Ազգ. Շամլեան Վարժարանի Աշակերտները Ապրիլեան Ուխտը Վերանորոգեցին Ազգ. Առաջնորդարանի Ս. Նահատակաց Յուշակոթողին Առջեւ


Ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով, Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի աշակերտները Երեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, խումբ-խումբ Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին եւ Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր սուրբ նահատակներուն յուշակոթողին առջեւ վերանորոգեցին պահանջատիրական ուխտը:

Վարժարանին տնօրէնութիւնը Երեքշաբթին յատկացուցած էր Ցեղասպանութեան յիշատակումի: Առաւօտուն, բոլոր աշակերտները Ս. Հաղորդութիւն ստացած էին, վարժարանի շրջափակին մէջ կատարած էին ծառատնկում եւ ծաղիկներու մատուցում, ապա, խումբերու բաժնուած՝ քալելով հասան Ազգ. Առաջնորդարան: Անոնց կ’ընկերանային վարժարանի տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, փոխ-տնօրէնուհին՝ Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեան, դաստիարակներ եւ ծնողներ: Աշակերտ ու դաստիարակ՝ զգեստաւորուած էին Ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով Արդարութեան Քայլարշաւի խորհրդապատկերը կրող շապիկներով: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, կողքին ունենալով Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանը, Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանը, Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանն ու Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանը, աշակերտները դիմաւորեց նահատակաց յուշակոթողին առջեւ, լսեց անոնց խոստումը եւ իր պատգամը ուղղեց անոնց:

Առաջին խումբին մաս կը կազմէին վարժարանի 6-էն 8րդ դասարաններու աշակերտները, որոնց հետեւեցան 3րդէն 5րդ կարգերու խումբը, վերջապէս հասան նաեւ դեռատի մանուկները՝ առաջին եւ երկրորդ կարգի աշակերտները: Բոլորն ալ ծաղիկներ դրին յուշակոթողին առջեւ, ապա ներկայ եղան Ս. Նահատակաց բարեխօսութեան աղօթքի արարողութեան:

Վարժարանին հայկական ակումբի ներկայացուցիչները երեք խումբերուն անունով խօսքեր արտասանեցին, նշեցին, որ Ապրիլը մեր նահատակները յիշելու ամիս է ու հաւաստեցին, որ պահանջատէր կը մնան մեր դատին եւ իրաւունքներուն, այդ չեն ըներ միայն հայերէն դասերու պահուն, այլ նաեւ այսպիսի պահանջատիրական արտայայտութիւններով, թէ՝ պայքարին մասնակից պիտի մնան, մինչեւ որ այսօրուան Թուրքիան ընդունի իր նախորդներուն յանցանքը եւ արդար հատուցում կատարէ հայութեան:

Առաջին խումբի աշակերտները կատարեցին խմբային արտասանութիւն մը: Խօսք առաւ Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմի անդամներէն Բարշ. Քրիստափոր Սրկ. Միքայէլեան, որ հակիրճ կերպով խօսեցաւ Ցեղասպանութեան 50-ամեակին արձանագրուած պատմական իրադարձութեանց մասին, որոնց խորհրդանիշները՝ Պիքֆայայի ու Ծիծեռնակաբերդի յուշարձաններուն մանրակերտները տեղ գտած են յուշակոթողին վրայ: Ան անդրադարձաւ նաեւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի հանգրուանին, որ նոր թափ եւ տարողութիւն տուած է մեր պահանջատիրութեան, եւ ընդգծեց, որ պահանջատիրութիւնը աշակերտին համար կ’ըլլայ նա՛եւ հայերէն լեզուին, մեր պատմութեան ու մշակոյթին տիրութեամբ, հաւատարմութեամբ:

Ինչպէս առաջին խումբին, նոյնպէս ալ յաջորդող երկու խումբերուն իր պատգամը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան նկատել տուաւ, որ Ազգ. Առաջնորդարանի այս յուշակոթողը յուշարար մըն է մեր պահանջատիրութեան, ինչպէս նաեւ մեր 1,5 միլիոն նահատակներուն զոհաբերութեան, այն նահատակներուն՝ որոնք 100-ամեակին առիթով սրբադասուեցան եւ կը լսեն մեր աղօթքները եւ բարեխօս են մեզի: Ան յիշեցուց, որ թուրքը աւելի քան 100 տարի առաջ փորձեց բնաջնջել մեզ, սակայն հայ ժողովուրդը վերապրեցաւ, աշակերտները ապրող վկայութիւն են թուրքին ձախողութեան ու կը մարմնաւորեն հայութեան պահանջատիրութիւնը, մասնակից են մեր երթին. այսօր ունինք անկախ Հայաստանը, սակայն գիտենք, որ մեր նահատակները մեզի կտակ թողած են ամբողջական Հայաստանը, եւ մենք պայքարը պիտի շարունակենք՝ մինչեւ տիրանանք մեր բոլոր հողերուն ու իրաւունքներուն: Առաջնորդ Սրբազանը գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ յարութիւն պարգեւած է մեր ժողովուրդին, ու հայը, իր բոլոր սերունդներով այսօր արթուն պահակն ու պահանջատէրն է իր իրաւունքներուն. աշակերտները այսօր քայլարշաւով ուխտի եկած են Առաջնորդարան, անոնք վստահաբար պիտի միանան Ապրիլ 24ի օրուան քայլարշաւին, պիտի մնան պահանջատէր: Ան օրհնեց աշակերտները, նաեւ դաստիարակներն ու ծնողները, որոնք միասնաբար ու գործակցաբար հայկականութեամբ կը տոգորեն նորահաս սերունդները:

Հայր Թորգոմ երգեց 100-ամեակին առիթով Ս. Նահատակաց նուիրուած շարականը, հոգեւոր հայրերը միասնաբար կատարեցին բարեխօսութեան աղօթքի արարողութիւնը. ուխտի պահերը վերջ գտան «Պահպանիչ»ով ու «Հայր Մեր»ին հաւաքական երգեցողութեամբ:

Ակներեւ էր, որ աշակերտները, առանց տարիքի խտրութեան, կ’ապրէին օրուան խորհուրդին ազդեցութեան տակ. անոնք լրջութեամբ հետեւեցան պատգամներուն ու արարողութեանց, մէկդի ձգած մանկական չարաճճիութիւնները…

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022