Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 43րդ Նստաշրջանի Նախօրեակին Հոգեւորականաց Համագումար


Երեքշաբթի, 21 Ապրիլ 2015ին, նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին ու մասնակցութեամբ Թեմիս Հոգեւորականաց Դասուն, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 43-րդ նստաշրջանի նախօրեակին Քահանայից Հոգեւորականաց համագումարը։

ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ Սրբազան Հայրն ու հոգեւորականաց դասը առաւօտեան ժամը 10:30ին ժամանեցին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ Գիշերային Ժամերգութիւն։ Աւարտին, օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Ապրիլեան Նահատակաց Կանոնի Առաքելական Նամակին՝ Եբրայեցիներու նամակի (10:19-36) ընթերցումին հետեւողութեամբ:

Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը սկսաւ, յորդորելով հոգեւորականները մօտենալու առաքելական այս ընթերցումի պատգամին, մանաւանդ երբ կը պատրաստուինք Հայկական Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման պատմական հանգրուանին։ Սրբազան Հայրը շեշտեց, թէ այսօր կը սերտենք այս հատուածը, որպէսզի հոգեպէս պատրաստուինք յիշատակելու ցեղասպանութեան հարիւրամեակը։ Մեր նահատակները գօտեպնդուեցան հաւատքի զօրութեամբ, եւ երկրաւոր հարստութեան փոխարէն՝ երկնաւոր գանձերուն արժանանալու հետամուտ եղան, երկրաւոր նախատինքները ոչինչ նկատեցին երկնաւոր վարձատրութեան դիմաց։

Հոգեւոր խորհրդածութենէն ետք, հոգեւորականները ծանօթացան Սրբոց Նահատակաց “Հրաշացան Պակուցմամբ” շարականին բառերուն եւ երգեցին զայն. այսշարականը նոր յօրինուած է:

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ Համագումարի առաջին նիստին ընթացքին, քննարկուեցաւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին ներկայացուելիք Կրօնական Ժողովի տեղեկագիրը։ Ապա ժողովականները հանգամանօրէն անդրադարձան Հայկական ցեղասպանութեան 100 ամեակի ձեռնարկներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան գաղութիս մէջ, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթըն եւ Լիբանան։ Սրբազան Հայրը անհրաժեշտ դասաւորումներ կատարեց Ապրիլ 24ի շաբթուան ընթացքին տեղի ունենալիք ոգեկոչական ձեռնարկներուն մեր հոգեւորականներուն մասնակցութեան գծով:

Երկրորդ նիստի առաջին օրակարգը դասախօսութիւն էր. դասախօսն էր Դոկտ. Իտա Քարայեան, որ ներկայացուց նախամուսնական խորհրդատուութեան մասին դասախօսութիւն-զրոյց մը։ Նախամուսնական խորհրդատուութիւնները մեծապէս անհրաժեշտ են զոյգերուն, խուսափելու համար ապագայի զանազան դժուարութիւններէ ու անհասկացողութիւններէ։ Մանաւանդ ներկայ սերունդին համար, այս նիւթը առաջնահերթ է։ Դասախօսը անձնական փորձառութիւններէ յիշատակումներով անդրադարձաւ զանազան մօտեցումներու մասին, որոնք անհրաժեշտ են ամուսնութեան պատրաստուող զոյգերուն համար։ Հետեւող զրոյցին պահուն, հոգեւոր հայրերը եւս արտայայտուեցան իրենց փորձառութիւններուն մասին, թէ ինչպիսի խնդիրներ գոյութիւն ունին ընտանիքներու կեանքէն ներս։ Աւարտին Սրբազան Հայրը իր թելադրութիւնները կատարեց այս ուղղութեամբ, ապագային կիրարկելի միջոցներ թուելով:

Վերջին բաժինով, տեղի ունեցաւ յառաջիկայ ամիսներու գործունէութեան եւ աշխատանքներու նախագծում եւ անոնց կիրարկման մասին խորհրդակցութիւն: Ներկայացուեցան որոշ զեկուցումներ: Ապա կատարուեցաւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի երեսփոխան եկեղեցականներու ընտրութիւնը:

Ժողովի աւարտին, ատենապետը՝ Հայր Միւռոն, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ հոգեւորականներուն, այս արդիւնալից օրուան համար, եւ անգամ մը եւս հոգեւորականաց դասը հրաւիրեց պատրաստակամ կերպով ծառայելու եկեղեցական ու ազգային նուիրական գործին։ Ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը կատարելու փակման խօսքը։

Սրբազան Հայրը գոհունակութիւնը յայտնեց համագումարի արդիւնաւոր աշխատանքներուն համար։ Ան անգամ մը եւս կարեւորութեամբ շեշտեց հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի տեղին ու դերին մասին, հոգեւորականներու առաքելութեան մէջ։ Նահատակներու սրբադասումը անկիւնադարձային ու պատմական եղելութիւն մը պիտի ըլլայ Հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ, ուստի, հայ հոգեւորականը կատարեալ գիտակցութեամբ ու յանձնառու պատասխանատուութեամբ պէտք է շարունակէ իր առաքելութիւնը։

Կրօնական համագումարը իր աւարտին հասաւ երեկոյեան ժամը 5ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր “Պահպանիչ” աղօթքով ու “Աշակերտք Քրիստոսի” շարականի երգեցողութեամբ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022