Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի 40-Ամեակ


Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանը Շաբաթ, 21 Փետրուար 2015ի երեկոյեան, Հոլիվուտի “Տաղլեան” սրահին մէջ, պաշտօնական ճաշկերոյթով մը տօնեց իր հիմնադրութեան 40-ամեակը, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամ Տիար Մհեր Տէր Յովաննէսեան, պետական ու ազգային անձնաւորութիւններ: Տօնախմբութեան մասնակից էին շուրջ 500 հայորդիներ, որոնց շարքին՝ վարժարանի նախկին ու այժմու ծառայողներ, վարժարանի հիմնադրութեան եւ գործունէութեան մէջ հիմնական տեղ ունեցող՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ ու սպասարկուներ:

Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան: Յայտագիրի պաշտօնական բաժինով, արտասանուեցան սրտի խօսքեր: Վարժարանի տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, երախտագիտական խօսք ուղղեց անցեալի ու ներկայի այն բոլոր նուիրեալներուն, որոնք հիմը դրին վարժարանին ու ծառայեցին անոր վերելքին: Ան նաեւ երախտագութեամբ արտայայտուեցաւ վարժարանի նախկին տնօրէն Տիար Վազգէն Մատէնլեանի՝ անցեալ 23 տարիներու ծառայութեան մասին:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրուեցաւ արտասանելու իր գնահատանքի ու օրհնութեան խօսքը: Ան առաջին հերթին նշեց, որ այս պատուաբեր յոբելեանը կը զուգադիպի Ցեղասպանութեան 100ամեակին, որ բոլորս կը դնէ 100ամեակը ազգովի ոգեկոչելու եւ մեր արդար իրաւունքներուն տէր կանգնելու հրամայականին դիմաց: Այս տօնախմբութիւնը մեծագոյն ապացոյցն է մեր ազգի յարութեան, եւ ցեղասպան թուրքին ցոյց տալու, որ կանք ու կը մնանք:

Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ այս հանդիսութիւնը յաղթանակի օր մըն է բոլորիս համար, յաղթանակ՝ մեր Թեմի Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին ու հայութեան, որոնց միացեալ գործակցութեան շնորհիւ, վարժարանը իր հիմնադրութենէն ասդին եղած է հայակերտումի օճախ մը եւ ապրած վերելք: Ան դրուատիքով խօսեցաւ վարժարանին կրթական մշակներուն մասին, զանոնք որակելով հայեցի դաստիարակութեան ախոյեաններ, ողջունեց ծնողները, որոնց համար այս օրը հպարտութեան տօն է, իսկ նուիրեալ բարերարներուն ու բարեկամներուն համար՝ հոգեկան ցնծութեան ու հպարտութեան տօն: Վերջապէս, ան ողջունեց ու գնահատանքով արտայայտուեցաւ աշակերտութեան մասին, որոնցմէ շատեր, շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, փայլուն ասպարէզներ կերտած են ու պատիւ կը բերեն իրենց կրթօճախին, ազգին եւ եկեղեցւոյ:

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ բարձր գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք 40 տարի շարունակ զոհողութեամբ եւ նուիրուածութեամբ իրենց բարոյական, նիւթական, մտային ու հոգեկան լուման նուիրաբերեցին հայկական այս կրթօճախին: Ան յարգանքի յատուկ խօսք ուղղեց մեզմէ առյաւէտ հեռացած ննջեցեալ նուիրեալներուն ու յատկապէս Ստեփան Գապատայեանի յիշատակին՝ հայ եկեղեցւոյ եւ այս դպրոցի հիմնադրութեան հանգրուանին իր մատուցած անձնուրաց ծառայութեանց համար, գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ֆրեզնոյաբնակ Տէր եւ Տիկին Վահան եւ Անոյշ Շամլեան բարերար ամոլին, որուն իշխանական նուիրատուութեամբ կոչուեցաւ այս վարժարանը: Վերջապէս, ան վեր առաւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ զօրակցական դերակատարութիւնը, նշելով, որ Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ ու անոր աջակցութեամբ, վարժարանը փայլուն յաջողութիւններ արձանագրած է տարիներ շարունակ, շնորհիւ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան հայակերտումի եւ սերնդակերտումի առաքելութեան: Ան յայտարարեց, որ խնդրամատոյց եղած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որպէսզի վարժարանը պատուէ գնահատանքի եւ օրհնութեան գիրով մը: Այս առիթով, ան ընթերցեց եւ վարժարանի տնօրէնուհիին յանձնեց Հայրապետական Օրհնութեան Գիրը, որ նուիրեալ ծառայողներուն ու դաստիարակներուն ուղղուած գնահատանքի եւ շնորհաւորանքի արտայայտութիւն մըն էր:

Իրագործուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը. գնահատուեցան 16 կրթական մշակներ եւ անձնակազմի անդամներ, որոնք 20 կամ աւելի տարիներու ծառայութիւն ունին կրթական այս օճախին։ Երեկոն շարունակուեցաւ խրախճանական մթնոլորտի մէջ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022