2014 Լուրերու Արխիւ
Կլենտէյլի «Memorial» Հիւանդանոցի Նախագահ Ճէք Այվիի Այցելութիւնը Ազգ. Առաջնորդարան
Չորեքշաբթի, 5 Մարտ 2014-ի յետմիջօրէին, Կլենտէյլի «Memorial» հիւանդանոցի նախագահ՝ Տիար Ճէք Այվի, ընկերակցութեամբ հիւանդանոցի անձնակազմէն՝ Տիկ. Մէրի Ֆիլիփեանի եւ Հովիւ Գէյսի Մըքարթիի, այցելութիւն մը տուաւ Ազգ. Առաջնորդարան։ Պաշտօնական հիւրերը դիմաւորուեցան Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ էր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան։ Յարգելի հիւրերը ողջունելէ […]
Մեծ Պահոց Առաջին Արեւագալը Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ
Չորեքշաբթի, 5 Մարտ 2014-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, տեղի ունեցաւ այս տարուան առաջին Արեւագալի ժամերգութիւնը։ Տարիներու սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Մեծ Պահքի առաջին Արեւագալի ժամերգութեան, մասնակցութեամբ Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեանի եւ եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեանի։ Ներկայ հաւատացեալներու […]
Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնը Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Թեմիս մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Ս. Վարդանանց տօնը: Հինգշաբթի, 27 Փետրուար, 2014-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականներուն, Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Ս. Վարդանանց զօրավարներու նահատակութեան յիշատակութիւնը: Պատարագիչ եւ քարոզիչ էր Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան: […]
Ս. Ղեւոնդեանց Տօնին Առթիւ Հոգեւորական Համագումար եւ Ս. Պատարագ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Սրբոց Ղեւոնդեանց ու Ս. Վարդանանց Տօները, Հայ ժողովուրդի ինքնութեան ու գոյատեւման արշաւին մէջ, մեծ դեր ու տեղ կը գրաւեն։ Անոնք Հայ ժողովուրդի յաւերժութեան ու կամքի խորհրդանիշները դառնալով, աւիշ դարձան սերունդներու եւ ներշնչեցին Հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ, մինչեւ այսօր ու գալիք սերունդներ։ Հոգեւորական Դասին ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը Վարդանանց հերոսամարտին, ցոյց տուաւ Հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը, որպէս մէկ […]
Շաբաթական Լուրեր – 28 Փետրուար 2014
ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 2 Մարտը Բուն Բարեկենդան է։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս.buy levitra professional online www.ecladent.co.uk/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/levitra-professional.html no prescription Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ *** ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԵՒ ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Երկուշաբթի, […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Կոկիկեան Հիմնարկի Վարիչ Տնօրէնի Այցելութիւնը
Չորեքշաբթի, 26 Փետրուար 2014-ին, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց Կոկիկեան հիմնարկի վարիչ տնօրէն՝ Տիկ. Սուհէյլա Հայէքի այցելութիւնը, որ ներկայիս Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի հիմնարկի առաքելութիւնը մօտէն ծանօթացնելու նպատակով: Տիկ. Հայէք տեղեկացուց, թէ Կոկիկեան հիմնարկը ոչ հասութաբեր, ապաքաղաքական հիմնարկ մըն է, հիմնուած 2008-ին Լիբանան, նախկին դեսպան Ճան Կոկիկեանի որդիին Միշէլ Կոկիկեանի […]
Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին – Հոգեհանգիստ ՀՕՄի Ննջեցեալներու, Տեղակալ Գուրգէն Մարգարեանի եւ Սումկայիթի Ջարդերու Զոհերու Յիշատակին
Կիրակի, 23 Փետրուար 2014-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Եւ Անմահ Պատարագին եւ փոխանցեց օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը: Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով եւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ՀՕՄ-ի հին ու նոր ննջեցեալ […]
Ազգ. Առաջնորդարանի Նախաձեռնութեամբ Կեանքի Կը Կոչուի «Հայերէն Վերաշխուժացման» Մասնագիտական Մարմին Մը
Մեկնելով Ազգ. Երեսփոխական ժողովի տրամադրութիւններէն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային Վարչութեան հրաւէրով, անցեալ տարի Ազգային Առաջնորդարանէս ներս կեանքի կոչուեցաւ յանձնախումբ մը, հայախօսութեան եւ հայերէնի գրաւոր գործածութեան վերաշխուժացման նպատակով սերտողական աշխատանքի ձեռնարկելու համար։ Յանձնախումբը իր առաջին ժողովը գումարեց 1 Մայիս 2013-ին։ Յաջորդական քանի մը հանդիպումներով, յանձնախումբը որդեգրեց այն սկզբունքը, որ կը […]
Շաբաթական Լուրեր – 21 Փետրուար 2014
ՀՕՄ–Ի ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒ, ՏԵՂԱԿԱԼ ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՄԵՐ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, եւ ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով, Փետրուարի վերջին Կիրակին յարգանքի օրն է ՀՕՄ-ի ննջեցեալներուն, որ կը յիշատակուի հոգեհանգստեան արարողութեամբ։ Կիրակի, 23 Փետրուար 2014ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. […]
Կլենտէյլի «Adventist» Հիւանդանոցի Նախագահ Տիար Քեվըն Ռոպըրթսի Այցելութիւնը Ազգ. Առաջնորդարան
Երեքշաբթի, 18 Փետրուար 2014-ի յետ միջօրէին, Կլենտէյլի «Adventist» հիւանդանոցի նախագահ՝ Տիար Քեվըն Ռոպըրթս առաջին այցելութիւնը տուաւ Ազգային Առաջնորդարան, ուր մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան։ Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց […]
Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնախմբութիւն եւ Մատաղօրհնէք
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Փասատինայի Ս. Սարգիս Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը մեծ շուքով նշեց Ս. Սարգիս զօրավարի, անոր որդիին Մարտիրոսի եւ տասնըչորս զինուորներու նահատակութեան եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։ Ուրբաթ, 14 Փետրուար 2014-ի կէսօրին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի կողմէ կատարուեցաւ աղօրհնէքի արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Երեսփոխանական կազմի անդամները, Հոգաբարձութեան […]
Տեառնընդառաջի Աւանդական Տօնախմբութիւն Կլենտէյլի Մէջ – Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սկաուտական Խումբերու Աւանդական Հանդիպում
Հինգշաբթի, 13 Փետրուար, 2014-ի երեկոյեան, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման տօնը եւ տեղի ունեցաւ աւանդական հրավառութիւնը: Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութեան: Հիւրաբար ներկայ էր Բերիոյ Թեմի նախկին Առաջնորդ Բարձր. Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեան: […]
Շաբաթական Լուրեր – 14 Փետրուար 2014
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ Շաբաթ, 15 Փետրուարը, Ս. Սարգիս Զօրավարին եւ իր որդւոյն՝ Մարտիրոսի եւ 14 զինուորներու յիշատակի տօնն է, նաեւ՝ անուանակոչութեան տօնը՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ։ Այս առթիւ, Կիրակի, 16 Փետրուարին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի եւ մատաղօրհնէք պիտի կատարուի։ Պիտի պատարագէ, […]
Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանի Նախկին Անդամ Էնթընի Փորթանթինօ Ազգ. Առաջնորդարան Այցելեց
Երեքշաբթի, 11 Փետրուար, 2014-ին Քալիֆորնիոյ նահանգի խորհրդարանի նախկին անդամ Էնթընի Փորթանթինօ բարեկամական այցելութիւն տուաւ Ազգային Առաջնորդարան, ուր ան մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հետ: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան եւ Տիար Թորոս […]