2014 Լուրերու Արխիւ
Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առթիւ
Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Կիրակի, 12 Յունուար 2014ին, եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ Պատարագիչ Սրբազան Հօր սպասարկեցին զոյգ Հոգեւոր Հովիւները՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան, սարկաւագներն ու դպիրները։ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. […]
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիքի Երեկոն Նոր Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ
– ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՅԱԿՈԲ ԵՒ ՀԻԼՏԱ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ 250,000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ ԱԶԳ. Վ. ԵՒ Ա. ՇԱՄԼԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՄԱՐԶԱՐԱՆԻՆ – ԳԱՐՈԼԱՆ ԵՒ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԻՇԽԱՆԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԷՏԻ ԵՒ ԹԱԼԻՆ ԱՄՐՈՅԵԱՆ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑԻՆԸՆԹՐԻՔԻ ԵՐԵԿՈՆ Ճրագալոյց, Ս. Ծննդեան Ս. Պատարագ, ջրօրհնէք, տօնական օրուան մթնոլորտը մարմնաւորող ընթրիքի երեկոյ… Այս բոլորը կը […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Վեր. Յովսէփ Մաթոսեանի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Շնորհաւորանքի Այցելութիւնը
Չորեքշաբթի, 8 Յունուարի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան հոգեւոր հովիւ Վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեան եւ դիմաւորուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Վեր. Յ. Մաթոսեանի կþընկերանար Հայ Աւետ. եկեղեցիներու միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու նորահաստատ գրասենեակի վարիչ տնօրէն Տիար Լեւոն Ֆիլեան։ Յարգելի հիւրերը Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան […]
Ս. Ծննդեան Տօնը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Երկուշաբթի, 6 Յունուարի առաւօտուն, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց եւ ջօրհնէքի արարողութիւն կատարեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը “Հրաշափառ”ի երգեցողութեամբ թափօրով առաջնորդուեցաւ Ս. Խորան՝ Ս. Պատարագը մատուցելու։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները։ Իր պատգամին համար, Առաջնորդ […]
Ճրագալոյցը Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ
Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, Կիրակի, 5 Յունուարին, մեր եկեղեցին նշեց Ճրագալոյցը։ Երեկոյեան, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ եւ աւարտին, հոգեւոր հայրերը Ս. Ծննդեան աւետիսը հաղորդեցին հաւատացեալ ժողովուրդին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Պօղոս […]
Ս. Ծննեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Ջրօրհնէք՝ “Արարատ Տան” Մէջ
Բարի աւանդութիւն է, որ Ազգային Առաջնորդարանը տարուան ընթացքին« ու յատկապէս տօնական օրերուն, յատուկ արարողութիւններ կազմակերպէ “Արարատ Տան” մէջ, տարեց պատսպարեալները մասնակից դարձնելու համար ցնծութեան մթնոլորտին ու տօնական օրուան խորհուրդին։ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, եւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ, Կիրակի, 5 Յունուարի առաւօտուն, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն […]
Շաբաթական Լուրեր – 10 Յունուար 2014
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի ծննդեան տօնը այս տարի Երեքշաբթի, 14 Յունուարին է։ Այս տօնը նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ։ Այս առթիւ, Կիրակի, 12 Յունուարին, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ […]
Ս. Ծննդեան ՏՕնին Առիթով Աղօթք եւ Ջրօրհնէք Կլենտէյլի «Memorial» Հիւանդանոցին Մէջ
Ամանորի, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, եւ համաձայն տարիներու աւանդութեան, Ուրբաթ, 3 Յունուարի առաւօտեան ժամը 11ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի յարկին տակ։ Առաջնորդ Սրբազանը գլխաւորեց արարողութիւնը եւ կատարեց ջրօրհնէք, իր կողքին ունենալով Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները։ Հիւանդանոցի պատասխանատուներուն ու անձնակազմի […]
Շաբաթական Լուրեր – 3 Յունուար 2014
ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ Կիրակի, 5 Յունուարը Ճրագալոյց է։ Նկատի ունենալով, որ մեր եկեղեցւոյ կանոններուն համաձայն, նոյն օրը երկու անգամ Ս. Պատարագ չի մատուցուիր նոյն խորանին վրայ, հետեւաբար, Կիրակի առաւօտուն մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ժամերգութիւն պիտի կատարուի, հոգեւոր հովիւները օրուան ճաշու աւետարանի պատգամը պիտի փոխանցեն ներկայ հաւատացեալներուն եւ արարողութեան աւարտին Հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի պիտի ունենայ։ […]
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Պատգամը – 2014
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ՝ ՆՄԱՆԻՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ «Եւ Բանը մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ» (Յովհ. 1։14) Դարձեալ կը գտնուինք նոր տարուան մը սեմին եւ մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ պիտի դիմաւորենք մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ս. Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը։ Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ տարի մը եւս պարգեւեց մեզի։ Գոհութիւն Ամենակալին՝ Իր Միածին Որդւոյն պարգեւին […]