Սուրիոյ Հայութեան Ի Նպաստ՝ Շամլեան Վարժարանի Աշակերտներու Քայլարշաւը Դէպի Ազգ. Առաջնորդարան


Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի աշակերտները Չորեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2014ի առաւօտուն անգամ մը եւս շէնցուցին Ազգային Առաջնորդարանի յարկը, իրագործելով յատուկ ուխտ մը: Սուրիոյ հայութեան եւ յատկապէս մեր դպրոցներուն աջակցութիւն տրամադրելու վարժարանին նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, կազմակերպուած էր հանգանակային քայլարշաւ մը. 4րդ, 5րդ եւ 6րդ կարգի աշակերտները քալելով հասան Ազգային Առաջնորդարան եւ դիմաւորուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որուն կողքին էին Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան: Աշակերտներուն կ’ընկերանային վարժարանի փոխ տնօրէնուհի Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեանի եւ իրենց դաստիարակները:

Ազգ. Առաջնորդարան ժամանումին, աշակերտները նախ մտան “Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն” մատուռը եւ Աւետարանը համբուրելէ ետք, անցան սրահ, ուր նախատեսուած էր Առաջնորդ Սրբազանին հետ հանդիպումը:

Աշակերտները խմբովին արտասանեցին “Հայր Մեր”ն ու “Իմաստութիւն Հօր Յիսուս” աղօթքը: Հոգեւոր Հայրերը երգեցին “Առաւօտ Լուսոյ” շարականը, որմէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը երկու հանգրուանով ուղղեց իր պատգամը:

Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց քայլարշաւի այս նախաձեռնութիւնը եւ աշակերտներուն պատրաստակամութիւնը՝ օգնութեան ձեռք երկարելու Սուրիոյ իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Ան հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան եւ Ազգային Վարժարաններուն հետ կապին մասին, շեշտելով, որ երկու հաստատութիններն ալ կը պատկանին հայ ժողովուրդին, եւ որովհետեւ աշակերտները մաս կը կազմեն հայութեան, Ազգ. Առաջնորդարանն ու ազգային վարժարանը կը պատկանի նաեւ իրենց:

Խօսելով Սուրիոյ եւ մասնաւորաբար Հալէպի վիճակուած դժուարին կացութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ քիչ ետք պիտի ցուցադրուի տեսաերիզ մը, ուր աշակերտները պիտի տեսնեն, թէ Հալէպի հայ աշակերտները ինչպիսի դժուարին պայմաններու մէջ կը շարունակեն իրենց կեանքն ու ուսման ընթացքը:

Ժապաւէնը կը ներկայացնէր Հալէպի վիճակուած պատերազմական կացութիւնն ու հայկական դպրոցներու առօրեան: Աշակերտները ականջալուր եղան իրենց հասակակիցներու արտայայութեանց, ուր հայութեան պատկանելիութիւնն ու հայօրէն աճելու կամքը կ’արտայայտուէր գործնապէս:

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը շարունակեց տեսաերիզին ցուցադրումէն ետք: Ան նկատել տուաւ, որ մինչ մեր աշակերտները խաղաղ ու հանգստաւէտ պայմաններու մէջ կ’ապրին, դպրոց կը յաճախեն, հեռուն, Հալէպի մէջ անոնց քոյրերն ու եղբայրները մատնուած են վտանգներու, կը տառապին ելեկտրականութեան եւ ջուրի տագնապներու հետեւանքով, սակայն հայեցի դաստիարակութիւնը կը շարունակուի հակառակ աննպաստ պայմաններուն: Ան բարձր գնահատեց հանգանակային քայլարշաւի եւ այլ նախաձեռնութիւններու մասնակցութեան աշակերտներուն ու անոնց ծնողներուն նախաձեռնութիւններ, որոնք գործնապէս կ’ըսեն, թէ հայ աշակերտները զօրավիգ են ու կարեկից՝ Հալէպի հայկական վարժարաններուն, իսկ մեր վարժարանները, ուր որ ալ գտնուին, քրիստոնէական հաւատքի, հայեցի կրթութեան եւ հաւատարիմ քաղաքացիներ պատրաստելու ծառայող օճախներ են: Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ հայութիւնը յառաջիկայ տարի պիտի նշէ Ցեղասպանութեան 100ամեակը, մեր վարժարանները եւս ամէն տեղ մասնակից պիտի ըլլան յիշատակումին եւ հաւատարիմ պիտի մնան մեր նահատակներու կտակին: Ան իր խօսքը եզրափակեց օրհնելով աշակերտները, հայ դպրոցն ու դաստիարակները, մաղթելով, որ Սուրիոյ հայութիւնը վերագտնէ իր խաղաղ պայմանները եւ հայակերտումի երթը ամէն տեղ շարունակուի աննահանջ կերպով:

Առաջնորդ Սրբազանին “Պահպանիչ”էն ետք, հնչեցին “Կիլիկիա”ն եւ Հայաստանի Քայլերգը: Ապա, աշակերտները հիւրասիրութիւն մը վայելեցին եւ Առաջնորդ Սրբազանին ու հոգեւոր հայրերուն հետ խմբային լուսանկար մը ունենալէ ետք, վերադարձան դպրոց:

Նշենք, որ նոյն օրը, վարժարանի 7րդ եւ 8րդ կարգի աշակերտները նոյն նպատակով քայլարշաւ մը կատարած էին դէպի Լա Քրեսենթայի Հայ Կեդրոնը, իսկ վարժարանը վերջին օրերուն կազմակերպած է հանգանակային այլ աշխատանքներ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022