2014 Լուրերու Արխիւ
«Տարեցներու Տարի» Հայրապետական Պատգամի Ընթերցում Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 9 Փետրուար, 2014-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսի «Տարեցներու Տարի» Հայրապետական պատգամը ընթերցուեցաւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Առաջնորդ Սրբազանը Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին հանդիսապետեց ու ներկայ հաւատացեալներուն փոխանցեց Հայրապետական պատգամը: Առաջնորդ Սրբազանը Աստուծոյ գոհութիւն յայտնեց, որ շաբաթասկիզբին ապահով վերադարձաւ Լիբանանէն, […]
Սուրիոյ Տագնաղին Նուիրուած Ձեռնարկը՝ Զօրակցութեան Վերանորոգում Սուրիահայութեան
Երկուշաբթի, 10 Փետրուար 2014–ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կազմակերպութեամբ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինի, Պըրպէնքի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակները հետաքրքրող դասախօսութիւն մը՝ «Սուրիահայութեան Տագնապը եւ Մենք» նիւթով: Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուեցաւ դասախօսական երեկոյին։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերանային Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ […]
Բացման Հանդիսութիւն եւ Օրհնութիւն Արարատ Տան «Աւագեան» Նոր Բաժնի
Շաբաթ, 8 Փետրուար 2014- երեկոյեան, Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու առաջնորդներու նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Արարատ Տան «Աւագեան» բաժնի պաշտօնական բացումն ու օրհնութիւնը: Բացման արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որուն ընկերացած էին Բարձր. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան […]
Շաբաթական Լուրեր – 7 Փետրուար 2014
ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ ԹԵՄԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ Ինչպէս ծանօթ է, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հայրապետական յատուկ պատգամով մը 2014ը հռչակած է Տարեցներու Տարի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 9 Փետրուարին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, պիտի ընթերցուի Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Կլենտէյլի Նոր Ոստիկանապետի Այցելութիւնը
Հինգշաբթի, 6 Փետրուարի յետմիջօրէին, Կլենտէյլի նորընտիր ոստիկանապետ Ռապըրթ Գասթրօ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ազգային Առաջնորդարան, ուր դիմաւորուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Ոստիկանապետին կ՚ընկերանային քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ Տիար Զարեհ Սինանեան եւ Sergeant Tom Lorenz։ Հանդիպումին ներկայ էին Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փէհլիվանեան, Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան, եւ Ազգային Վարչութեան […]
Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի 8րդ Կարգի Աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարան Այցելեցին
Հինգշաբթի, 6 Փետրուար 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս. Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին գլխաւորութեամբ Վարժարանի տնօրէն՝ Տիար ժան Գոսաքեանի եւ ուսուցչուհի Սեզա Քիւրտեանի, որոնք ընդունուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Հոգեշնորհ Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Բարի […]
Սիրուն Երէցեանի «Սիրուն Տառեր» Գիրքի Շնորհահանդէսը
– Առաջնորդ Սրբազանը Կը Գնահատէ Նուիրեալ Արուեստագիտուհին Չորեքշաբթի, 5 Փետրուարի երեկոյեան, «Ապրիլ» գրախանութի կազմակերպութեամբ, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սիրուն Երէցեանի «Սիրուն Տառեր» գիրքի շնորհահանդէսը։ Հանդիսավարն էր արուեստագիտուհիին զաւակը Առնօ Երէցեան։ Գիրքի ներկայացումը կատարեցին Տեարք՝ Վաչէ Մանկրեան եւ Հէրի Մեսրոպեան։ Ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ Տիկին […]
Սրբադասման եւ Ծիսական Յանձնախումերու Ժողովները Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Յունուար 27էն 29, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Սրբադասման Յանձնախումբի հանդիպումը: Ժողովի նախօրեակին յանձնախումբի անդամները հանդիպում ունեցան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը եւ գնահատանքը՝ յանձնախումբին կատարած աշխատանքներուն համար: Ժողովը սկսաւ Տէրունական աղօթքով. հոգւոց […]
Շաբաթական Լուրեր – 31 Յունուար 2014
ՍԱԼԲԻ ԱԳԱՐԱԿԵԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ Կ՚ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ Երկուշաբթի, 27 Յունուարին, UCLA համալսարանի նախաձեռնութեամբ, ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ համալսարանի համալիրին մէջ։ UCLA Nursing բաժանմունքի տնօրէն Սալբի Ագարակեան գնահատանքի արժանացաւ իբրեւ 2013 տարուան լաւագոյն կամաւորը։ Գնահատագիրը յատկապէս նկատի ունեցած է Սալբի Ագարակեանին նուիրեալ ծառայութիւնը՝ Հայաստանի մանուկներուն։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց […]
Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ժողով Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երկուշաբթի, 20 Յունուարին Լիբանան մեկնեցաւ, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ մասնակցելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստերուն։ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԸ Հինգշաբթի, 23 Յունուարին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովը ունեցաւ իր լիակատար նիստը: Կրօնական Ժողովը կը […]
Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Դպրաց Ձեռնադրութիւն Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ 113րդ Տարեդարձին Առթիւ
Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Մայր եկեղեցին 18 եւ 19 Յունուարին, եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով, դպրաց ձեռնադրութեամբ եւ ճաշկերոյթի ձեռնարկով նշեց իր հիմնադրութեան 113րդ տարեդարձը։ Կիրակի, 19 Յունուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց եկեղեցւոյ մէջ եւ կատարեց դպիրներու ձեռնադրութիւն: Դպրաց դասի ութ նուիրեալներ՝ Րաֆֆի Աբգարեան, Ժանօ Գամչէեան, Նարեկ […]
Առաջնորդ Սրբազանը Անթիլիասի Մէջ Կը Մասնակցի Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Լիակատար Նիստերուն եւ Սրբադասման Յանձնախումբի Ժողովին
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Առաջնորդ Սրբազանը այս շաբաթասկիզբին մեկնեցաւ Լիբանան, Անթիլիասի մէջ մասնակցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերուն։ Ժողովը տեղի պիտի ունենայ 23էն 25 Յունուարին։ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան նիստերէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ պիտի մասնակցի նաեւ Ս. Էջմիածինի եւ Մեծի Տանն […]
Շաբաթական Լուրեր – 17 Յունուար 2014
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՀԱՄԱՅՆՔԸ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 113-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթավերջին կը գտնուի Ֆրեզնոյի մեր ծխական համայնքին հետ, որ կը տօնակատարէ Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 113րդ տարեդարձը։ Կազմակերպութեամբ Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան, Շաբաթ երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ 113ամեակի […]
Հայկական Երեք Յարանուանութեանց Հոգեւոր Առաջնորդներու Ժողով՝ Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ
Չորեքշաբթի, 15 Յունուարի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարանիս մէջ տեղի ունեցաւ հայկական երեք յարանուանութեանց շրջանիս հոգեւոր առաջնորդներուն միացեալ ժողովը, հիւրընկալութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդ Գերպայծառ Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հոգեւոր հովիւ Վերապատուելի Յովսէփ […]