Տեառնընդառաջի Աւանդական Տօնախմբութիւն Կլենտէյլի Մէջ – Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սկաուտական Խումբերու Աւանդական Հանդիպում


Հինգշաբթի, 13 Փետրուար, 2014-ի երեկոյեան, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման տօնը եւ տեղի ունեցաւ աւանդական հրավառութիւնը:

Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութեան: Հիւրաբար ներկայ էր Բերիոյ Թեմի նախկին Առաջնորդ Բարձր. Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեան: Արարողութեան մասնակից եղան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան, Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան Եւ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան ինչպէս նաեւ Արժ.
buy flexeril online https://www.adentalcare.com/wp-content/themes/medicare/fonts/engl/flexeril.html no prescription

Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պապօշեան եւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան: Ներկայ էին նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Ռիմա Պօղոսեան եւ Փոխ ատենապետ՝ Տիար Ճորճ Չորպաճեան: Տարիներու աւանդութեան համաձայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան եւ տեղական վարչութեանց ներկայացուցիչներն ու սկաուտական կազմերու խմբապետները մասնակից եղան օրուան տօնախմբութեան:

Արարողութիւնը սկսաւ երեկոյեան ժամերգութեամբ, որուն հետեւեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի հոգեպարար պահը, երբ Առաջնորդ Սրբազանը թափօրով հաւատացեալներու խուռներամ շարքերէն անցաւ, յատկապէս օրհնելով մանուկներն ու երեխաները: Օրուան հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Բարձր. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան հաւատացեալներուն փոխանցեց Տեառնընդառաջի պատգամը, բնաբան ունենալով Սիմէոն ծերունիին աղաչանքը. «Արդ արձակեա զծառայս քո, Տէր, ըստ բանի քում ի խաղաղութիւն, զի տեսին աչք իմ զփրկութիւն քո»: Քարոզիչ Սրբազան հայրը ԼՈՅՍ Քրիստոսը փառաբանելով, անդրադարձաւ Տեառնընդառաջի խորհուրդին եւ անոր կարեւորութեան մասին, ըսելով թէ. «Տէր Յիւսուս տաճար կու գար ընծայուելու, որպէս յաւիտենական լոյս՝ հոգիները լուսաւորելու, որպէս Քրիստոս՝ մեղաւորներուս դիմաց լոյսի ճանապարհ մը բանալու»:

Քարոզի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան հօր նախագահութեամբ, կատարուեցաւ անդաստան ու օրհնուեցան աշխարհի չորս ծագերը: Ապա «Քրիստոս Փառաց» տաղի երգեցողութեամբ Առաջնորդ Սրբազանի կողմէ խորանէն բերուեցաւ Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը, որմէ ներկայ հաւատացեալները իրենց մոմերն ու կանթեղները վառեցին, Քրիստոսի անմար լոյսը իրենց բնակարանները տանելու, որպէս մշտնջենական ճրագ իրենց ընտանիքին:

Տաղի երգեցողութեան ընթացքին, երիտասարդ մայրեր Տիրոջ տաճար ընծայման օրինակին հետեւելով, իրենց մանուկները բերին, որպէսզի Ս. Սեղանին ընծայուին եւ Տիրոջ օրհնութիւնները ստանան հոգելից արարողութեան ընդմէջէն:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հօր առաջնորդութեամբ եւ հոգեւորականաց դասու մասնակցութեամբ, շարականներու երգեցողութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր հաւատացեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ աւանդական խարոյկի հրավառութիւնը, որմէ ետք սարկաւագները, դպիրներն ու հաւատացեալները ազգային եւ հայրենասիրական երգերու խանդավառ մթնոլորտով, խարոյկին շուրջ դարձան միշտ ի մտի ունենալով Քրիստոսի յաւիտենական լոյսը եւ երեկոն իր աւարտին հասաւ »Կիլիկիա« մաղթերգով:

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, եկեղեցական արարողութեան եւ հրավառութեան աւարտին, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջանային վարչութեան հիւրընկալութեամբ, ներկայ հոգեւորականաց դասը, Ազգային Վարչութեան ներկայ անդամները եւ սկաուտական կազմը «Արմէնակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուեցան եւ մտերմիկ երեկոյ մը ունեցան:

Ընթրիքի ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ Առաջնորդ Սրբազան հօր յանձնեցին ձեռագործ յուշանուէր մը, ի նշան երախտագիտութեան: Այս առիթով Սրբազան հայրը բոլոր ներկաներուն բաժնեց աղօթքներ:

Ընթրիքի մտերմիկ պահուան ընթացքին, խօսք առին Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ եղբ. Գառնիկ Աբրահամեան, Ազգային վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Ռիմա Պօղոսեան եւ շրջաններու խմբապետական կազմերու ներկայացուցիչներ:

Երեկոն իր աւարտին հասաւ Սրբազան հօր գնահատանքի խօսքով եւ օրհնութեամբ, որուն ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը իր գոհունակութիւնը յայտնեց աւանդական եւ մտերմիկ համախմբումին համար եւ Տեառնընդառաջի խորհուրդով լի մաղթեց իբրեւ մեր լոյս հաւատքի ժառանգորդները, մեր եկեղեցւոյ եւ ազգի զաւակներու մեր ծառայութեամբ լոյս- Քրիստոսի շողերն ու ճառագայթները հանդիսանալու ուխտը վերանորոգելու: Ապա Սրբազան հայրը պահպանիչ աղօթքով օրհնեց ներկաները, ու «Յառաջ նահատակ» քայլերգով եզրափակուեցաւ երեկոն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022