2019 Լուրերու Արխիւ

Համազգայինի Մշակութային Նախաձեռնութիւնները

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան, անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մշակութային բեղուն գործունէութիւն։ Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2019-ին, Փասատինայի Հայ Կեդրոնին մէջ ներկայացուեցաւ Ճաբոնի մօտ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դեսպան Տիանա Աբգարի նուիրուած վաւերագրական շարժապատկերի ցուցադրութիւնը։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ձեռնարկին ներկայ եղաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։ Ներկայ էին Լոս Անճելըսի […]

Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի 2-րդ Տարեկան Ճաշկերոյթը

Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2019-ին, Հայ-Ամերիկեան թանգարանի 2-րդ տարեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ «Beverly Hilton» պանդոկէն ներս, մասնակցութեամբ հոգեւոր առաջնորդներու, պետական պաշտօնակատարներու, գաղութի ներկայացուցչական դէմքերու, բարերարներու ու բարեկամներու։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան, Ազգ. Վարչութեան […]

Գնահատանքի Երեկոյ՝ Ի Պատիւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Նորոգ Ձեռնադրեալ Չորս Սարկաւագներուն

Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2019-ին, «Ֆենիսիա» ճաշարանէն ներս տեղի ունեցաւ գնահատանքի երեկոյ՝ ի պատիւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորոգ ձեռնադրեալ չորս սարկաւագներուն՝ Յարութիւն Օհաննէսեանի, Մելվին Արզումանեանի, Գօգօ Գազանճեանի եւ Վահիկ Եղիայեանի։ Նշենք, որ սարկաւագաց ձեռնադրութիւննը տեղի ունեցած էր Կիրակի, 20 Հոկտեմբերին, ձեռամբ՝ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի։ Ձեռնարկին ներկայ էին Առաջնորդական Փոխանորդ […]

Առաջնորդ Սրբազան Այցելեց Շ. եւ Է. Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարան

Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ճաշկերոյթ-Տօնավաճառ

Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ճաշկերոյթ-տօնավաճառը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Brandview Ballroom ճաշասրահէն ներս, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարուհի՝ Տիկին Գոհար Սիւլահեանի։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Արժ. […]

«Տէր Ողորմեա»ի Աղօթք Հայաստանի Երկրաշարժի 31-րդ Տարելիցին Առթիւ

7 Դեկտեմբեր 2019-ը Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժին 31-րդ տարելիցն է, որուն պատճառով զոհուեցան աւելի քան 25,000 հայորդիներ եւ աւերակ դարձան Սպիտակը, Գիւմրին, Վանաձորն ու յարակից շրջանները։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ, Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք պիտի բարձրացուի երկրաշարժի անմեղ զոհերու յիշատակին։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Օրէնճ […]

Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան Գոհաբանութեան Օրուան Ճաշկերոյթ

Երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2019-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան կազմակերպած Գոհաբանութեան օրուան աւանդական ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ճաշկերոյթին ներկայ եղան Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան եւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ […]

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Թելեթոնի Նախօրեակին՝ Արցախի Առաջնորդն ու Պատուիրակութիւնը Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2019-ին, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի թելեթոնի նախօրեակին, Արցախի բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը՝ յանձինս Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզի հարցերու նախարար Նարինէ Աղապալեանի եւ ընկերակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Տիար Ռոպէրթ Աւետիսեանի, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տիկին Մարիա Մեհրանեանի ու […]

Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ՀՕՄ-ի «Մայր» Մասնաճիւղի Գոհաբանութեան Օրուան Ճաշկերոյթին

Կիրակի, 24 Նոյեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ս. Պատարագը մատուցանեց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։ Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց ՀՕՄ-ի «Մայր» մասնաճիւղի կազմակերպած աւանդական Գոհաբանութեան ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ։ […]

Առաջնորդ Սրբազանը ֆրեզնոյի Մէջ «Ag One Community Salute» Ձեռնարկի Բացման Աղօթքը Կատարեց

Ուրբաթ, 22 Նոյեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան մեկնեցաւ Ֆրեզնօ՝ բացման աղօթքը կատարելու եւ իր պատգամը փոխանցելու «Ag One Community Salute» ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր Ֆրեզնոյի Նահանգային Համալսարանի «Ag One» հիմնարկին կողմէ։ Երկամեայ դրութեամբ տեղի ունեցող ձեռնարկին նպատակն է հանգանակութիւն կատարել՝ ի նպաստ Ֆրեզնոյի Նահանգային Համալսարանի գիւղատնտեսական ծրագիրներուն եւ ուսանողներուն։ Այս […]

Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի 45-ամեակի Ճաշկերոյթ

Ուրբաթ, 22 Նոյեմբեր 2019-ին, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Ազգ. Վահան եւ ԱՆոյշ Շամլեան վարժարանի հիմնադրութեան 45-ամեակի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Փասատինայի «Langham» պանդոկէն ներս, «Առաջնորդենք, տօնենք, կառուցենք» նշանաբանով։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին եւ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան […]

Հայ Մշակութային Հաստատութեան Գոհաբանութեան Օրուան Ընթրիք՝ ի Նպաստ «Ասպարէզ» Օրաթերթին

Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2019-ին, Կլենտէյլի «Phoenicia» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Մշակութային Հաստատութեան Գոհաբանութեան Օրուան նուիրուած հանգանակային ընթրիքը՝ ի նպաստ «Ասպարէզ» օրաթերթին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ եւ կատարեց բացման աղօթքը։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիան եւ անդամներ, քոյր միութեանց […]

Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան Բարերար Ամոլը Գլխաւոր Հովանաւոր՝ «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիք»ին

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովը, Ազգ. Վարչութիւնն ու Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը ուրախ են յայտարարելու, որ ազգային բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլը ստանձնած է «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիք»ի գլխաւոր հովանաւորութիւնը։ Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան օրը, Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2020-ին, […]

Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ճաշկերոյթ-Տօնավաճառ

Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի կազմակերպած Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ճաշկերոյթ-տօնավաճառը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Brandview Ballroom ճաշասրահէն ներս, առաւօտեան ժամը 11:30-էն սկսեալ։ Ձեռնարկը տեղի կ’ունենայ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարուհի՝ Տիկին Գոհար Սիւլահեանի։ Տոմսերու համար կարելի է […]

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 22-րդ Տարեկան Թելեթոն

Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2019-ին, Գոհաբանութեան օրը, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 22-րդ տարեկան թելեթոնը պիտի հեռարձակուի առաւօտուան ժամը 10։00-էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 8։00։ Առաջին չորս ժամերը պիտի սփռուի Երեւանէն։ «Ես իմ անուշ Հայաստանի» նշանաբանով այս տարուան Թելեթոնի հասոյթը պիտի տրամադրուի Արցախի ինչպէս նաեւ Տաւուշի, Լոռիի եւ Շիրակի շրջաններուն մէջ ոռոգման գերժամանակակից ցանցեր ստեղծելու, ըմպելի ջուր մատակարարելու […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022