Ս. Ծննդեան Արարողութեանց Ժամանակացոյց

Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2020-ին, Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին պիտի նշէ Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։

Նկատի ունենալով, որ մեր եկեղեցւոյ կանոններուն համաձայն, նոյն օրը, նոյն խորանին վրայ երկու անգամ Ս. Պատարագ չի մատուցուիր, հետեւաբար, Ճրագալոյցին, Կիրակի, 5 Յունուարի առաւօտեան, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ ժամերգութիւն պիտի կատարուի, հոգեւոր հովիւները օրուան հոգեւոր պատգամը պիտի փոխանցեն եւ աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի։ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի երեկոյեան, որուն աւարտին հաւատացեալ ժողովուրդին պիտի տրուի Ս. Ծննդեան աւետիսը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի ուղղէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։

Երկուշաբթի, 6 Յունուարին, Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը պիտի նշուի Ս. Պատարագով եւ ջրօրհնէքով։ Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ ջրօրհնէքի արարողութիւնը պիտի կատարէ Կլենտէյլի Ս.
buy lipitor online nouvita.co.uk/wp-content/themes/twentynineteen/fonts/en/lipitor.html no prescription

Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Առաջնորդական փոխանորդը՝ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Երեքշաբթի, 7 Յունուարին, Մեռելոցին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Հոլիվուտ Հիլզի «Forest Lawn» գերեզմանատան «Hall of Liberty» սրահին եւ Կլենտէյլի «Forest Lawn» գերեզմանատան «Church of the Recessional» եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022