Ազգային վարժարաններու մեր աշակերտներուն համար, Ազգային Առաջնորդարանը դարձած է ուխտավայր։ Տարուան ընթացքին, աւարտական կարգի կամ այլ դասարաններու աշակերտներ կþայցելեն Ազգի Տունը, կը հիւրընկալուին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, կը ներկայացնեն գեղարուեստական յայտագիր ու մտերմիկ պահ մը կը բոլորեն անոր հետ։
Այս ծիրին մէջ, Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբերին, ու տօնական օրերու նախօրեակին, իւրայատուկ պահ մը ստեղծուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ։ Ազգ. Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանի Ա. Կարգի աշակերտները, ընկերակցութեամբ Փոխ-տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Գաբրիէլանի, դասատուներուն եւ ծնողներու, այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ արտադասարանային կրօնի դասապահ մը ունեցան Առաջնորդ Սրբազանին հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, վարժարանը կը կիրարկէ »Սարոյեան« ծրագիրը, որ մանկավարժութեան արդի միջոցներ կþօգտագործէ դասաւանդութիւններու համար, յատկապէս ի մտի ունենալով հայերէնով աւանդուող դասանիւթերը հաճելի ու մատչելի դարձնելու աշակերտներուն։
Նկատի ունենալով, որ այդ օրը յիշեալ աշակերտները իբրեւ դասանիւթ ունէին Յիսուսի ծնունդը, ուսուցիչները յարմար նկատած էին, որ այդ պահը տեղի ունենայ Ազգ. Առաջնորդան այցելութեամբ եւ ուղղակի Առաջնորդ Սրբազանէն լսելով Յիսուս Մանուկի ծննդեան պատմութիւնը։
Ազգ. Առաջնորդարան ժամանման պահուն, շուրջ հարիւր աշակերտները եւ իրենց ուսուցիչները խումբ առ խումբ մտան »Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն« մատուռ, աղօթեցին, ապա, համախմբուեցան »Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան« սրահին մէջ։ Աշակերտները պատրաստած էին գեղարուեստական յայտագիր մը. արտասանեցին, երգեցին, ապա, Առաջնորդ Սրբազանը հաղորդական եւ հասկնալի ոճով մանուկներուն պատմեց Ս. Ծննդեան գիշերուն դէպքերը։ Առաջնորդ Սրբազանին բացատրութիւններուն ընկերացան Ս. Ծննդեան մասին լուսանկարներու ցուցադրութիւն՝ պաստառի վրայ։
Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւած այցելութեան աւարտին, աշակերտները վերջին անակնկալ մը ըրին Առաջնորդ Սրբազանին. անոնք բերած էին նուէրներ։ Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին մանուկներուն նուիրեց Յիսուսի ծնունդի պատմութիւնը եւ »Հայր Մեր« ընդգրկող յուշանուէր մը։