«Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարուան» Հայրապետական Պատգամի Ընթերցում Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ
Կիրակի, 12 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարուան» պատգամը ընթերցուեցաւ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, ներկայ հաւատացեալները հաղորդակից դարձուց Նորին Սրբութեան պատգամին եւ միաժամանակ կոչ ուղղեց մեր […]
2020 – Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային Իշխանութեանց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգ. իշխանութիւնները եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։ Խոր գոհունակութեամբ կ՚ուզենք հաստատել, […]
«Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարուան» Հայրապետական Պատգամի Ընթերցում Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ
Ինչպէս ծանօթ է, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2020 տարին հռչակած է «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի»։ Կիրակի, 12 Յունուար 2020-ին, Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի ընթերցուի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. Պատարագին, ինչպէս նաեւ Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի […]
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Պաշտօնավարութեան Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան 25-րդ Ընթրիքը Պսակուեցաւ Յաջողութեամբ
– ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՏԱԽՏԱԿ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ՝ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻն ՎԱՐԱՆԴ ԵՒ ՀՈՒՐԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆՆԵՐՈՒՆ -ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ԾԽԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՔՍԱՆ ՀԻՆԳ ՏԱՐԻՆԵՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԱՏՈՒՑԱԾ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒ Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2020-ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքին շուրջ համախմբուեցան Արեւմտեան Թեմի մեծ ընտանիքը, հովանաւորներ, գաղութի ղեկավարներ […]
Ս. Պատարագ եւ Ջրօրհնէք Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով
Կիրակի, 6 Յունուար 2020-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը հանդիսաւոր Ս. Պատարագով եւ ջրօրհնէքի արարողութեամբ նշուեցաւ մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իր պատգամը յղեց եւ կատարեց Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Բազմահարիւր հաւատացեալներ ներկայ էին […]
Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցը Մեր Թեմի Եկեղեցիներէն Ներս
Կիրակի, 5 Յունուար 2020-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան նախօրեակին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Նշենք, որ նախքան Ս. Պատարագը, Կիրակնօրեայ վարժարանի սաները ընթերցեցին մարգարէական ընթերցուածները։ […]
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ՀՐԱՒԷՐ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ Եբրայեցւոց ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս Առաքեալ նորադարձ քրիստոնեաներուն կը պատուիրէ ըսելով՝ “չըլլայ որ փրկութեան ճամբէն հեռանանք” (2, 1)։ Անհրաժեշտ է արթնութեան ու զգաստութեան հրաւիրող Առաքեալին այս կոչը լուսարձակի տակ բերել ա՛յս օրերուն մանաւանդ, երբ կը պատրաստուինք հոգեւոր ցնծութեամբ դիմաւորելու աշխարհի Փրկչին ծնունդը։ Եկէք նախ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք վերոնշեալ երեք […]
Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Ջրօրհնէք Կլենտէյլի «Memorial» Հիւանդանոցին Մէջ
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020-ին, Կլենտէյլի «Memorial» հիւանդանոցին մէջ տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն՝ նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան, Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան, Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. […]
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Ջրօրհնէք «Արարատ» Տան Մէջ
Հինգշաբթի, 2 Յունուար 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի ու Թեմիս հոգեւոր դասուն, Նոր Տարուան առաջին այցելութիւնը տուին Միշըն Հիլզի «Արարատ» Տուն, բարեմաղթութիւններ փոխանցելու եւ Ս. Ծննդեան բարի լուրը աւետելու հաստատութեան հոգաբարձութեան, պաշտօնէութեան եւ բնակիչներուն։ Այցելութիւնը սկիզբ առաւ հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը […]
Ս. Ծննդեան Արարողութեանց Ժամանակացոյց
Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2020-ին, Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին պիտի նշէ Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Նկատի ունենալով, որ մեր եկեղեցւոյ կանոններուն համաձայն, նոյն օրը, նոյն խորանին վրայ երկու անգամ Ս. Պատարագ չի մատուցուիր, հետեւաբար, Ճրագալոյցին, Կիրակի, 5 Յունուարի առաւօտեան, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ ժամերգութիւն պիտի կատարուի, հոգեւոր հովիւները օրուան հոգեւոր պատգամը պիտի փոխանցեն […]