2014 Լուրերու Արխիւ
Շաբաթական Լուրեր – 31 Հոկտեմբեր 2014
*** ՖՐԵԶՆՈՅԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՄԱՆ 100ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ Այս շաբաթավերջին, Ֆրեզնոյի ծխական համայնքը պաշտօնական հանդիսութեամբ եւ եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով կը տօնէ Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ օծման 100ամեակը։ Շաբաթ, 1 Նոյեմբեր 2014ի երեկոյեան, տեղի պիտի ունենայ 100ամեակի կալա ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Կիրակի առաւօտ, Առաջնորդ Սրբազանը Եպիսկոպոսական […]
Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Օծման 51-րդ Տարեդարձին Առթիւ Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք
Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2014-ը Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար եղաւ ուրախութեան ու յիշատակելի օր մը։ Արդարեւ, այդ օր եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագով նշուեցաւ եկեղեցւոյ օծման 51-րդ տարեդարձը։ Պատարագեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձրշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան։ Ս. խորանին սպասարկեցին շրջանիս հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան եւ […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաի Արարատ Տան Հոգաբարձու Մարմինի Ժողովին
Ընդառաջելով Արարատ Տան Հոբաբարձու Մարմինի ատենապետ Տիար Յովսէփ Կանիմեանի հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2014ի երեկոյեան, ներկայ եղաւ հոգաբարձութեան ամսական նիստին, աղօթքով կատարեց նիստին բացումը եւ ուղղեց իր պատգամը: Տիար Կանիմեան ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանին ներկայութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս հաստատութեան հետեւողական զօրակցութեան համար: Առաջնորդ Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, […]
Շաբաթական Լուրեր – 24 Հոկտեմբեր 2014
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 51-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2014ին, Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ, Եկեղեցւոյ 51րդ տարեդարձին առիթով։ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ, մատաղօրհնէք պիտի կատարէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան։ Պատարագէն ետք, մատաղի օրհնութիւնը տեղի […]
Ազգ. Առաջնորդարանի “Յարութ Պարսամեան” Հիմնադրամը Կրթանպաստ Կը Տրանադրէ Հինգ Ուսանողներու
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ հաստատուած “Յարութ Պարսամեան Հիմնադրամ”ի Յանձնախումբը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, սերտելէ ետք կրթանպաստի դիմում ներկայացուցած երկու տասնեակ ուսանողներու դիմունագրերը, որոշեց ուսումնական ընթացիկ տարեշրջանին համար կրթանպաստ տրամադրել հինգ ուսանողներու, նկատի ունենալով անոնց ձեռք բերած փայլուն արդիւնքները եւ ընտանեկան պայմանները։ Սրբազան Հօր կողքին, յանձախումբին մաս […]
Սուրիոյ Հայութեան Ի Նպաստ՝ Շամլեան Վարժարանի Աշակերտներու Քայլարշաւը Դէպի Ազգ. Առաջնորդարան
Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի աշակերտները Չորեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2014ի առաւօտուն անգամ մը եւս շէնցուցին Ազգային Առաջնորդարանի յարկը, իրագործելով յատուկ ուխտ մը: Սուրիոյ հայութեան եւ յատկապէս մեր դպրոցներուն աջակցութիւն տրամադրելու վարժարանին նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, կազմակերպուած էր հանգանակային քայլարշաւ մը. 4րդ, 5րդ եւ 6րդ կարգի աշակերտները քալելով հասան Ազգային Առաջնորդարան եւ դիմաւորուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ […]
Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Մշակութային Կեդրոնի եւ “Գուճաքեան” Սրահի Պաշտօնական Բացում
“Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շինութիւնն ու Մշակութային Կեդրոնի ծրագիրին ամբողջացումը իր լրումին կը հասցնէ Լաս Վեկասի հայութեան հոգեւոր այս տան շինարարութիւնը, սակայն սա չի նշանակեր, թէ գործը ամբողջացած է. ընդհակառակն, սկսուած գործը պէտք է շարունակուի յարատեւօրէն, աննահանջ թափով. եկեղեցւոյ պայծառութիւնը կը պահպանուի, Հայ Կեդրոնի մշակութային ջահը վառ կը մնայ՝ պայմանաւ որ նուիրեալ ծառայութիւնը շարունակուի եւ այս […]
Ազգային Առաջնորդարանը՝ Նաեւ Facebook-ի Վրայ
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.buy intagra online pavg.net/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/intagra.html no prescription Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգային Վարչութիւնը ուրախ են յայտնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան մասին կարելի է լուրերու հետեւիլ նաեւ համակարգչային Facebook դրութեան ճամբով: Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը, որ հետեւի այս էջին, www.facebook.com/WesternPrelacy, եւ զայն տարածէ բարեկամներու շրջանակին մէջ:
Բարձր. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան Արեւմտեան Թեմին Իր Այցելութիւնը Աւարտեց Պատարագելով Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հրաւէրով, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան Կիրակի, 19 Հոկտեմբերի 2014ին Ս. Պատարագ մատուցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, իր լրումին հասցնելով մեր Թեմին տուած իր աւելի քան մէկ շաբթուան այցելութիւնը: Ինչպէս ծանօթ է, հիւր Սրբազանը մեր Թեմը ժամանած էր յատուկ առաքելութեամբ, զօրակցութիւն ապահովելու համար […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ “Հայաստան” Համահայկական Հիմնադրամի Կալայի Մեկնարկին
“Հայաստան” Համահայկական Հիմնադրամը յառաջիկայ Նոյեմբերին պիտի ունենայ իր տարեկան թելեթոնը, որուն պաշտօնական ընդունելութեան՝ կալային համար մեկնարկի ձեռնարկը կազմակերպած էր Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Կլենտէյլի “Ֆենիսիա” ճաշարանին մէջ: Պատւոյ հիւրն էր Արցախի փոխ վարչապետ Զօր. Արթիւր Աղաբէկեան: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ մեկնարկի հանդիպումին եւ իր շնորհաւորական խօսքը ուղղելով՝ վերահաստատեց մեր […]
Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանն ու Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը Այցելեցին Ազգ. Շամլեան Վարժարան
Մեր Թեմի Ազգային Վարժարաններ այցելութիւններու շարքին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. Վարչութեան փոխ-ատենապետ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեանի, Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբերին այցելեցին Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանը, որուն մուտքին, ջերմօրէն դիմաւորուեցան տնօրէնութեան, անձնակազմին եւ աշակերտներուն կողմէ: Վարժարանի տնօրէնուհիին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի եւ […]
Ժողովրդային Հանդիպում Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին Հետ
Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում մը, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ եւ “Սուրիոյ Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմին”ի ատենապետ Բարձր. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի հետ, ներկայութեամբ աւելի քան 600 հայորդիներու։ Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական Յարանուանութեանց Հոգեւոր Առաջնորդներուն, եւ կազմակերպուած էր գաղութիս Սուրիահայութեան […]
Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանն ու Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը Այցելեցին Ազգ. Ֆերահեան Վարժարան
Յատուկ առաքելութեամբ մեր Թեմը այցելող Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2014ի առաւօտեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հետ այցելեց Ազգային Ֆերահեան Վարժարան եւ հանդիպում ունեցաւ վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան հետ: Ներկայ էին Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգային […]
Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանըին Հրաւէրով Շահան Սրբազանի Ի Պատիւ Ընդունելութեան Առիթով – Արեւմտեան Մեր Թեմը Զօրակցութիւն Կ’արտայայտէ Սուրիոյ Հայութեան եւ Հայկական Դպրոցներուն
Արեւմտեան մեր Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահը Երեքշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2014ի երեկոյեան ժամադրավայրը եղաւ շրջանիս ներկայացուցչական դէմքերու եւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի միջեւ, որ, ինչպէս ծանօթ է, յատուկ առաքելութեամբ մը հիւրաբար մեր գաղութը կը գտնուի: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ եւ […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Գտնուեցաւ Ազգ. Բարերար Հէնք Խաչատուրեանի Զաւակներուն Յիշատակի Ձեռնարկին եւ Այցելեց Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Վարժարան
Երկուշաբթի, 13 Հոկտեմբերին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի ունեցաւ Տէր եւ Տիկին Հէնք եւ Ռիթա Խաչատուրեաններու վաղամեռիկ զաւակներուն՝ Ճերըլտի եւ Մարքի յիշատակին նուիրուած տարեկան մրցաշարքը, որուն հասոյթը կը տրամադրուի բարեսիրական նպատակներու։ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ մրցանակաբաշխութեան ընթրիքին, կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց իր ողջոյնի խօսքը։ “Բոլորս հոս կը գտնուինք միեւնոյն նպատակին համար՝ մեր յարգանքը մատուցելու Ճերըլտի […]