Անցեալ շաμաթավերջին, հայ ժողովուրդը, Հայաստանի մէջ եւ սփիւռս աշխարհի, տօնեց Քրիստոսի Ս. Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը։
Այս առիթով, Շաμաթ, 5 Յունուարի երեկոյեան, Կիրակի, 6 Յունուարին եւ Երկուշաμթի, 7 Յունուարին, Արեւմտեան մեր թեմին մէջ եւս տեղի ունեցան տօնին յատուկ արարողութիւններ ու հանդիսութիւններ։
Շաμաթ, 5 Յունուարի երեկոյեան, Ճրագալոյց էր։ Այս առիթով, մեր μոլոր եկպղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ, որու աւարտին, հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցուեցաւ Քրիստոսի հրաշալի Ս. Ծննդեան աւետիսը։
Առաջնորդ Սրμազան Հայրը Ճրագալոյցին Ս. Պատարագ մատուցեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ եւ փոխանցեց օրուան յատուկ իր պատգամը։
Կիրակի, 6 Յունուարի առաւօտուն, μոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող՝ ջրօրհնէքի արարողութիւն։Առաջնորդ Սրμազանը պատարագեց եւ քարոզեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, ուր համախմμուած աւելի քան 1,500 հաւատացեալներուն փոխանցեց Քրիստոսի Ս. Ծննդեան աւետիսը, յիշեցնելով, որ Աստուածորդին աշխարհ մուտք գործեց μերելով խաղաղութեան, սիրոյ ու խոնարհութեան պատգամները, խորհուրդներ։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրμազանը կատարեց ջրօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը. խաչի կնքահայրն էր Կիրակնօրեայի աշակերտներէն Ալեքսանտր Դաւիթեան։ Երկուշաμթի, 7 Յունուարի առաւօտուն, մեր ժողովուրդը ոգեկոչեց ընտանեկան հանգուցեալ հարազատներու յիշատակը. Կլենտէյլի եւ Հոլիվուտ Հիլզի գերեզմանատուներուն մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, գլխաւորութեամμ Առաջնորդ Սրμազան Հօր եւ մասնակցութեամμ Թեմիս հոգեւոր հայրերուն։