Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնի նախօրեակին, Շաբաթ, 5 Յունուարի երեկոյեան, Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Ճրագալոյցի հոգեպարար արարողութիւնը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ եւ ուղղեց օրուան յատուկ իր պատգամը։ Արարողութեան մասնակից եղան մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան։ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի ու մայր տաճարի Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները մասնակցութիւն բերին արարողութեան՝ կատարելով Ճրագալոյցի Ս. Գրային ընթերցումները։
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ գոհութիւն եւ փառք յայտնելով Աստուծոյ, որ Իր Միածինը իբրեւ մեծագոյն պարգեւ աշխարհ առաքած էր, ու Ս. Ծննդեան տօնը վերստին կը վկայէ Անոր սէրն ու հաւատարմութիւնը մարդուն հանդէպ։ Ան շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց հաւատացեալներուն, օրհնեց աշակերտները, որոնք մասնակցութիւն բերած էին արարողութեան, ապա հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Յիսուս մանուկի Ս. Ծննդեան գիշերուան հրաշալի յայտնութեան, երբ բարի հովիւները իրենց ձայնը միացուցին հրեշտակներուն՝ փառք տալով Աստուծոյ ու փառաբանելով նորածին արքան, որովհետեւ ան եկած էր խաղաղութիւն, սէր ու հաճութիւն տարածելու աշխարհի վրայ։ Ան նշեց, որ որ այսօր, այս տօնին, մենք եւս փառք կու տանք Աստուծոյ եւ կը խնդրենք, որ ան խաղաղութիւն հաստատէ աշխարհի մէջ, մասնաւորաբար՝ մեր հայրենիքին՝ որ բարեշրջման փուլ մը թեւակոխած է, նաեւ նոյն խորհուրդներով առաջնորդէ մեր ազգային ու եկեղեցական կեանքերը։ Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ Միածինը մարդուն պարգեւ տրուած էր՝ մեղքերու քաւութեան ու յաւիտենական կեանքի խոստումին համար. ան նաեւ կանք առաւ Յիսուսի երկրաւոր ընտանիքին արժանիքներուն վրայ, ու ընդգծեց, որ Աստուածորդւոյն երկրաւոր կեանքը եղաւ մարդկութեան ճանապարհը լուսաւորող փարոս։
Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Ճրագալոյցի այս արարողութիւնը հրաւէր է,որ մենք ալ, մեր կարգին, մեր սէրն ու հաւատարմութիւնը արտայայտենք Աստուծոյ, եւ այդ՝ ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ մեր գործերով, որպէսզի արժանի ըլլանք Երկնաւոր Հօր պարգեւներուն։ Ան իր պատգամը եզրափակեց բարի մաղթանքներ ուղղելով բոլորին, որպէսզի նոր տարին ըլլայ պտղաբեր, Քրիստոսի ուղին որդեգրենք իբրեւ փարոս մեր գործերուն։ Աւարտին, ան աւետեց Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը։
Ս. Պատարագի աւարտին, «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամբ Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Խորանէն Քրիստոսի եւ Աստուածայայտնութեան լոյսը խորհրդանշող մոմը վառելով փոխանցեց հաւատացեալներուն որոնք իրենց մոմերը վառած լուսաւորեցին մայր տաճարը եւ ապա Յիսուսի Ս. Ծննդեան լոյսը տարին իրենց բնակարանները։