Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի Ա. Կարգի աշակերտները Չորեքշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2014ի առաւօտուն, վարժարանին մէջ վերջին օրերուն ստեղծուած՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու մթնոլորտը փոխադրեցին Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ, հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ եւ Յիսուս Մանուկի հրաշափառ Ս. Ծննդեան դրուագին մասին գործնական դասապահ մը բոլորեցին անոր հետ:
Մօտաւորապէս 60 աշակերտներ, վարժարանի տնօրէնուհիին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի, փոխ-տնօրէնուհի Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեանի ու դաստիարակներու առաջնորդութեամբ եւ խումբ մը ծնողներու ընկերակցութեամբ, Ազգային Առաջնորդարան ժամանեցին ժամը 10ին եւ դիմաւորուեցան Առաջնորդ Սրբազանին եւ հոգեւոր հայրերու կողմէ: Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան: “Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն” մատրան մէջ հաւաքական աղօթքէ ետք, հիւր եւ հիւրընկալ բարձրացան “Սիւլահեան” դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ դաստիարակչական բնոյթով հանդիպումը:
Վարժարանի ուսուցչուհիներէն Տիկին Այտա Աղայեան յայտնեց, որ երրորդ տարին ըլլալով է որ Ա. Կարգի աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարան կ’այցելեն, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, սորված են Յիսուս Մանուկի Ս. Ծննդեան պատմութիւնը եւ պատրաստ են լսելու Առաջնորդ Սրբազանին յատուկ պատգամը: Երեք աշակերտներ՝ Արամ Միքայէլեան, Արամ Աբանեան եւ Ալին Ասատրեան, իրենց կարգին բարեմաղթութիւններ փոխանցեցին Առաջնորդ Սրբազանին:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը հայրական սիրով ողջունելէ ետք ներկաները, աշակերտներուն հարցումներ ուղղելով ուրախութեամբ վկայեց, որ անոնք ըստ բաւականին քաջածանօթ են Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան պատմութեան, ծանօթ են Յիսուս Մանուկի ծնողներուն, գիտեն, թէ հրեշտակներու կողմէ մեծ աւետիսը առաջին իմացողները եղած են բարի հովիւները ու փայլուն ասղի առաջնորդութեամբ երեք մոգերը, նաեւ սորված են, որ Յիսուս Մանուկը ծնած է խոնարհ մսուրի մը մէջ, ցուրտ գիշեր մը, ուր բարի հովիւներն ու մոգերը իրենց նուէրներով այցելած են անոր:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց աշակերտները եւ անոնց ուշադրութեան յանձնեց, որ մարդիկ ամէն տարի Ս. Ծնունդը կը տօնեն, յիշելու համար, որ Յիսուս Մանուկը իբրեւ նուէր տրուած է մեզի եւ այսօր ալ մեզի կը պատուիրէ ըլլալ բարեսիրտ, սիրել մեր քոյրերն ու եղբայրները եւ ըլլալ փայլուն աշակերտներ: Ան օրհնեց աշակերտները, տնօրէնուհին, փոխ-տնօրէնուհին, դաստիարակներն ու ծնողները եւ յաջողութիւն մաղթեց վարժարանի առաքելութեան:
Աշակերտները իբրեւ նուէր պատրաստած էին երկու խմբային արտասանութիւն: Ապա, աշակերտներէն Ալին Աւանէսեան, Ռոպէրթ Զարուկեան, Օլիվիա Տարաքճեան, Հայկ Քէնտիրճեան, Անիա Առաքելեան եւ Նաթալի Չօրպաճեան ամանորեան նուէրներ յանձնեցին Առաջնորդ Սրբազանին:
Հանդիպումը վերջ գտաւ Ազգային Առաջնորդարանի մուտքին խմբային լուսանկարով մը: