Նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Ընտանիքը

Երեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2020ի կէսօրին Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներուն, գլխաւորութեամբ՝ հոգեւոր հովիւ Արժն. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի: Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ անոնք փոխանցեն իրենց բարեմաղթութիւնները Առաջնորդ Սրբազանին եւ արտասանուած սրտի խօսքերուն ընդմէջէն ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեն ի խնդիր […]

Ի Պատիւ Նորընտիր Առաջնորդին Տէր Եւ Տիկին Աբօ Եւ Նորա Թաշճեան 1օ Հազար Տոլար Նուիրեց Ազգային Առաջնորդարանին

Երեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2020ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Տէր եւ Տիկին Աբօ եւ Նորա Թաշճեանի: Թաշճեան զոյգը Սրբազան Հօր փոխանցեց իր անկեղծ բարեմաղթութիւնները եւ այս առիթով Ազգային Առաջնորդարանին նուիրեց 10 հազար տոլար:  

Ի Պատիւ Նորընտիր Առաջնորդին Տէր Եւ Տիկին Վահէ Եւ Յասմիկ Յովակիմեան 1օ Հազար Տոլար Նուիրեց Ազգային Առաջնորդարանին

Երեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2020ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեանի եւ անոր ազնուափայլ Տիկնոջ՝ Յասմիկի: Յովակիմեան ամոլը նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին փոխանցեց իր անկեղծ բարեմաղթութիւնները եւ առ ի զօրակցութիւն Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազանին՝ Ազգային Առաջնորդարանին նուիրեց 10 հազար տոլար:

Առ Յաջակցութիւն Նորընտիր Առաջնորդին Տէր Եւ Տիկին Մհեր Եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան 15 Հազար Տոլար Կը Նուիրեն Ազգային Առաջնորդարանին

Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2020ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Ազգային Վարչութեան փոխ ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի եւ իր ազնիւ Տիկնոջ՝ Սաթիկի: Անոնք նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան Հօր փոխանցեցին իրենց անկեղծ բարեմաղթութիւնները, զօրակցութիւն յայտնեցին եւ այս առիթով Ազգային Առաջնորդարանին նուիրեցին 15 հազար տոլար, Սրբազան Հօր ծառայական […]

Առ Ի Զօրակցութիւն Նորընտիր Առաջնորդին Տէր Եւ Տիկին Կարօ Եւ Սօսէ Էշկիեան Ամոլը 15 Հազար Տոլար Կը Նուիրէ Ազգային Առաջնորդարանին

Չորեքշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2020ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը իր եպիսկոպոսական օծման կնքահայր՝ Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեանի: Էշկիեան զոյգը նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին փոխանցեց իր անկեղծ մաղթանքները եւ յականջալուր՝ Սրբազան Հօր նոր ծրագիրներուն եւ ի քաջալերումն անոր երիտասարդական աւիւնով շէնշող աշխատանքներուն, Ազգային Առաջնորդարանին […]

Արեւմտեան Ամերիկայի Հոգեւոր Առաջնորդները Շնորհաւորական Այցելութիւն Տուին Նորընտիր Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի

Չորեքշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2020ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Արեւմտեան Ամերիկայի հոգեւոր հայ առաջնորդները՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Գերպ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, Վեր. Պերճ Ճամպազեան, շնորհաւորական եղբայրական այցելութիւն մը տուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի: Անոնք իրենց աղօթաբոյր մաղթանքները փոխանցեցին Սրբազան Հօր եւ յաջողութիւն, ուժ եւ կորով մաղթեցին […]

«Գոհաբանութեան Տօնը Կը Նշենք Հայոց Ապագայ Յաղթանակներուն Համար». Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան

Չորեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2020ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Գոհաբանութեան Տօնին նուիրուած յատուկ արարողութիւն, նախագահութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու, սարկաւագաց դասին եւ դպիրներու: Գոհաբանական արարողութեան պաշտօնապէս ներկայ եղաւ Լոս Անճելըսի մէջ Հ.Հ. գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան: Ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան Թեմի Կրօնական Ժողովի, […]

«Արցախի Նահատակները Նուիրեցին Իրենց Առաւելագոյնը. Տա՛Նք Արցախահայութեան Մեր Լաւագոյնը» Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան

Հ.Հ. Վսեմաշուք Նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի միացեալ որոշումով 22 Նոյեմբեր 2020ը յայտարարուեցաւ «Արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր»: Մեկնած այս իրողութենէն, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի տնօրինումով Կիրակի, 22 Նոյեմբերին, […]

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Արդիւնաւէտ Ա. Հանդիպումը Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմնին Հետ

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Չորեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2020ին իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմնին: Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, Սրբազան Հօր այցելութիւնը արդիւնաւորուեցաւ հետեւեալ առումով. Ա. Նկատի ունենալով, որ Օժանդակ Մարմնի ատենապետ Ծովիկ Զէյթլեան մինչ այդ ընտրուած էր Ազգային Վարչութեան անդամ, Սրբազան […]

Արցախի Նահատակներու Յիշատակի Օր Եւ Հոգեհանգիստ

Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգսեան Ուրբաթ, 13 Նոյեմբեր 2020ին հեռաձայնային խորհրդակցութիւն ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի հետ, ապա իբրեւ արդիւնք հրապարակուեցաւ միացեալ որոշում, որուն հիմամբ 22 Նոյեմբեր 2020ը կը յայտարարուի «Արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր»: […]

Հոգեւորականաց Համագումար Արեւմտեան Թեմէն Ներս

Երեքշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2020ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց դասը ապրեցաւ յիշատակելի օր մը, նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս. Եպս․ Տօնոյեանի նախագահութեամբ ու հրաւէրով իրականացնելով հոգեւորականաց համագումար, որ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ: Սրբազան Հօր շուրջ խմբուած՝ հոգեւոր սպասաւորները իրենց կոչման գիտակից, առաջին հերթին […]

Հոգեւոր Նոր Յայտագիրներ Ազգային Առաջնորդարանէն

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ նախաձեռնութեամբ Գերշ. Տէր Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Առաջնորդ Արեւմտեան թեմի, Ազգային Առաջնորդարանը հաստատած է հոգեւոր երեք նոր յայտագիրներ՝ մասնաւորաբար հայ մատղաշ ու երիտասարդ սերունդներու մօտ հոգեւոր արթնութիւն յառաջացնելու եւ զանոնք Աստուծոյ ճամբան առաջնորդելու նպատակով: Մեր հաւատացեալները սոյն յայտագիրներուն կրնան հետեւիլ առցանց՝ Ազգային Առաջնորդարանի (Armenian Prelacy of the Western United States) Դիմատետրի […]

«Թող Յաւերժ Լոյս Ըլլայ» Ըսաւ Թորգոմ Սրբազան

Նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Չորեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2020ի երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, հայցելով Ամենաբարձրեալէն, որ երկնային լոյսով ողողէ Հայաստան-Արցախ աշխարհը եւ աստուածային ջերմութեամբ լուսաւորէ համայն հայ ժողովուրդի զաւակները՝ հայրենի եզերքէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ափեր: Հակառակ ցուրտ եղանակին եւ երեկոյ ըլլալուն, […]

«Զի Աստուած Ընդ Մեզ Է» Յիշեցուց Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան

Նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Չորեքշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2020, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ խաղաղութեան աղօթք՝ նուիրուած հայրենի եզերքին, հայոց բանակին եւ հայ ժողովուրդին, ներկայութեամբ հաւատացեալներու, որոնք հոգեպարար այս պահը անձկութեամբ ըմբոշխնեցին՝ յարգելով Լոս Անճելըս գաւառի ընկերային հեռաւորութեան բոլոր կանոնները: Փոխասացութեան նշանակալի մատուցմամբ հոգեւոր […]

Միջ-Համայնքային Աղօթք Ի Սէր Հայրենիքի Անսասանութեան

Երկուշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, Պըրպէնք, տեղի ունեցաւ միջ-համայնքային աղօթք ի սէր հայրենիքի անսասանութեան եւ խաղաղութեան վերահաստատման։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեմիս Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Եպս․ Տօնոյեան, Գերշ․ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեան, Գերշ․ Տ․ Միքայէլ Եպս․ Մուրատեան ու Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեան, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներ ու հաւատաւոր հայորդիք։ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022