Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Աղօթք եւ Ջրօրհնէք Կլենտէյլի “Memorial” Հիճանդանոցին Մէջ

Տարիներու μարի աւանդութիւն է նաեւ ամանորեան ու Ս. Ծննդեան տօնի մթնոլորտը տարածել հիւանդանոցներու մէջ գտնուող հիւանդներու։

Այս առումով, Ուրμաթ, 4 Յունուարին, առաւօտեան ժամը 11ին, Թեմիս μարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան յատուկ արարողութւին եւ ջրօրհնէք կատարեց Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի յարկին տակ, իր օրհնութիւններն ու μարեմաղթութիւնները μաշխելով հիւանդանոցի պատասխանատուներուն եւ նուիրեալ ծառայողներուն։ Առաջնորդ Սրμազանին կþընկերանային Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները։ Ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամ Տոկթ. Տիգրան Պապիկեան։

Հիւանդանոցի մուտքին, Առաջնորդ Սրμազանն ու ընկերակիցները դիմաւորուեցան հիւանդանոցի վարչութեան նախագահ Պրն. Ճէք Այվիի կողմէ, որ զիրենք առաջնորդեց հիւանադանոցի սրահը։ Ներկաներուն շարքին էին հիւանդանոցի վարչական խորհուրդի անդամներէն իրաւաμան Սարգիս Ուրֆալեան, հայ եւ ոչ հայ պաշտօնատարներ եւ կամաւոր գործողներ։

Արարողութեան ընթացքին, Առաջնորդ Սրμազանը լուսաμանութիւններ տուաւ ջրօրհնէքի արարողութեան մասին, նշելով, որ անիկա կը խորհրդանշէ Յորդանան գետին մէջ Յիսուսի մկրտութիւնը։ Ան μացատրեց նաեւ, թէ ջուրի օրհնութեան համար կը գործածուի սրμալոյս միւռոնը, որուն պատրաստութեան ու պատմականին մասին եւս տուաւ լուսաμանական μացատրութիւններ, նշելով, որ այսօր գործածուող միւռոնին մէջ կայ մաս մը՝ աւելի քան 1700 տարի առաջ օրհնուած միւռոնէն։ Ներկաները մեծ ուշադրութեամμ հետեւեցան այս լուսաμանութիւններուն։

Պրն. Ճէք Այվի շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրμազանին, որ այսօր եւ տարուան ընթացքին այլ տօնական հանգրուաններու՝ այցելութիւններ կը շնորհէ հիւանդանոց եւ կþառաջնորդէ նմանօրինակ արարողութիւններ։ Ան յատկապէս գոհունակութիւն յայտնեց ջրօրհնէքի ու միւռոնի մասին տրուած μացատրութեանց համար, որովհետեւ այս լուսաμանութիւններէն ետք արարողութիւնը դարձած է աւելի իմաստալից։

Արարողութեան աւարտին, ներկաները ստացան օրհնուած ջուր, իսկ Առաջնորդ Սրμազանն ու ընկերակիցները հիւրասիրութեան արժանացան հիւանդանոցի պատասխանատուներուն կողմէ։

 

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022