Շաբաթ, 12 Օգոստոս 2017-ին, Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետութիւնը (Sheriff’s Department) կազմակերպած էր հոգեւոր ծառայութիւն մատուցողներու եւ կամաւոր աշխատանք տանողներու գնահատման տարեկան հանդիպումը, Ուիթիըրի կեդրոնին մէջ։ Այս հանդիպումը կը կազմակերպուի պարգեւատրելու համար այն ծառայողները, որոնք ունին աւելի քան 20 տարիներու վաստակ։
Գնահատանքի արժանացողներուն կարգին էր Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան, որ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, 23 տարիէ ի վեր ծառայութիւն կը մատուցէ բանտարկեալ հայորդիներու։ Հանդիպումին ներկայ էր Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան՝ իբրեւ Առաջնորդ Սրբազանին ներկայացուցիչը։ Շերիֆ Մաքտոնըլ ողջունեց ներկաները, որոնց շարքին էին գնահատանքի արժանացող շուրջ 10 ծառայողներ եւ զինուորականներ։ Րաֆֆի Սարկաւագ յատուկ յիշատակութեան արժանացաւ, որ 1994էն ի վեր կը ծառայէ բանտարկեալներու, անոնք ըլլան հայ թէ ոչ հայ։
Բազմամեայ ծառայողները գնահատագրերու արժանացան Շերիֆին ձեռամբ։