Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Ջրօրհնէքի Արարողութիւն Արարատ Տան Մէջ


Տօնական օրերու մթնոլորտին տարեց սերունդի անդամները հաղորդակից դարձնելու նպատակով, ու պահպանելով տարիներու բարի աւանդութիւնը, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ հոգեւորականաց դասու անդամներ Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2016ին, այցելեցին Արարատ Տան Միշըն Հիլզի հաստատութիւնը, ուր հիւրընկալուեցան հաստատութեան պատասխանատուներուն ու տարեց բնակիչներուն կողմէ:

Հոգեւոր հայրերը առաջին հերթին այցելեցին հիւանդանոցի բաժինը, ուր Առաջնորդ Սրբազանին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն: Երգուեցան Ս. Ծննդեան շարականներ ու տաղեր, տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն.
buy elavil online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/noprescription/elavil-no-prescription.html no prescription

խաչի կնքահայրն էր հաստատութեան գործադիր տնօրէն Տիար Տէրիք Ղուկասեան։ Այնուհետեւ, ներկաները ունեցան Խոստովանանքի պահ եւ ստացան Ս. Հաղորդութիւն:

Առաջնորդ Սրբազանը խօսք առնելով՝ գնահատանքով արտայայտուեցաւ հաստատութեան հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան ու անձնակազմին մասին, որոնց հոգածութիւնը կը վայելեն մեր տարեց հայրերն ու մայրերը: Վեր առնելով Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին խորհուրդը, Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը պատմութեան մեծագոյն աւետիսն է, որովհետեւ Աստուած մեր կեանքերուն մէջ ծագեցուց Իր սէրը, լոյսն ու փառքը, բոլորիս սորվեցնելով ապրիլ խաղաղութեամբ, եղբայրական ոգիով, սիրով եւ հաճութեամբ»։ Ապա, ան բարի տարի մը մաղթեց բոլորին, իսկ պատսպարեալներուն երկար ու առողջ կեանք: Տիար Ղուկասեան ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու հոգեւորականները եւ երախտագիտութիւն յայտնեց մեր Թեմի հոգեւորականաց դասուն, իրենց յարատեւ այցելութեան եւ մատուցած հոգեւոր ծառայութեան համար։ Ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ հաստատութեան պատասխանատուներէն Տիկին Մարկարիթա Քէշիշեան. ան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ ընկերակից հոգեւորականներուն, որոնք յարատեւօրէն հոգեկան խաղաղութեան պահեր կը շնորհեն այս հաստատութեան բնակիչներուն:

Այնուհետեւ, հաստատութեան մատրան մէջ տեղի ունեցաւ տօնական օրուան յատուկ ժամերգութիւն եւ ջրօրհնէք։ Խաչի կնքահայրն էր հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Մայքըլ Սիւրմէեան։ Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս գնահատանքի խօսք ուղղեց Արարատ Տան նուիրեալ ծառայողներուն եւ յորդորեց ըլլալ բարի, ազնիւ եւ հաւատարիմ ծառաներ։ Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Տիար Սիւրմէեան. ան շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւորականաց դասուն, որ ինչպէս միշտ, այս տարի եւս, տօնական օրերու հոգեկան ցնծութեամբ պարուրեցին ներկաներուն հոգիները։

Ապա, տարինրեու աւանդութեան համաձայն, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը սիրոյ սեղանի շուրջ հիւրընկալուեցան։ Տեղի ունեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն: Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս խօսք առաւ եւ առողջութիւն ու երջանկութիւն մաղթեց բոլորին: Խօսք առաւ նաեւ հաստատութեան պատասխանատուներէն՝ Տիկին Ռիթա Նորաւեան։

Ճաշի պահուն, Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ նոր նշանակեալ դպրապետը, Տիար Երուանդ Քէշիշեան, որ նոր ժամանած է մեր Թեմը, Ս. Ծննդեան երգերով ու երաժշտութեամբ խանդավառեց ներկաները:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022