Ազգ. Շամլեան Վարժարանի Աշակերտները Քայլարշաւով Ուխտի Եկան Ազգային Առաջնորդարան


Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի աշակերտները Հինգշաբթի, 7 Ապրիլ 2016ի առաւօտուն, վարժարանէն դէպի Ազգային Առաջնորդարան քայլարշաւով եւ կոկիկ յուշահանդէսներով ոգեկոչեցին մեր սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակը: Անոնք գործնապէս վկայեցին, որ հաւատարիմ են Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով հայութեան հնչեցուցած «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» ուխտին: Առաւել՝ կը յիշեն ու աշխարհին կը յիշեցնեն Թուրքիոյ պետութեան ոճրային արարքը, այս օրերուն ազերիական յարձակումներուն դէմ դնող Արցախի պաշտպան զինուորներուն ու ժողովուրդին կողքին կը կանգնին եւ պիտի շարունակեն քալել ու պայքարիլ՝ մինչեւ արդարութեան իրականացումն ու մեր հողերուն վերադարձը:

Վարժարանին աշակերտները, ժամը 10:30էն սկսեալ, երեք ալիքներով հասան Ազգ. Առաջնորդարան եւ դիմաւորուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ հոգեւոր հայրերու կողմէ: Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան, Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան եւ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան: Քայլարշաւը կ’առաջնորդէին վարժարանի տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, փոխ տնօրէնուհին՝ Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեան, ընկերակցութեամբ դաստիարակներու եւ ծնողներու: Բոլորը հագած էին «Արդարութեան Հանրահաւաք» արձանագրութիւնը կրող շապիկներ: Առաջին խումբը կազմուած էր Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտներով, երկրորդը՝ Ա., Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտներով, իսկ երրորդը՝ Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներով: Անոնք առաջին հերթին ծաղիկներ զետեղեցին Ազգ. Առաջնորդարանի պարտէզին մէջ գտնուող նահատակաց նորակառոյց յուշարձանին, որ կանգնած է Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով եւ որուն պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի 21 Ապրիլին: Յուշարձանին առջեւ յիշատակի լուսանկարներ ունենալէ ետք, անոնք անցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը, ուր իրագործուեցան կոկիկ յայտագիրները:

Իւրաքանչիւր խումբի հաւաքը սկսաւ Տէրունական Աղօթքով, ապա նաեւ վարժարանի Հայկական ակումբի ներկայացուցիչներուն՝ Արամ Աբանեանի, Մէթիւ Օհանեանի եւ Սերժ Առըճեանի բացման խօսքերով: Հայկական ակումբի ներկայացուցիչները յայտարարեցին, որ ապրիլեան քայլարշաւը տեղի կ’ունենայ 31րդ տարին ըլլալով, եւ յանուն իրենց ընկերներուն՝ ընդգծեցին, որ իրենք ներկայացուցիչներն են հայ նոր սերունդին, որ կը պահանջէ չմոռնալ Թուրքիոյ գործած Ցեղասպանութիւնը, անդրադառնալ, որ Թուրքիա ու անոր գործակից Ազրպէյճանը այսօր ալ կը շարունակեն ռազմապաշտ արարքները՝ մասնաւորաբար Արցախի դէմ, պէտք է արդար պատիժի ենթարկուին: Անոնք շեշտեցին, որ արդարութեան ու մեր հողերուն պահանջը պիտի հետապնդեն հայերէն խօսելով, պատմութիւնը սորվելով ու մեր հերոսներու աւանդներուն հաւատարիմ մնալով, կը կանգնին Արցախի կողքին, որ մերն է, եւ քայլարշաւը պիտի շարունակեն մինչեւ արդարութեան իրականացումը:

Երեք խումբերուն համար հրաւիրուած էին երիտասարդ երգիչներ, որոնք հայրենասիրական երգերով ու այժմէական խօսքերով խրախուսեցին աշակերտները եւ զանոնք յորդորեցին հաւատարիմ մնալու պահանջատիրութեան երթին: Առաջին խումբին համար երգեր մատուցեց երիտասարդ երգիչ Դրօ Գրիգորեան, որ մէջ ընդ մէջ խօսեցաւ Ցեղասպանութեան, զայն կանխող դէպքերուն ու մինչեւ օրս հայութեան դէմ շարունակուող թրքական ու ազերիական ոճրային արարքներուն մասին: Ան աշակերտները հրաւիրեց մասնակցութիւն բերելու Ազրպէյճանի հիւպատոսարանին, բայց մանաւանդ Ապրիլ 24ին, թրքական հիւպատոսարանին առջեւ կազմակերպուած ժողովրդային հանրահաւաքներուն:

Երկրորդ եւ երրորդ խումբերուն համար երգեց հայրենի երգչուի Աննա Արմենակեան, որ նմանապէս խրախուսական արտայայտութիւններ ունեցաւ աշակերտներուն ու զանոնք հրաւիրեց մասնակից ըլլալու թրքական հիւպատոսարանին առջեւ հանրահաւաքին:

Վարժարանի տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Թ. Քարկոտորեան, հաւաքներուն խօսք առնելով՝ աշակերտները շնորհաւորեց այս քայլարշաւին իրականացման համար, գնահատեց կազմակերպիչ յանձնախումբը եւ շեշտեց, որ աշակերտներուն առած իւրաքանչիւր քայլը ոգեկոչումն է մեր սրբադասեալ նահատակներուն, ցոյց կու տայ, որ հայ աշակերտը անտարբեր դիտող չէ, կը յիշենք անցեալն ու զօրավիգ ենք մեր հայրենիքի սահմանները պաշտպանող հայ զինուորներուն: Ան հաստատեց, որ Շամլեանի աշակերտները արդարութիւն կը պահանջեն, անոնց ձայնը արձագանգ պիտի գտնէ Հայաստանի ու Արցախի մէջ, որպէսզի մեր քոյրերն ու եղբայրները գիտնան, որ մենք իրենց կողքին ենք: Վերջապէս, ան երախտապարտութիւն արտայայտեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ ընդունած է աշակերտները եւ ուղեցոյց կը հանդիսանայ նա՛եւ հայ դաստիարակի գործին: Ան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը ուղղելու իր պատգամը:

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց աշակերտները, որոնք իբրեւ ուխտաւորներ եկած են Ազգ. Առաջնորդարան եւ հանդիսացան առաջինները, որոնք ծաղիկ զետեղեցին նոր յուշարձանին առջեւ: Այս յուշարձանը պիտի կրէ մանրակերտները Ծիծեռնակաբերդի եւ Պիքֆայայի յուշարձաններուն, ցոյց տալու համար, որ հայութիւնը ունի մէկ անցեալ ու մէկ ապագայ: Ան գնահատեց տնօրէնուհին, փոխ տնօրէնուհին, դաստիարակներն ու ծնողները, որոնք այս քայլարշաւին ընդմէջէն կը վերահաստատեն նոր սերունդի հաւատարմութիւնը անցեալի ժառանգութեանց, ինչպէս նաեւ՝ արդարութեան ու խաղաղութեան պահանջատիրութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանը աշակերտներուն ըսաւ, որ այս քայլարշաւով, անոնք յիշեցին եւ յիշեցուցին անցեալը, երբ Թուրքիա փորձեց բնաջնջել հայութիւնը, սակայն նաեւ վկայեցին, որ Թուրքիոյ ծրագիրները ձախողած են, հայը կը վերապրի ու կը շարունակէ պահանջատիրական իր երթը, հաւատարիմ կը մնայ մեր քրիստոնէական ու ազգային աւանդներուն: Ան նշեց, որ անցեալ տարի, մեր 1.5 միլիոն նահատակները սրբադասուեցան մեր եկեղեցւոյ կողմէ, անոնք այսօր մեր աղօթքներուն եւ խնդրանքներուն համար բարեխօս են մեր իրաւունքներուն կենսագործման ի խնդիր: Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ Արցախի նորագոյն զարգացումներուն եւ հաստատեց, որ մենք եւս կը կանգնինք Արցախի պաշտպաններուն կողքին:

Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան երգեց սրբադասեալ նահատակներուն նուիրուած նոր շարականը, որմէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սրբադասեալ նահատակներուն նուիրուած աղօթքը, պահպանիչով օրհնեց աշակերտները, դաստիարակներն ու վարժարանը: Աշակերտները երգեցին «Մեր Հայրենիք»ը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022