Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Առիթով՝ Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը Կիրակի, 27 Մայիսին յատուկ արարողութիւններով յիշատակուեցաւ Արեւմտեան մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ։ Տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն, վեր առնուեցաւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերէն ծնած Հանրապետութեան կերտիչներուն պատմակերտ դերակատարութիւնը եւ մեր ժողովուրդը վերանորոգեց հիմնադիրներուն կտակին հաւատարմութեան ուխտը։ Նկատի ունենալով, որ Հանրապետութեան հիմնադրութեան տօնը կը զուգադիպէր Միացեալ Նահանգներու Յիշատակի օրուան շաբաթավերջին ¤Memorial Day), աղօթք բարձրացուեցաւ նաեւ այս հայրենիքին համար ինկած զոհերուն յիշատակին։ Առաւել, ընդառաջելով Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի խնդրանքին, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք բարձրացուեցաւ Հիմնարկին խնամքը վայելողներուն ու ծառայողներուն համար։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ Եռագոյնի օրհնութեան հոգեպարար արարողութիւնը կատարեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ. Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան եւ սարկաւագները։ Ներկայ էին Քոնկրէսի անդամ Պրէտ Շըրմըն, նահանգային խորհրդարանի 45-րդ ընտրաշրջանի թեկնածու Ճէսի Կապրիէլ, Հ.
buy cialis super active online pridedentaloffice.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/cialis-super-active.html no prescription

Յ.Դ. Արեւմտեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Աւետիք Իզմիրլեան, Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի նախագահ Դոկտ. Ֆրիտա Ճորտըն եւ անդամներ, Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» եւ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէներու, Հայ Դատի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մասնաճիւղի, ՀՕՄ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչները, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի 9-րդ դասարանի աշակերտներ, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։

Գոհաբանութեան մաղթանքի արարողութեան սկզբնաւորութեան, դպրաց դասուն «Ուրախ լեր» շարականին երգեցողութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Մասիս» մասնաճիւղի սկաուտները Ամերիկեան դրօշն ու հայկական Եռագոյնը բերին եկեղեցւոյ խորանին առջեւ։ Արարողութեան պահուն, յատուկ աղօթքներ մատուցուեցան, փառք տալով Աստուծոյ որ առիթը շնորհած է Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդին վերականգնումին ու հայկական անկախ հանրապետութեան կերտումին, նաեւ խնդրելու՝ որ Երկնաւոր Հայրը օրհնէ եւ պահպանէ Հայաստանի ու Արցախի պաշտպան քաջարի զինուորները, պետական վարիչներն ու ժողովուրդը, յիշելով բոլոր նահատակները, որոնք գերագոյն զոհաբերութիւնը մատուցեցին ազգի ու հայրենիքի զոհասեղանին։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց Եռագոյն դրօշը։

Իր պատգամին սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց պաշտօնական ներկայացուցիչները եւ ներկայ հաւատացեալները, փառք տալով Աստուծոյ, որ բոլորիս առիթը ընծայած է նշելու Հանրապետութեան 100-ամեակը։ Ան անգլերէն լեզուով հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ Հանրապետական մաղթանքի արարողութեան մասին, անդրադարձաւ այն վճռորոշ իրադարձութեանց, որոնց մէջ ծնունդ առաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ շեշտեց, որ այս տօնը առիթ է վերանորոգելու Սարդարապատի հերոսներուն ու հանրապետութեան հիմնադիրներուն կտակին հաւատարմութեան ուխտը։

Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Հայաստանի անկախութիւնը 100 տարի առաջ իրականացաւ ի գին անհուն զոհողութիւններու, արդիւնք էր անհաւասար ճակատումներու, որոնք ներշնչուած էին Աւարայրէն ու մեր հաւատքին ու ազգային ինքնութեան պահպանման ի խնդիր մղուած անհամար ճակատումներէն, որոնք տասնամեակներ շարունակ մղուած էին հայրենիքի եւ ինքնութեան պահպանումին համար եւ մեր ամբողջ ժողովուրդը յաղթանակի առաջնորդեցին Սարդարապատի մէջ։ Սարդարապատը ներշնչում առած էր Աւարայրէն, Գարեգին Եպս. Յովսէփեանց ¤ապա Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ¥ արդարօրէն նկատուած է Սարդարապատի օրերու Ղեւոնդ Երէցը, իսկ Մայիսեան յաղթանակը անջնջելի դրոշմ մը ձգած է մեր պատմութեան մէջ, մնայուն փարոս դառնալով իրերայաջորդ սերունդներու։ Յիշեցնելով, որ Հանրապետութեան հանգրուանին բիւրեղացած ազգային ու հայրենապաշտպանութեան ապրումները մեր ժողովուրդի հոգիին ու կամքին մէջ հաստատ մնացին նաեւ խորհրդային բռնատիրութեան շրջանին, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ 28 Մայիս 1918-ին ծնունդ առած Հանրապետութեան ստեղծած արժէքներն ու պատգամները այժմէական հրամայական են նաեւ մեր այսօրուան կեանքին համար։ Այդ պատգամներէն էր որ ներշնչում առաւ Արցախեան Պայքարը, նախաքայլը հանդիսացաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան վերականգնումին ու մայր հայրենիքին Արցախի վերամիացման։ Վստահաբար այդ ներշնչումը իր ազդեցութիւնը ունի Հայաստանի մէջ, անկախ հանրապետութեան վերահաստատումէն աւելի քան 25 տարի ետք՝ վերջին շաբաթներուն նոր հորիզոններ բացող շարժումին վրայ։ Մեր մաղթանքն է, որ 1918ին ծնունդ առած հանրապետութեան ոգին մնայ առաջնորդը մեր երթին։

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ դրուատիքով խօսեցաւ ամերիկեան հայրենիքին համար ինկած նահատակներուն մասին, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերած են ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, աղօթելով անոնց հոգիներու փրկութեան։

«Տէր Ողորմեա»ի պահուն, յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ նաեւ Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի խնամքը վայելող հիւանդներուն ու ծառայողներուն համար։

Արարողութեանց աւարտին, քոնկրէսական Պրէտ Շըրմըն եւ Դոկտ. Ֆրիտա Ճորտըն արտասանեցին սրտի խօսքեր։ Տիար Շըրմըն շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, այս բացառիկ օրուան հանդիսութեան իր մասնակցութեան համար եւ յայտարարեց, թէ պատիւ կը նկատէ այս տօնին ըլլալ հայութեան կողքին, յիշեցուց, որ իբրեւ քոնկրէսի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ՝ անցեալ 22 տարիներուն պայքարած է ի խնդիր Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայաստանի տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութեանց յաւելման, վերջապէս՝ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ժողովրդանուէր ծառայութեանց մասին։ Տոքթ. Ճորտըն շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ ամէն տարի կ’ընդառաջէ Հիմնարկի խնդրանքին ու յատուկ աղօթ կը բարձրացնէ անոր խնամքը վայելողներուն համար, նշելով, որ այս հիմնարկը մարդասիրական գործունէութիւն կը կատարէ 28 երկիրներու մէջ, մասնագիտական խնամք տրամադրելով հայերու եւ ոչ հայերու։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։

Նշենք, որ նոյն օրը, Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան իր եպիսկոպոսական անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցանեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, կատարեց Հանրապետական Մաղթանքի արարողութիւնն ու Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն, եւ ուղղեց օրուան խորհուրդէն ներշնչուած պատգամ մը։

Ս. Պատարգէն ետք, Քոնկրէսական Շըրմընի այցելութան առիթով, Եկեղեցւոյ «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճին մէջ կազմակերպուած էր ընդունելութիւն մը։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց Հայ Դատի Հովիտի շրջանի յանձնախումբի ատենապետ Տիար Կարօ Գամարեան։ Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս ողջունեց քոնկրէսական Պրէտ Շըրմընը եւ թեկնածու Կապրիէլը, յաջողութիւն մաղթելով անոնց առաքելութեան։ Տիար Գամարեան ներկայացուց հիւրերը։ Քոնկրէսական Շըրմըն լուսաբանութիւններ տուաւ Հայաստանի ի նպաստ իր աշխատանքներուն մասին եւ եկեղեցւոյ նուիրեց ամերիկեան յատուկ վկայագիրով դրօշակ մը։ Յանուն Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան՝ 5-րդ շրջանի հանրային ապահովութեան սպասարկութեան ներկայացուցիչ Տիար Կրէկ Մարթայեան գնահատագրեր յանձնեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան։

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
Յետմիջօրէին, «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցին ամավերջի հանդէսը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի եւ Կիրակնօրեայի քայլերգներուն երգեցողութեամբ, կատարողութեամբ դպրոցի աշակերտներուն։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց հանդիսավարը՝ Կասիկ Քէչէճեան։ Ան անդրադարձաւ 1918-ի հերոսամարտերուն ու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան մէջ եկեղեցւոյ ունեցած դերակատարութեան եւ յայտարարեց, որ այսօրուան հանդէսը նուիրուած է հանրապետութեան 100-ամեակին, յիշատակելու եւ պատուելու համար զայն կերտող մեր նախնիները, բաժնեկցելու մեր հաւատքին, ազգին ու հայրենիքին ընծայած ուրախութիւնը։

Կիրակնօրեայ դպրոցի անձնակազմին անունով, տնօրէնուհին՝ Տիկին Սեդա Քէչէճեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին՝ ներկայութեան ու մնայուն քաջալերանքին համար, ու մաղթեց յաջողութիւն՝ անոր եկեղեցանուէր ու ժողովրդանուէր առաքելութեան։ Ան նշեց, որ մեր մանուկներն ու պատանիները մեր ապագան են, գնահատանք արձանագրեց ուսուցիչներուն, անոնց նուիրեալ ծառայութեան համար, շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ հովիւին ու հոգաբարձութեան, անոնց զօրակցութեան եւ աջակցութեան համար ինչպէս նաեւ ծնողներուն՝ անոնց ցուցաբերած հոգածութեան համար։ Վերջապէս, ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ աշակերտներուն մասին ու շնորհաւորեց շրջանաւարտները։

Առաջնորդ Սրբազանը, իր կողքին ունենալով Եկեղեցւոյ հովիւը, Կիրակնօրեայի տնօրէնուհին եւ հոգաբարձութեան անդամներէն Տիար Խաչիկ Հայրապետեանը, շրջանաւարտներուն յանձնեց վկայականները։ Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը յիշեց այն օրերը, երբ 4 տարեկանէն սկսեալ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտ էր, վեր առնելով Կիրակնօրեայ դպրոցին հոգեւոր բարիքները իր կեանքին մէջ։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ եկեղեցւոյ ծառայողներուն, կիրակնօրեայի դաստիարակներուն եւ աշակերտներուն ծնողներուն մասին, որոնք իրենց ձեռքերը հաւատքով, սիրով եւ զոհաբերութեամբ միացուցած են աշակերտներուն դաստիարակութեան համար, ու խօսքը աշակերտներուն ուղղելով, յորդորեց, ըսելով. «Գիտցէ՛ք ձեր ուսուցիչներուն ու ծնողներուն կողմէ ձեզի տրամադրուած դաստիարակութեան արժէքը, ներշնչուեցէք մեր նախնիներուն հաւատքէն, քաջասրտութենէն, կորովէն ու վճռակամութենէն, որպէսզի վաղը դառնաք կարող առաջնորդող դէմքեր», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ հպարտութիւն արտայայտեց բոլորին իրագործումներուն համար։

Հանդէսի աւարտին, տեղի ունեցաւ ճաշի ընդունելութիւն, որ անցաւ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022