Ազգային վարժարաններու վկայականաց բաշխման հանդէսներու վերջինը՝ Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի 8րդ կարգինն էր, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 13 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի հանրային երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, որուն կողքին էին Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան եւ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիար Ճորճ Չորպաճեան եւ Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի անդամ Տիար Սարգիս Ուրֆալեան։
Հանդիսութեան ընթացքին, շրջանաւարտներու վկայականներու բաշխման արարողութեան կողքին, տնօրէնութիւնը յատուկ գնահատանքի արժանացուց երեք հանգստեան կոչուող արժանաւոր կրթական մշակներ, որոնք տասնամեակներ շարունակ նուիրումով ծառայած էին վարժարանին՝ Փոխ-տնօրէնուհի Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեան, Ուսողութեան բաժանմունքի վարիչ՝ Տիար Արշակ Գալուսեան, եւ Հայերէնի ուսուցչուհի՝ Տիկին Արտա Սօսիկեան։ Մեծարեալները ստացան գնահատագիրներ եւ յուշանուէրներ Խնամակալ Մարմինէն, վարժարանէն, Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն եւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբէն։
Տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանին խօսքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը փոխանցեց, շնորհաւորեց շրջանաւարտները, անոնց ծնողներն ու դաստիարակները, եւ գնահատեց մեծարեալ կրթական մշակները։
Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան ընթերցեց օրհնութեան գիրը, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը Ազգ. Առաջնորդարանի «Ս. Աշխէն Թագուհի»ի շքանշանով պատուեց Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեանը։
Առաջնորդ Սրբազանը իր օրհնութեան գիրին մէջ կը գնահատէր Տիկին Գաբրիէլեանը, որուն «եկեղեցանուէր ու հայակերտ նկարագիրին ու գործունէութեան զուգահեռ ուղիները եղած են Հայ Եկեղեցին ու Հայ Դպրոցը, որոնց նուիրած է իր աւելի քան չորս տասնամեակներու վաստակը» եւ իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքները փոխանցեց անոր եւ ընտանիքին։ (Օրհնութեան գիրի բնագիրը կցուած)