուհասել մարդկութիւնը», եզրափակեց Հայր Սուրբը, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով խորհրդարանի անդամներուն՝ միացեալ ճիգերուն, զօրակցութեան եւ միասնութեան համար, յաջողութիւն մաղթելով անոնց ծառայութիւններուն։
Նիստերուն առընթեր, տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, մասնակցութեամբ «The Promise» ժապաւէնի բեմադրիչ Թերի Ճորճի. տեղի ունեցաւ նաեւ ժապաւէնին ցուցադրութիւնը։