Նոյնինքն վարժարանին կողմէ հաստատուած տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Ազգային Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանի աւարտական կարգի՝ 8րդ դասարանի աշակերտները Ուրբաթ, 24 Փետրուարի առաւօտուն այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան, ունեցան աղօթքի պահ մը, Ս. Հաղորդութիւն ստացան ու պատգամներով տոգորուած՝ վերադարձան դպրոց։
Աւանդական այս այցելութիւնը մաս կը կազմէ աշակերտներուն Հայաստան ուխտագնացութեան պատրաստութեան, հետեւաբար, ինքնին ուխտաւորութիւն է։
Իրենց ուսուցիչներուն ու ծնողներուն ընկերակցութեամբ, աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարան հասան առաւօտեան ժամը 9ին եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան։ Աշակերտներուն կþընկերանային վարժարանին տնօրէնը՝ Տիար Վազգէն Մատէնլեան, փոխ տնօրէնուհին՝ Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեան, ուսուցիչներ եւ ծնողներ։
Առաջին հերթին, հիւրերը համախմբուեցան Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան մէջ, ուր տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ մը. Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ու նկատի ունենալով, որ կը գտնուին Մեծ Պահոց շրջանին մէջ, հոգեւոր հայրերը երգեցին »Յարեւելից« շարականը։ Այնուհետեւ, աշակերտները Ս. Հաղորդութիւն ստացան Առաջնորդ Սրբազանին ձեռամբ։
Նախաճաշի պահէ մը ետք, աշակերտներ ու դաստիարակներ յիշատակի լուսանկար մը ունեցան Հոգեւոր Հայրերուն հետ, ապա ուղղուեցան »Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան« սրահը, ուր տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը։
Աշակերտական Խորհուրդի նախագահ Թալիշ Պապայեան երախտագիտութեան ու շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, վարժարանին հանդէպ իր հոգածու վերաբերմունքին համար, ապա վարեց աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած յայտագիրը։
Խմբային արտասանութիւններով, երգերով ու նուագով՝ աշակերտները գեղեցիկ պաստառ մը ներկայացուցին, ցոյց տալով թէ մեր վարժարաններուն մէջ հայակերտումի վսեմ աշխատանքը ինչպիսի արտայայտութիւններով տեղի կþունենայ։ Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ վարժարանին տնօրէնը, դաշնակի վրայ նուագով մը։
Տիար Վ. Մատէնլեան, հակիրճ խօսք մը արտասանելով, նշեց, որ վարժարանը աշխարհագրականօրէն ու հոգեպէս մօտիկ է Ազգային Առաջնորդարանին, կը վայելէ ազգային այս հաստատութեան գուրգուրանքը։ Ան վեր առաւ աշակերտներուն Հայաստան ուխտագնացութեան կարեւորութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ինք եւս այս տարի պիտի ընկերանայ աշակերտներուն։ Ան այս ծիրին մէջ կանգ առաւ մեր եկեղեցւոյ Ս. Հաղորդութեան իմաստին ու կարեւորութեան վրայ, իսկ իբրեւ Ազգ. Առաջնորդարանին ու Առաջնորդ Սրբազանին հանդէպ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ յանուն բոլորին, Առաջնորդ Սրբազանին յանձնեց յուշանուէր մը, որուն մէջ արտայայտութիւն գտած էր 2012 տարին »Հայ Գիրքի Տարի« հռչակելու Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը։
Հանդիպումին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբբազանը։ Ան նկատեց, որ աշակերտները, գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին, արտասանած էին Վ. Թէքէեանի »Խորհուրդ Վարդանանց« բանաստեղծութիւնը, շեշտեց, որ Վարդանի ոգին մինչեւ այսօր ալ կþապրի մեր ժողովուրդին մէջ, մեր աշակերտներո՛ւն մէջ, որոնք ահա կը պատրաստուին ուխտի երթալու Հայաստան։ Առաջնորդ Սրբազանը աշակերտները յորդորեց նշելով, որ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ, անոնք հաղորդակից պիտի ըլլան մեր հայրենիքի հողին, պապերու քաջութեանց ու մշակութակերտ ժառանգութեանց, հայութեան ոգին աւելի եւս պիտի արմատանայ իրենց մէջ ու հոգիով՝ հայօրէն աւելի զօրացած պիտի վերադառնան հայրենիքէն։ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այսօրուան այցելութիւնը մաս կը կազմէ Հայաստան ուխտագնացութեան հոգեկան պատրաստութեան, իսկ ի մտի ունենալով, որ կը գտնուինք Ս. Յարութեան տօնը կանխող Մեծ Պահքի շրջանին մէջ՝ աշակերտներուն ու դաստիարակներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց նաեւ այդ տօնին նախապատրաստութեան կարեւորութեան վրայ, նշելով, որ պէտք է այս շրջանին կատարենք մեր արարքներուն հաշուեկշիռը, ու ճիգ ընենք, որ բարի գործերը ըլլան աւելի ծանր կշռող։ Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց աշակերտներուն ջանասիրութիւնն ու հայկականութեամբ լիցքաւորուած ըլլալը, որուն պերճախօս արտայայտութիւնն էր ներկայացուցած գեղեցիկ յայտագիրը։
»Դուք մեր հարստութիւնն էք. ձեր կարգին, պիտի հարստանաք մեր լեզուին, մշակոյթին ու հայրենական ժառանգութեանց հարստութիւններով, որոնք մեր ազգայի՛ն հարստութիւններն են«, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, ու իր խօսքը եզրափակեց գնահատանք արձանագրելով աշակերտներուն, դաստիարակներուն ու ծնողներուն։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ սրահէն մեկնելու պահուն, բոլոր հիւրերը իբրեւ նուէր պիտի ստանան աղօթագիրք մը, ու թելադրեց աշակերտներուն, որ ամէն օր պահ մը տրամադրեն կարդալու այդ աղօթքները։
Յայտագիրը փակուեցաւ երեք աշակերտներու կողմէ »Կիլիկիա« երգին կատարումով ու Առաջնորդ Սրբազանին »Պահպանիչ«ով։ Ապա, ծնողները յիշատակի լուսանկար մը ունեցան Առաջնորդ Սրբազանին ու հոգեւոր հայրերուն հետ։