2016 Լուրերու Արխիւ

Բժիշկ Կ. Հարպոյեանի Հատորներուն Ողջունահանդէսը՝ Մայրենիի Գանձարանին Պանծացման Առիթ

Հաւատարիմ մնալով Հայ Գիրքի ու մշակոյթի արժէքը բարձր պահելու իր տարիներու աւանդութեան, Ազգային Առաջնորդարանը Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2016ի երեկոյեան, «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ հիւրընկալեց ծանօթ բժիշկ, ազգային գործիչ ու մամուլի ծառայող Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանի նորագոյն երկու գործերուն՝ «Բժիշկին Խօսքը-Գ.» եւ «Բժիշկին Խօսքը-Դ.» հատորներուն ողջունահանդէսը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. […]

Շաբաթական Լուրեր – 11 Նոյեմբեր 2016

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ – ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2016ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը սարկաւագներու ձեռնադրութիւն պիտի կատարէ. […]

Prelate Presides over Divine Liturgy at St. Garabed Church and Delivers Message to Sunday School Students

This post is available in English only

Առաջնորդ Սրբազան կը Շնորհաւորէ Զօր. Միշէլ Աունի Լիբանանի Նախագահ Ընտրութիւնը

Լիբանանի մէջ Զօր. Միշէլ Աունի նախագահ ընտրութեան ի լուր (Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբերին), Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան շնորհաւորանքի հեռագիր մը յղեց Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի, եւ յանուն Արեւմտեան մեր Թեմի մեծ ընտանիքին եւ Ամերիկայի լիբանանեան գաղութին՝ իր շնորհաւորանքը հաղորդեց անոր: «Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ Լիբանանի վրայ լոյսի […]

Շաբաթական Լուրեր – 4 Նոյեմբեր 2016

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 6 Նոյեմբեր 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը: *** ՈՂՋՈՒՆԱՀԱՆԴԷՍ՝ ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆԻ «ԲԺԻՇԿԻՆ ԽՕՍՔԸ» ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒՆ Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ […]

Բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի Ծննդեան 100-ամեակի եւ Գրական Վաստակի 50-ամեակի Յոբելեան

Լոս Անճելըսի հայ գաղութը, իր կրօնական ու մշակութային աւագանիով ու մշակութասէրներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ, Կիրակի, 30 Հոկտեմբերի 2016 երեկոյեան, Կլենտէյլի Երիցական Եկեղեցւոյ սրահին մէջ արժանի շուքով տօնակատարեց բազմավաստակ բանաստեղծ, մտաւորական եւ դաստիարակ Ժագ Ս. Յակոբեանի ծննդեան 100րդ տարեդարձը, որ նաեւ կը նշէր հայ գրաւոր մշակոյթի անդաստանին անոր ծառայութեան 80րդ տարեդարձը: Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր «Մաշտոց» […]

Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցին կը Տօնախմբէ Օծման 53-րդ Տարեդարձը

Էնսինոյի հայ համայնքը այս տարի կը տօնէ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ օծման 53-րդ տարեդարձը։ 1963-ին էր, որ Աստուծոյ նախախնամութեամբ եւ հիմնադիրներու ջանասիրութեամբ այս համայնքը օժտուեցաւ շքեղ եկեղեցիով մը: Այս առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2016-ին, Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ Ուրբաթ երեկոյեան, […]

Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Տարեկան Ճաշկերոյթ

Շաբաթ, 29 Հոկտեմբեր 2016-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, տեղի ունեցաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը՝ «Կրէյթ Սիզըր» սրահին մէջ: Ճաշկերոյթին ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն՝ Տիար Աւօ Քէշիշեան եւ Տիկին Թերէզ Քէմանճեան, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ եւ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի թեկնածու Տիար Էնթընի Փորթանթինօ, միութենական ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ […]

Դանիացի Միսիոնարուհի Մարիա Ճէյքըպսընի Յիշատակը Անմահացնող Յարգանքի եւ Երախտագիտութեան Հանդիսութիւն

Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016-ին, Կլենտէյլի Երիցական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն մազապուրծ ճողոպրած հայ որբերու պատսպարման եւ դաստիարակութեան անձնուէր առաքելութեան մէջ իր իւրայատուկ տեղն ու դերը ունեցած որբերու «Մամա» եւ Ճիպէյլի Թռչնոց Բոյնի հիմնադիր, Դանիացի միսիոնարուհի՝ Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակը անմահացնող յարգանքի եւ երախտագիտութեան հանդիսութիւնը։ Ձեռնարկը Երաժշտական Համերգ մըն էր, Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակին, ղեկավարութեամբ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Հայաստանի Անկախութեան 25-ամեակի Ընդունելութեան

Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2016-ին, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիար Սերգէյ Սարգիսով կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 25-ամեակին առիթով, որ տեղի ունեցաւ «Beverly Hilton» պանդոկին մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուեցաւ ընդունելութեան եւ փոխանցեց իր շնորհաւորանքները։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ […]

Շաբաթական Լուրեր – 28 Հոկտեմբեր 2016

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՄԱՆ 53-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Այս շաբաթավերջին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցին պիտի տօնէ եկեղեցւոյ օծման 53-րդ տարեդարձը։ Այս առիթով, Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը փոխանցէ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ […]

Միջնադարու Հայ Արուեստի Գլուխ Գործոց «Զէյթունի Աւետարան»ի Ցուցադրութիւնը «Կեթի» Թանգարանին Մէջ

«Կեթի» թանգարանի ձեռագրաց բաժանմունքի աւագ գիտաշխատող՝ Դոկտ. Էլիզապէթ Մօրիսընի հրաւէրով, Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիար Սերգէյ Սարգիսով, Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկի տնօրէն՝ Դոկտ. Հայկ Տեմոյեանն ու Թեմիս Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեանը այցելեցին «Կեթի» թանգարան, ուր հրապարակաւ կը ցուցադրուի […]

Դոկտ. Հայկ Տեմոյեանի Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան

Շաբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկի տնօրէն՝ Դոկտ. Հայկ Տեմոյեանին։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան անցեալ տարի կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակութեան ձեռնարկներն ու «Երրորդ Հանրապետութեան վե՞րջը, ինչ կարելի է ակնկալել Հայաստանի ապագայի մասին» դասախօսական նիւթը, որ պատուարժան հիւրը պիտի ներկայացնէր […]

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ուսուցչական Կազմերու Միօրեայ Սեմինար

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Թեմիս Կիրակնօրեայ Վարժարաններու վերահսկող մարմնի, Շաբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2016-ին, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ Մշակոյթի Ամսուան նուրիուած Կիրակնօրեայ Վարժարաններու ուսուցչական կազմերու միօրեայ սեմինար մը։ Հաւաքը սկիզբ առաւ «Կիրակամտից» ժամերգութեամբ, որ տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ […]

«Ծառայութեան Տարուան» Աոթիւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցին կը Մեծարէ Գաղութի Նուիրեալները

«Ծառայութեան Տարուան» առիթով, Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը ազնիւ գաղափարը յղացած էին մեծարանքի երեկոյ մը կազմակերպելու, ի պատիւ՝ Ս. Կարապետ Եկեղեցեւոյ ընտանիքի, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի, «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան, Ռաֆֆի Ռումանահայ Մշակութային եւ Հայրենակցական Միութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Օ.Մ.ի, Կիրակնօրեայի, Երգչախումբի եւ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան երկար տարիներ ծառայութիւն մատուցած նուիրեալներուն: Ձեռնարկը […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022