2014 Լուրերու Արխիւ
Թելեթոնի Նախօրեակին Նախագահ Բակօ Սահակեան Հիւրընկալուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին եւ Թեմիս Ժողովականութեան Կողմէ
“Հայաստան” Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան հանգանակային արշաւին՝ Թելեթոնին առիթով, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Լոս Անճելըս իր այցելութեան առիթով, ու յարգելով տարիներու բարի աւանդութիւնը, Չորեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2014ի առաւօտուն այցելութիւն մը տուաւ Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ու ժողովականութեան ներկայացուցիչներու կողմէ: “Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն” մատրան մէջ աղօթքի պահէ […]
Օծում Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Գաւիթի Դրան Ապակենկարի եւ Երեք Սրբապատկերներու
Կիրակի, 23 Նոյեմբեր 2014ը, մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն Յինանց Ա. Կիրակին էր, որ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծուխի համար տօնական օրուան մը վերածուեցաւ. հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր եկեղեցւոյ մէջ։ Առաւօտեան ժամերգութենէն ետք, Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Ս. Պատարագին հանդիսապետեց Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. […]
Գոհաբանութեան Տօնի Նախօրեակին Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ազգ. Թիւֆէնքեան Մանկամսուր
Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի վարիչուհի Տիկին Արսինէ Աղազարեան եւ անձնակազմի անդամները Գոհաբանութեան տօնին առիթով կազմակերպած էին հանդիպում մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2014ի կէսօրին, վարժարանի յարկին տակ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս առիթով այցելեց վարժարանը։ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոեգւոր հովիւներէն՝ Արժ. Տ. […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ “Հայաստան” Համահայկական Հիմնադրամի Կալային
Կիրակի, 23 Նոյեմբերի երեկոյեան, “Հայաստան” Համահայկական Հիմնադրամի 20րդ տարեկան կալա ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի “Հիլթըն” պանդոկին մէջ։ Պատւոյ հիւրերն էին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան եւ շքախումբի անդամներ։ Առաջնորդ Սրբազանը ճաշկերոյթին բացման աղօթքը կատարեց եւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան եւ Արժ. […]
Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Նուիրուած Ընդունելութիւն
Շաբաթ, 22 Նոյեմբերին, Լիբանանի անկախութեան 71րդ տարեդարձը նշուեցաւ պաշտօնական ընդունելութամբ մը, որ տեղի ունեցաւ Riviera Country Club-ին մէջ, Pacific Palisades, հիւրընկալութեամբ Լիբանանի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիար Ճոնի Իպրահիմի եւ իր Տիկնոջ։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց Սրբազանին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները։ Ներկայ է Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ […]
Շաբաթական Լուրեր – 21 Նոյեմբեր 2014
ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Կիրակի, 23 Նոյեմբեր 2014ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Ս.buy doxycycline online www.ecladent.co.uk/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/doxycycline.html no prescription Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ երեք սրբապատկերներու եւ գաւիթի նոր դրան ապակէնկարի օծումը։ *** “ՀԱՅԱՍՏԱՆ” ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ […]
Ֆեթհիէ Չեթին Ազգ. Առաջնորդարան Այցելեց
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակման մարմինին հրաւէրով Լոս Անճելըս իր այցելութեան առիթով, թուրք իրաւաբան, գրող եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ֆեթհիէ Չեթին Ուրբաթ, 14 Նոյեմբեր 2014ի կէսօրին այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցաւ Թեմիս ժողովականութեան անդամներու կողմէ: Հիւր իրաւաբանին կ’ընկերանային իր գործակիցներէն Տիկին Պեղրին Էսա, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի մարմինի ներկայացուցիչ Տիկին Ճէքի Թովմասեան, Պոլսահայ Միութեան ներկայացուցիչ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլաք Աւետիքեան […]
Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Բ. Ժողով Ս. Էջմիածինի Մէջ
11-13 Նոյեմբեր 2014-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, գումարուեցաւ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց հերթական ժողովը: Ժողովին կը մասնակցէին Հայ Եկեղեցւոյ 61 արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ: Ժողովին մասնակցեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ […]
Հոգեհանգիստ՝ Արցախի Ուղղաթիռի Դէպքին Նահատակներուն Հոգիներուն Համար
Չորեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2014ին, Արցախի սահմանային գօտիին մէջ, Աղտամի մօտ, ազերիական կրակոցներու հետեւանքով ջախջախուած է հայկական ուղղաթիռ մը եւ անոր մէջ գտնուող երեք զինուորականները զոհ գացած են այս ոտնձգութեան: Ուղղաթիռը զինուած չէր ու վարժութեան փորձ մը կը կատարէր: Զոհուեցան անոր մէջ գտնուող երեք զինուորականները՝ Սերգէյ Սահակեան, Սարգիս Նազարեան եւ Ազատ Սահակեան: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն […]
Prelate Salutes Glendale City Council Vote on Armenian Genocide Museum/Memorial
This post is only available in English
Առաջնորդ Սրբազանը Անթիլիաս եւ Ս. Էջմիածին Մեկնեցաւ
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երկուշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2014ին մեկնեցաւ Անթիլիաս, Լիբանան, միանալու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի եպիսկոպոսական դասին, Ս. Էջմիածինի մէջ մասնակցելու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Բ. Ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 11էն 13 Նոյեմբերին, նախագահութեամբ մեր զոյգ հայրապետներուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի […]
Ֆրեզնոյի Համալսարանի Տարածքին Մէջ Կառուցուելիք Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յուշակոթողի Հողօրհնէք
Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի Ֆրեզնոյի յանձնախումբին հրաւէրով ու նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, 2 Նոյեմբեր 2014ի յետմիջօրէին, Ֆրեզնոյի համալսարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողի հողօրհնէքի արարողութիւնը, ձեռամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Ներկայ էին պետական, քաղաքական ու ակադեմական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ ներկայացուցչական անձնաւորութիւններ ու բազմաթիւ հիւրեր: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. […]
Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցին Իր 100-ամեակը Տօնեց Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով ու Պաշտօնական Հանդիսութեամբ
Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար, Նոյեմբերի առաջին շաբաթավերջը եղաւ պատմական հանգրուան մը. արդարեւ, շրջանի հայութիւնը եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով եւ պաշտօնական հանդիսութեամբ տօնեց եկեղեցւոյ օծման 100րդ տարեդարձը եւ վերանորոգեց քրիստոնէական մեր հաւատքին ու ազգային աւանդներուն հաւատարմութեան իր ուխտը: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Շաբաթ, 1 Նոյեմբեր 2014ի յետմիջօրէին ժամանեց Ֆրեզնօ, նախագահելու […]
Առաջնորդ Սրբազանը Կ’այցելէ Ֆրեզնոյի Նորանշանակ Պատւոյ Հիւպատոսին
Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրեզնոյի մէջ վերջերս բացուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատւոյ Հիւպատոսարան: Շաբաթ 1 Նոյեմբեր 2014-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ հարիւրամեակի տօնակատարութեան մասնակցելու համար Ֆրեզնօ իր այցելութեան առիթով, այցելութիւն մը տուաւ Հ.Հ. Պատւոյ Հիւպատոսարանը: Սրբազան Հօր կþընկերանային Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեանն ու Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ […]
Առաջնորդ Սրբազան Ներկայ Եղաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Ճաշկերոյթին
Կիրակի, 2 Նոյեմբերի երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ճաշկերոյթին եւ կատարեց բացման աղօթքը: Ներկայ էին Կրօնական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան եւ Տիկնանց Միութեան անդամներ։ Տարեկան այս ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ “Պեվըրլի Հիլթըն պանդոկին մէջ, անգամ մը եւս պատուուեցան մեր ազգին եւ դատին աջակցող անձնաւորութիւններ ու նուիրեալ ծառայողներ: Առաջնորդ Սրբազանը […]