2014 Լուրերու Արխիւ

Ս. Թարգմանչաց եւ Հայ Մշակութային Ամսուան Տօնակատարութիւն Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Հոկտեմբեր ամիսը հայ ժողովուրդի մշակութային կեանքէն ներս կը յատկանշուի որպէս հայ մշակոյթի ու ազգային պատկանելիութեան պահպանումը խորհրդանշող ամիս մը։ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը, որ կը նշուի Հոկտեմբեր ամսուն, իր մէջ կը ներգրաւէ հայ ժողովուրդի պատմութեան գագաթնակէտ արժէք ունեցող՝ գիրերու գիւտն ու հայ դպրութեան սկիզբը։ Այս տօնը լաւագոյնս արժեւորելու միտումով, այս տարի եւս, տարիներու գեղեցիկ ու իմաստալից […]

Ս. Թարգմանչաց Նախատօնակ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբեր, 2014-ի երեկոյեան, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական Ս. Թարգմանչաց տօնի նախատօնակը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Արարողութեան ներկայ էին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան, որ հիւրաբար մեր Թեմը կը գտնուի, Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապաքեան եւ Թեմիս հոգեւորական դասը: Երեկոյեան ժամերգութեամբ եւ Թարգմանչաց Սուրբերու […]

Թարգմանչաց Տօնի Նախօրեակին – Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը Կ’այցելեն Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան եւ Լոս Անճելըս նոր ժամանած Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան, Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբեր, 2014-ի առաւօտեան այցելեցին Ազգային Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանը։ 6րդէն 12 դասարաններու աշակերտներն ու դաստիարակները հաւաքուած էին Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, որուն մուտքին տեղի ունեցաւ դիմաւորումը: Երկու Առաջնորդները […]

Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի “Հայ Տարեցներու Տարուան” Նուիրուած Ձեռնարկ

Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տարեսկիզբի պատգամին, որ 2014ը կը հռչակէր Տարեցներու Տարի, Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2014ին, կազմակերպած էր յատուկ հանդիսութիւն մը, որ ֆիզիքական սնունդի կողքին հոգեկան սնունդ ալ տրամադրեց աւելի քան 100 մասնակիցներուն, այսպէսով պահպանելով տարիներէ ի վեր հաստատուած բարի աւանդութիւն մը: Ճաշի սեղանի շուրջ դասախօսական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հ.Յ.Դ. “Զաւարեան” Կոմիտէի Ներկայացուցիչներուն Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.buy amoxicillin online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/amoxicillin.html no prescription Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2014ի յետմիջօրէին ընդունեց այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. “Զաւարեան” Կոմիտէի (Լա Քրեսենթայի շրջան) նորընտիր կազմի ներկայացուցիչներուն՝ Տեարք Հրայր Շիրիքեանի, Օննիկ Հայրապետեանի եւ Դոկտ. Գարմէն Օհանեանի: Հիւր ներկայացուցիչները Առաջնորդ Սրբազանին պարզեցին Կոմիտէի հանրօգուտ ծրագիրները՝ դաստիարակչական, մշակութային եւ ընկերային ծառայութեան մարզերուն մէջ: Խորհրդակցութիւնը ընդգրկեց […]

Շաբաթական Լուրեր – 10 Հոկտեմբեր 2014

Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄՍՈՒԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 11 Հոկտեմբեր 2014ը Սրբոց Թարգմանչաց տօնն է։ Այս առիթով, Կիրակի, 12 Հոկտեմբերին, Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօէ է, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Առաջին Պատուանշանները Շնորհեց Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Շրիգեանին ու Տիար Խաժակ Սարգիսեանին

Հոկտեմբերի առաջին շաբաթավերջը կրկնակիօրէն յիշատակելի օրեր եղան Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքին համար: Արդարեւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 5 Հոկտեմբերին Ս. Պատարագ մատուցեց եկեղեցւոյ մէջ, իսկ օր մը առաջ, Շաբաթ, 4 Հոկտեմբերի երեկոյեան, հանդիսապետեց եկեղեցւոյ Հովիւին ու հոգաբարձութեան կազմակերպած տարեկան ճաշկերոյթին, որ միաժամանակ երկու արժանաւոր ծառայողներու մեծարանքի […]

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան Պիտի Այցելէ Մեր Թեմը

Բերիոյ (Հալէպի) Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան պաշտօնական այցելութեամբ Արեւմտեան մեր Թեմը պիտի գտնուի Հոկտեմբեր 9էն 20 օրերուն եւ պիտի ըլլայ հիւրը Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ ազգային իշխանութեան: Հիւր Սրբազանին Լոս Անճելըս կեցութիւնը առիթ պիտի ըլլայ մօտէն ծանօթանալու Սուրիոյ ու յատկապէս շրջանի հայութեան վերջին երեք տարիներու տագնապալի վիճակին, […]

Շաբաթական Լուրեր – 3 Հոկտեմբեր 2014

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՍԱՆ ֆՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԵՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Այս շաբաթավերջին, Առաջնորդ Սրբազանը կը գտնուի Սան Ֆրանսիսքոյի ծխական մեր համայնքին հետ, Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ մատուցելու եւ եկեղեցւոյ տարեկան ձեռնարկին նախագահելու համար։ Կիրակի, 5 Հոկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Ս.buy kamagra generic https://noprescriptionbuyonlinerxx.com/kamagra.html over the […]

Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգ. Վարչութեան Ներկայացուցիչներ Մասնակցեցան Հայաստանի Անկախութեան Տարեդարձի Ընդունելութեան – Հանդիպում Դեսպան Տիգրան Սարգսեանի Հետ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներ Երեքշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2014ին մասնակից եղան Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան կողմէ կազմակերպուած Հայաստանի անկախութեան 23րդ տարեդարձի տօնակատարութեան, որ տեղի ունեցաւ երեկոյեան, Կլենտէյլի “Հիլթըն” պանդոկին մէջ, պաշտօնական ընդունելութեամբ մը, ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի նոր նշանակեալ լիազօր դեսպան Տիար Տիգրան Սարգսեանի: Առաջնորդ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ Տարեցներու Տարուան Նուիրուած Հանդիսութեան

Կիրակի, 28 Սեպտեմբեր 2014ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ֆրեզնոյի Ս.buy cialis strips online www.mydentalplace.com/wp-content/themes/twentytwelve/inc/en/cialis-strips.html no prescription Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Ս.buy tadalista online www.mydentalplace.com/wp-content/themes/twentytwelve/inc/en/tadalista.html no prescription Պատարագին եւ փոխանցեց իր պատգամը, ապա նաեւ նախագահեց “Տարեցներու Տարուան” նուիրուած ձեռնարկին: Նկատի ունենալով, որ այդ օրը Վարագայ Ս. Խաչի տօնն էր, Առաջնորդ Սրբազանը […]

Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Բարերաներու Գնահատանքի Երեկոյ

Հինգշաբթի, 18 Սեպտեմբերին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը ձեռնարկ մը կազմակերպած էր, գնահատելու համար այն բարերարները որոնք այս տարի լիաբուռն նուիրատուութիւններով մասնակից եղան եկեղեցւոյ բարեզարդման ու բարեփոխութիւններու աշխատանքներուն։ Ճաշկերոյթի բնոյթով ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Phoenicia ճաշասրահին մէջ, ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Ներկայ էր Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան։ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ կազմակերպիչ […]

Շաբաթական Լուրեր – 26 Սեպտեմբեր 2014

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՖՐԵԶՆՈՅԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ԵՒ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ Կիրակի, 28 Սեպտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Ս. Պատարագէն ետք, Հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ, Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբը կազմակերպած է Հայ Տարեցներու Տարուան նուիրուած ձեռնարկ մը, պատուելու համար գաղութի […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարին Տիկնոջ՝ Ռուզան Օհանեանի Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2014ի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Զօր. Սէյրան Օհանեանի տիկնոջ՝ Ռուզան Օհանեանի, որ Լոս Անճելըս ժամանած է հայ բժիշկներու ընկերակցութեան կազմակերպած միջազգային համագումարին առիթով: Տիկին Ռ. Օհանեանի կ’ընկերանային անոր հիւրընկալները՝ Տէր եւ Տիկին Տոքթ. Վարդգէս եւ Մէյրի Նաճարեան: Հանդիպումին ներկայ […]

Առաջնորդ Սրբազան Դատապարտեց Տէր Զօրի Նահատակաց Մատրան Ականահարումը

“Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր նահատակներուն յիշատակն ու անոնց կտակին յանձնառութիւնը ոչ մէկ ձեւով կրնան աղարտիլ ու տկարանալ՝ Տէր Զօրի Նահատակաց Մատրան ականահարման դէպքին հետեւանքով. նման ոճրային ու բարբարոս արարքներ մեզ առաւել եւս կ’ամրապնդեն, որպէսզի արթնութեամբ շարունակենք պահանջատիրութեան երթը եւ Ցեղասպանութեան 100ամեակը վերածենք մեր արդար Դատի կենսագործման պատմական հանգրուանի”, յայտարարեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022