Երկուշաբթի, 29 Ապրիլ 2019-ին, Կլենտէյլի «Adult Recreation Center»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հանրային Վարժարաններու Հայ Աշակերտներու Յանձնախումբի՝ CASPS-ի կազմակերպած 23-րդ տարեկան հանդիսութիւնը՝ ի պատիւ Կլենտէյլի հանրային վարժարաններէ շրջանաւարտ հայ աշակերտներու։
Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ ընթերցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին օրհնութեան եւ շնորհաւորանքի խօսքը, որուն մէջ ան շեշտած էր հաւատքի ու աղօթքի կարեւորութիւնը ու շրջանաւարտներուն յորդորած, որ իրենց կեանքի բոլոր հանգրուաններուն դիմեն Աստուծոյ զօրութեան, իմաստութեան եւ ուղղութեան։