Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի տնօրէնութիւնն ու Ուսումնական Մարմինը Չորեքշաբթի, 31 Օգոստոս 2016ի երեկոյեան կազմակերպած էր յատուկ հանդիսութիւն մը, հիմնականին մէջ գնահատելու համար վարժարանին կարգ մը նուիրեալ ծառայողներն ու բարերարներ, ինչպէս նաեւ կատարելու նախկին աշակերտներէն՝ վաղամեռիկ Անտրէ Գազանճեանի անունով կոչուած դասարանին բացումը:
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին: Կ’ընկերանային Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Աւ.Քհնյ. Աթմաճեան եւ Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան: Ներկայ էին Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ներկայացուցիչ Տիկին Ազիթա Եագուպեան, վարժարանի Ուսումնական Մարմինի, Ս.
buy flexeril online https://www.parkviewortho.com/wp-content/languages/new/over/flexeril.html no prescription
Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ու երեսփոխանական կազմի, Կլենտէյլի եւ Քրեսենթա Հովիտի հայկական կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչները, ծնողա-ուսուցչական յանձնախումի անդամներ, բարերարներ ու բարեկամներ:
Գնահատանքի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ վարժարանին հանդիսասրահին մէջ, որ գեղեցիկ յարդարանքով կը նմանէր կանաչազարդ պարտէզի մը: Բացման խօսքը արտասանեց ու հանդիսավարութիւնը կատարեց վարժարանի փոխ տնօրէնուհի Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեան, որ ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանը, ներկայացուցչական դէմքերն ու հրաւիրեալները, ընդգծեց, որ այս երեկոն կազմակերպուած է յարգանք մատուցելու համար վարժարանին նիւթապէս ու բարոյապէս նեցուկ կանգնող բարերարներու եւ նուիրեալներու:
Երկու Քահանայ Հայրերը հրաւիրուեցան աղօթքով կատարելու երեկոյին պաշտօնական բացումը: Սրտի խօսք արտասանեց Ուսումնական Մարմինի ատենապետ Տիար Արմէն Աբրահամեան, որ մասնաւորաբար շնորհակալութեան խօսք ուղղեց իր գործակիցներուն, վարժարանին սատար կանգնող բարերարներուն, նուիրեալներուն եւ վարժարանի անձնակազմին:
Վարժարանի տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան ողջոյնի հակիրճ խօսքով մը յայտարարեց, թէ այս երեկոն կազմակերպուած է գնահատանք ու յարգանք արտայայտելու համար հինգ անհատներու եւ ընտանիքներու, որոնք մեծապէս նպաստած են վարժարանի բարեզարդման եւ վերելքին: Ան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, Տիկին Ա. Եագուպեանը ու Տիար Ա. Աբրահամեանը, որպէսզի միասնաբար կատարեն յուշանուէրներուն յանձնումը: Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան վարժարանին 30 տարիներու երգի ուսուցչուհի Տիկին Նորա Պայրամեան, Ուսումնականի նախկին ատենապետուհի Տիկին Արմինէ Խաչատուրեան, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ բազմամեայ ծառայողներէն Տիար Իսահակ Գազանճեան, «Apelinc Landscaping» ընկերութեան տնօրէն Տիար Վիգէն Աբելեանի որդին Շանթը ու Տէր եւ Տիկին Մայքըլ եւ Լարա Չաքմաքճեան ամոլը, որոնք ներկաներու ծափողջոյններով ստացան յուշանուէրները:
Վարժարանի ծրագիրներուն ընդհանուր վերակացու Տիար Էմիլ Թադեւոսեան պաստառի վրայ սահիկներու ցուցադրութեամբ լուսաբանութիւններ տուաւ նոր ծրագիրներու եւ անոնց իրագործման քայլերուն մասին, ներկաները հաղորդ պահելով վարժարանին տրամադրուած օժանդակութեանց օգտագործման ձեւերուն:
Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրուեցաւ ուղղելու իր սրտի խօսքը: Ան առաջին հերթին այս երեկոն նկատեց վկայութիւն, որ վարժարանին աշխատանքները լաւ ընթացքի մէջ են եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ բարերարները միշտ զօրավիգ են ուսումական այս հաստատութեան: Ան գնահատեց վարժարանին տնօրէնութիւնը, Ուսումնական եւ յարակից մարմինները, որոնք գեղեցիկ գաղափարը ունեցած են գնահատելու եւ երախտագիտութին արտայայտելու բարերարներու եւ նուիրեալ ծառայողներու, ընդգծելով, որ այս արտայայտութիւնը տեղի կ’ունենայ շրջանի կազմակերպութեանց ու միութեանց մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչներուն ներկայութեամբ:
Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ անձամբ ծանօթ է մեծարեալներէն իւրաքանչիւրին, գնահատեց Տիկին Նորա Պայրամեանի նուիրումը՝ հայ երգին ու երաժշտութեան, նաեւ՝ այս վարժարանի աշակերտներուն, յիշեցուց, որ Տիկին Խաչատուրեան տասնամեակներ շարունակ ներկայութիւն եղած է վարժարանի աշխատանքներուն ու ձեռնարկներուն, օրհնեց յիշատակը Տիար Իսահակ Գազանճեանի եւ Գազանճեան ընտանիքի թոռնիկին ու զաւկին՝ Անտրէի, որուն յիշատակին պիտի կոչուի վարժարանին մէկ դասարանը: Ան գնահատեց Տիար Իսահակ Գազանճեանի նուիրեալ ծառայութիւններն ու նուիրաբերումը՝ Ս. Աստուածածնայ Եկեղեցւոյ ճամբով ու Ազգ. Առաջնորդարանին: Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանք արձանագրեց Տիար Վիգէն Աբելեանի, որ յանձն առած է թէ՛ վարժարանին եւ թէ Ազգ. Առաջնորդանի կանաչապատումը, ինչպէս նաեւ բարերար Տիկին Սիլվա Չաքմաքճեանի զաւկին՝ Տէր եւ Տիկին Մայքըլ եւ Լարա Չաքմաքճեան ամոլին, որոնք նեցուկ են ոչ միայն վարժարանին, այլ նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանին: Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ վարժարանի նոր ծրագիրներուն ի խնդիր տնօրէնութեան եւ Ուսումնականի ծրագիրներուն եւ ճիգերուն մասին, որոնք ի սպաս կը դրուին նոր սերունդին՝ անոր հայեցի դաստիարակութեան եւ բարձրագոյն ուսման պատրաստութեան համար,որովհետեւ անոնք մեր ամէնէն թանկագին հարստութիւնն են:
ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՑՈՒՄ Այնուհետեւ, ներկաները ուղղուեցան այն դասարանը, որ Գազանճեան ընտանիքի բարերարութեամբ կը ձօնուի Անտրէ Գազանճեանի յիշատակին: Ան եղած է վարժարանին 2002ի շրջանաւարտներէն ու ընտանիքին քայլերուն հետեւողութեամբ, նուիրուած էր ազգային ծառայութեան:
Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը դասարանին առջեւ կատարեցին յիշատակի՝ «Հոգւոց» արարողութիւն: Ապա կատարուեցաւ դասարանին պաշտօնական օրհնութիւնը: Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը, Տնօրէնուհին եւ բարերարները կատարեցին ժապաւէնի հատումը: Ներկաները առիթ ունեցան աչքէ անցնելու դասարանին յարդարանքն ու պատերուն վրայ զետեղուած դաստիարակչական նիւթերը, ինչպէս նաեւ ունեցան յիշատակի լուսանկարներ: