Ազգ. Շամլեան Վարժարանի Ա. Կարգի Աշակերտները Տօնական Մթնոլորտով Ծաղկեցուցին Ազգ. Առաջնորդարանի Յարկը


Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական օրերու նախօրեակին, ուրախութեան մթնոլորտը արդէն իսկ համակած է ամէնուր, իսկ Ազգի Տան՝ Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ այս մթնոլորտը աւելի եւս կը քաղցրանայ՝ Ազգային Վարժարաններու աշակերտներուն այցելութեանց շնորհիւ:

Գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի Ա. կարգի «թռչնիկներ»ը Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2016ի առաւօտուն, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու բոյրով պարուրեցին Ազգային Առաջնորդարանի յարկը, երգերով, արտասանութիւններով ու մանկական անկեղծ բարեմաղթութիւններով տօնին «համն ու հոտը» պարգեւեցին ներկաներուն, փոխանցելով Յիսուսի ծննդեան աւետիսն ու ցնծութիւնը։

Շուրջ 65 աշակերտներ, ընկերակցութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի, փոխ տնօրէնուհի Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեանի, հայերէնի ուսուցիչներու, ծնողներու եւ մեծ ծնողներու, Ազգ. Առաջնորդարան հասան ժամը 11-ին եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որ իր կողքին ունէր Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիւանեանը: Ներկայ էր նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Անդրանիկ Գասպարեան, որուն թոռնիկը մաս կը կազմէր աշակերտներու խումբին։

Աշակերտները նախ աղօթքի պահ մը ունեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, ապա, համախմբուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, ուր ներկայացուցին խնամքով պատրաստուած հանդէս մը:

Վարժարանի դաստիարակներէն Տիկին Արմենիկ Հայրապետեան արտասանեց ողջոյնի խօսք եւ վարեց յայտագիրը: Ան յայտնեց, որ աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարան եկած են բարի մաղթանքներով եւ պիտի ներկայացնեն ամանորի եւ Ս. Ծննդեան մասին իրենց սորվածները:

Չորս աշակերտներ իրենց կարգին ողջունեցին Առաջնորդ Սրբազանն ու ներկաները: Անոնք ըսին, թէ եկած են տօնական օրերու առիթով շնորհաւորելու Առաջնորդ Սրբազանը, ուսուցիչներն ու ծնողները, շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար, ըսին, որ իրենց դպրոցը «Հայաստանէն հեռու փոքր Հայաստան մըն է, որուն յարկին տակ կը խօսին, կը կարդան ու կ’աղօթեն հայերէն», ու խոստացան մնալ հաւատարիմ զաւակները Ս. Մեսրոպի եւ մեր պատմութեան հերոսներուն:

Յայտագիրը ծաղկեցաւ երգերով, արտասանութիւններով ու պարերով: Գլուխներուն աստղազարդ թագերով ու ամանորը խորհրդանշող զգեստներով, աշակերտները պատմեցին, թէ ինչպէ՞ս ծնունդ առած է տօնածառի աւանդութիւնը, երգեցին տօնածառին նուիրուած երգեր, արտասանեցին տօներուն յատուկ կտորներ, որոնց ընդմէջէն, շնորհաւորանք ու բարի մաղթանքներ ուղղեցին բոլորին: Անոնք մասնաւորաբար նշեցին, որ Յիսուս Մանուկին ծնունդով, աշխարհի բաշխուեցաւ հաւատք, յոյս, սէր ու խաղաղութիւն, մաղթեցին, որ նոր տարին այս բարիքները տարածէ բոլորին ու մասնաւորաբար Հալէպին:

Տիկին Հայրապետեան հրաւիրեց Աաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի արտասանէ իր օրհնութեան խօսքը:

Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար, նշեց, որ ծնողներուն ուրախութեան բաժնեկից է ի լուր գեղեցիկ յայտագիրին: Ան անդրադարձաւ աշակերտներուն այն խօսքերուն, որ Յիսուս Մանուկի ծնունդով, աշխարհը ունեցաւ հաւատք, յոյս, սէր եւ խաղաղութիւն, մարդկութեան բերաւ սիրոյ պատգամը: Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ Ազգ. Առաջնորդարանի տօնածառը այսօր աւելի փայլուն է աշակերտներուն ներկայութեան շնորհիւ, իսկ Յիսուս Մանուկի ծնունդը աւետող աստղին պէս աստղեր այսօր իջած են աշակերտներուն հոգիներուն մէջ, որոնք բարի են ու արժանի՝ նուէրներու: Վերջապէս, ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ աշակերտներուն, դաստիարակներուն, փոխ տնօրէնուհիին եւ տնօրէնուհիին մասին, ու մաղթեց, որ նոր տարին բարիքներով ու Ս. Ծննդեան խորհուրդներով պայծառացնէ բոլորին հոգիներն ու օրերը:

Աշակերտները նուէրներ բերած էին Առաջնորդ Սրբազանին, որ իբրեւ նուէր՝ անոնց բաշխեց խաչեր: Հանդիպումը վերջ գտաւ խմբանկարով մը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022