Շամլեան Վարժարանի Աշակերտները Հայախօսութեան Ուխտը Կը Վերանորոգեն Ազգ. Առաջնորդարանի Յարկին Տակ


Ազգային Վարժարաններու աշակերտներու Ազգային Առաջնորդարան այցելութիւնները միշտ ալ սրտառուչ պահեր կը ստեղծեն «Ազգի Տան» յարկին տակ, եւ երբեք ալ կարելի չէ մէկ խումբ բաղդատել ուրիշ խումբի մը հետ, որովհետեւ իւրաքանչիւրը իրեն իւրայատուկ մթնոլորտ մը կը ստեղծէ եւ առանձնայատուկ տպաւորութիւններով կը բաժնուի այս հաստատութենէն:

Այդպէս ալ եղաւ Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի 8րդ դասարանի աշակերտներուն պարագային, որոնք Երեքշաբթի, 8 Մարտ 2016ին, Հայաստան ուխտագնացութեան մեկնելէ շուրջ 10 օր առաջ, ուխտի եկան Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, ներկայացուցին գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը, որուն ամէնէն յիշատակելի կէտն էր այն յայտնութիւնը, որ վարժարանին մէջ վերջերս ստեղծուած է Հայերէն խօսելու յատուկ ծրագիր եւ այս խումբը կը հանդիսանայ դրօշակիրը:

Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էր Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, իսկ աշակերտներու կ’ընկերանային տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, փոխ տնօրէնուհին՝ Տիկին Ռիթա Գաբրիէելան, դաստիարակներ եւ խումբ մը ծնողներ: 58 աշակերտները առաջին հերթին Արեւագալի յատուկ աղօթքի պահ մը ունեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, ապա անցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ կոկիկ հանդէսը:

Յայտագիրը ամբողջութեամբ ստանձնած էին աշակերտները: Հանդիսավարութիւնը կատարեց Էրիք Գալստեան, որ հրաւիրեց ընկերներէն Արեգ Աղամանուկեանը՝ արտասանելու բացման խօսքը: Ողջունելով Առաջնորդ Սրբազանը, դաստիարակներն ու ներկաները՝ Արեգ գեղեցիկ առոգանութեամբ բացատրեց, թէ դասընկերներուն հետ ուխտի եկած են Ազգ. Առաջնորդարան, դէպի Հայաստան ուխտագնացութենէն առաջ, ստանալու համար Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնն ու լսելու պատգամը: Ան յայտնեց, որ Ս. Էջմիածին, Օշական, Խոր Վիրապ եւ այլ սրբավայրեր իրենց յառաջիկայ այցելութիւնը յատուկ առիթ մը պիտի ըլլայ ուխտելու՝ որ սիրեն մեր լեզուն, պահպանեն մշակոյթն ու հաւատարիմ ըլլան մեր հաւատքին:

Հայկական պարով մը հանդէս եկաւ Մայա Տիլանեան, դաշնակի վրայ նուագեց Քայլ Տէր Պապեան, իսկ երկու խումբեր արտասանեցին Գ. Էմինի «Սասունցիների Պարը» եւ Ե. Չարենցի «Գովք Հայաստանի»ն: Այնուհետեւ, հանդիսավարը հրաւիրեց դասընկերուհիներէն Սօսէ Յովսէփեանը, որպէսզի բացատրութիւն տայ վարժարանին մէջ նոր հաստատուած ծրագիրին մասին: Սօսէ յայտնեց, որ որոշուած է զարկ տալ հայերէն խօսակցութեան, այս դասարանը յանձն առած է ոչ միայն հայերէն խօսակցութիւնը զարգացնել, այլ նաեւ կրտսեր աշակերտները մղել, որ հայերէն խօսին, նաեւ հաստատուած է յատուկ մրցանակ: Իսկ իբրեւ այս նախաձեռնութիւնը խորհրդանշող յուշանուէր, ան իր ընկերներուն հետ Առաջնորդ Սրբազանին յանձնեց բոլորին ստորագրութիւնը կրող խմբանկար մը, ապա նաեւ՝ ծնողներուն կողմէ յատուկ յուշանուէր մը, եւ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը ուղղելու պատգամը:

Առաջնորդ Սրբազանը բազմապատիկ գոհունակութեան առիթ նկատեց այս այցելութիւնը, աշակերտներուն ուխտը եւ վարժարանին մէջ ստեղծուած նոր արշաւը, շեշտելով, որ այս բոլորը կը պարտինք աստուածային շնորհքներու, զորս պէտք է ծաղկեցնել անհատական ու հաւաքական կեանքերու մէջ: Ան նշեց, որ այս այցելութիւnը տեղի կ’ունենայ Մեծ Պահքի օրերուն, որ քրիստոնեային համար հոգեկան վերանորոգութեան եւ բարի վարուելակերպի կիրարկման շրջան է, ապա նաեւ ուշագրաւ զուգադիպութիւն նկատեց, որ Հայաստան այցելութեան նախօրեակին, աշակերտներուն այսօրուան այցելութիւնը տեղի կ’ունենայ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ մուտքի տօնին շաբաթը. ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Լուսաւորիչ Հայրապետի կեանքին, հաւատքի համար յանձն առած զոհողութեանց ու Տրդատ Թագաւորն ու Հայաստանը քրիստոնեայ դարձնելու հրաշալի արարքին, եւ յորդորեց աշակերտները, որ երբ յառաջիկայ շաբաթներուն Հայաստան գտնուին ու Ս. Յարութեան տօնը ապրին Ս. Էջմիածինի կամարներուն տակ, այցելեն մեր սրբավայրերն ու պատմական կոթողներ՝ ուխտեն աւելի եւս ամրապնդել հայութեան ու քրիստոնէութեան հաւատարմութեան ուխտը: Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ կարեւորութեամբ խօսեցաւ նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին մասին, նշելով, որ երբ աշակերտները հոն այցելեն, յիշեն, որ անցեալ Ապրիլ 24ին, մեր եկեղեցին սրբադասեց Ցեղասպանութեան զոհ գացած նահատակները, որոնք մեր պատմութիւնը կերտած բազմաթիւ սուրբերու պէս ինկան հաւատքի ու հայութեան հաւատարիմ մնալու համար, սրբադասուելով՝ անոնք այսուհետեւ մեր աղօթնքերը ընդունողներ են ու բարեխօս՝ հաւատացեալներուս համար: Ծիծեռնակաբերդի մէջ, շեշտեց Սրբազանը, աղօթեցէք մեր սուրբ նահատակներուն, որ ունենաք յաջող ապագայ, ըլլաք մեր ժառանգութեանց հաւատարիմ հայորդիներ, մեր հայրենիքնը ամրանայ եւ մեր եկեղեցին ու ազգը ըլլան ձեր ճիգերուն նպատակակէտերը: Ան համոզում յայտնեց, որ աշակերտները հոգեպէս բարեփոխուած պիտի վերադառնան հայրենիքէն: Ան գնահատեց աշակերտները՝ գեղեցիկ յայտագիրին ու յուշանուէրներուն համար, տնօրէնուհին, փոխ տնօրէնուհին, դաստիարակներն ու ծնողները, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց բոլորը:

Հանդիպումը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի եւ «Մեր Հայրենիք»ի խմբերգումով: Աւարտին, ծնողներ, աշակերտներ ու դաստիարակներ խմբանկարներ ունեցան Առաջնորդ Սրբազանին հետ, ապա ունեցան նախաճաշի պահ մը ու դպրոց վերադարձան, իրենց հետ տանելով սրբանկարներ եւ յուշանուէրներ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022