Ս. Ծննդեան Տօնին Առթիւ Տնօրհնէքի ու Ջրօրհնէքի Արարողութիւն Կլենտէյլի Memorial Հիւանդանոցին Մէջ


Տարիներու սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս, Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, Ճրագալոյցի օրը, Երկուշաբթի, 5 Յունուար 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան տնօրհնէքի ու ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարեց Կլենտէյլի Memorial հիւանդանոցի յարկին տակ, իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները բաշխելով հիւանդանոցի պատասխանատուներուն եւ նուիրեալ ծառայողներուն։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կþընկերանային Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան ու Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները։

Հիւանդանոցի մուտքի սրահին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը դիմաւորուեցան հաստատութեան նախագահ Ճէք Այվիի, Կլենտէյլի ոստիկանապետ Ռապըրթ Քասթրոյի, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի պաշտօնատարներէն Փօլա Տեւինի, Սեդա Խոճայեանի, եւ Սքաթ Օչոայի, խորհրդարանական Ատըմ Շիֆի ներկայացուցիչ Մէյրի Յովակիմեանի, նահանգային խորհրդարանական Քարոլ Լիուի ներկայացուցիչ Թալին Մաճիօղլուի եւ այլ պատասխանատուներու կողմէ։

Հիւանդանոցի նախագահը, ողջունելէ ետք ներկայ եկեղեցականներն ու պատուոյ հիւրերը, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ այս տարի եւս տօնական այս օրերուն կþայցելէ հաստատութիւնը եւ օրհնութիւնները կը բերէ հիւանդանոցին ու մանաւանդ հիւանդներուն:

Սրբազան Հայրը խօսք առնելով, իր կարգին ողջունեց ներկայ հիւրերը, հիւանդանոցի նախագահն ու պաշտօնէութիւնը, ապա Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ իր շնորհաւորական խօսքերը ուղղելէ ետք, պարզեց թէ ինչպէս Հայ Առաքելական Եկեղեցին Քրիստոսի Ծննդեան տօնին հետ միատեղ, նաեւ կը նշէ Անոր Մկրտութիւնը, որ կը յիշատակուի ջրօրհնէքի սրբազան արարողութեան կատարումով։ Ջրօրհնէքի ընթացքին Ս. Հոգին խորհրդանշող աղաւնիին ու Ս. Միւռոնի օգտագործման մասին հակիրճ բացատրութիւն տալով ան յայտնեց, թէ Ս.
buy Xenical generic https://rxxbuynoprescriptiononline.net over the counter

Միւռոնի գործածութիւնը սկսած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի օրերէն, եւ ամէն 7 տարին անգամ մը օրհնուող Միւռոնին մէջ կը խառնուի հին Միւռոնէն, Ուղղափառութեան որպէս շարունակութիւն։ Ան նաեւ բացատրեց, թէ ջուրին մէջ Միւռոնի հեղումը կը խորհրդանշէ Յորդանան գետին մէջ Յիսուսի Մկրտութեան պահուն Ս. Հոգիին էջքը։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր խօսքի աւարտին, հոգեւորականները միասնաբար կատարեցին տնօրհնէքի արարողութիւն, օրհնելով հիւանդանոցը եւ անոր պաշտօնէութիւնը։ Ապա կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւնը։

Արարողութիւններու աւարտին, ներկաները ստացան օրհնուած ջուր, ինչպէս նաեւ Տէրունական Աղօթքի յուշանուէրներ։

Հոգեպարար զոյգ արարողութիւններէն ետք, Սրբազան Հայրը այցելութիւն կատարեց կարգ մը հիւանդներու, իսկ ընդառաջելով ծնողներու փափաքին՝ այցելեց նաեւ նորածին մանուկի մը եւ օրհնեց զայն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022