Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի երեք յարանուանութեանց ու կուսակցութեանց, Կիրակի, 24 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Փասատինա Քոլէճի «Սեքսըն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի գաղութային միացեալ տօնախմբութիւնը։
Հանդիսութիւնը սկսաւ Հ.Մ.Մ.-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու դրօշակի արարողութեամբ։ Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբի կատարողութեամբ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց Անուշ Կակուա։ Յանուն հայկական երեք յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներուն՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Գերպ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի եւ Հայ Աւետ. եկեղեցիներու միութեան հովիւ Վեր. Պերճ Ճամպազեանի՝ պատգամ մը ուղղեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ Պատգամը լուսարձակի տակ կ’առնէր Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդի պայմանները եւ հարիւրամեայ անժամանցելի պատգամը։
Հայկական երեք կուսակցութեանց գաղութիս կեդրոնական մարմիններուն անունով խօսք առին յաջորդաբար՝ Լենա Մանուկեան (Ս.Դ.Հ.Կ.), Ռազմիկ Հարուն (Հ.
buy synthroid online gilbertroaddental.com/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/synthroid.html no prescription
Յ.Դ.) եւ Հրաչ Սեփէթճեան (ՌԱԿ)։ Անոնք արժեւորեցին 100 տարի առաջ հիմնուած Հայաստանի Հանրապետութեան տեղը՝ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, շեշտեցին անոր ուղղակի շարունակութիւնը եղող՝ ներկայ հանրապետութեան զօրակից ըլլալու հայութեան միասնական կամքը, որուն մէկ արտայայտութիւնն է այս միացեալ հանդիսութիւնը։
Ցուցադրուեցաւ Ա. Հանրապետութեան նուիրուած պատմական ժապաւէն մը։ Յայտագիրը ունէր գեղարուեստական բաժին։ Ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Անի» պարախումբը, «Զուարթնոց» պարային համոյթը, Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբը, հայրենի արուեստագէտ Սալբի Մայիլեան, Յարութ Յակոբեան եւ Գագիկ Պատալեան։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ փակման աղօթքով եւ «Սարդարապատ»ի խմբերգումով։