Արեւմտեան Մեր Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 42րդ նստաշրջանի նախօրեակին, Չորեքշաբթի, 14 Մայիսին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց համագումարը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ու մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն։
Առաւօտեան Ժամը 10:30ին, հոգեւորականները ժամանեցին Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն եւ հոգեւոր խորհրդածութիւն։ Երգեցողութիւնն ու աղօթքները կատարուեցան հոգեւորականներուն կողմէ։ Ժամերգութեան ու համագումարին ներկայ եղաւ նաեւ Թեմիս նախկին Առաջնորդներէն՝ Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան։
Ժամերգութեան աւարտին հոգեւոր խորհրդածութիւնը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, բնաբան ունենալով Գործք Առաքելոց գիրքի 5:1-11ի հատուածը, ուր կը նկարագրուի Անանիայի ու Սափիրայի խաբեբայութիւնը։ Նկատի ունենալով այս համագումարի կարեւորութիւնը հոգեւորականներու ծառայական կեանքին մէջ, Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ յիշեալ դրուագի պատգամին եւ իմաստին, որ Սուրբ Հոգին խաբելն ու անձնական փառք ապահովելը հակառակ են քրիստոնէական սկզբունքներուն եւ առաքելական կանոններուն։ Անանիա ու Սափիրա խաբելով Սուրբ Հոգին, անմիջապէս դատապարտուեցան մահուան։ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց հոգեւորականները որ գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ մօտենան այս դրուագին եւ իրենց ծառայական կեանքին մէջ տիպար եւ օրինակելի հովիւներ ըլլան, հեռու մնալով սխալներէ, որոնք մեծապէս կը վնասեն իրենց առաքելութեան ու կոչումին։ Այս պատահարը որ տեղի ունեցաւ քրիստոնէութեան առաջին օրերուն, կրնայ նաեւ կրկնուիլ այսօր, ուստի Աստուծոյ ու ինքզինքին հանդէպ պատասխանատուութիւնը մեծ դեր ունին հոգեւորականի կեանքէն ներս։ Աւարտին, “Տէրունական Աղօթք”ի երգեցողութեամբ վերջ գտաւ ժամերգութիւնը։
Կէսօրին, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ միօրեայ համագումարի աշխատանքները սկսան։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջոյնի խօսք արտասանեց անդրադառնալով այս համագումարի կարեւորութեան մասին հոգեւոր հովիւներու կեանքէն ներս ու յաջողութիւն մաղթեց համագումարի աշխատանքներուն։ Ապա Դիւանի ընտրութիւնը կատարուեցաւ. Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան՝ Ատենապետ եւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան՝ Ատենադպիր ընտրուեցան։ Անմիջապէս ետք ընթերցուեցաւ Կրօնական Ժողովի տեղեկագիրը։ Նկատողութիւններ ու սրբագրութիւններ կատարուելէ ետք, տեղեկագիրը միաձայնութեամբ վաւերացուեցաւ։ Ապա տեղի ունեցաւ հաւաքական ճաշ։
Համագումարի երկրորդ բաժինով, Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Տիար Վարուժան Տէր Սիմոնեան ներկայացուց Կիրակնօրեայ Վարժարաներու յատուկ դասածրագրային աշխատանք մը Youth Bible Curriculum, որ պատարստուած է Երէցկին Սիրարփի Այվազեանին կողմէ։ Այս դասածրագրային աշխատանքը օգտակար պիտի դառնայ Կիրակնօրեայ վարժարններուն աշակերտներուն, որպէսզի իւրաքանչիւր տարիքի յատուկ ուսուցումներ կատարուին, ըստ մանուկներու ու պատանիներու իմացական կեդրոնացումին եւ կարողութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը քաջալերեց այս աշխատանքը ու մանաւանդ գնահատեց Տիար Վարուժանին ներկայացումը։
Այս նարկայացումէն ետք տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը՝ “Ուխտը եւ Աստուած-մարդ յարաբերութեան բնոյթը” խորագրով, զոր ներկայացուց Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան։ Ան ներկայացուց “Ուխտ”ին իմաստը Աստուածաշունչին մէջ եւ Աստուածաշունչէն դուրս։ Հայր Սուրբը խօսեցաւ ուխտի բարոյական բնոյթին մասին, ապա հանգամանօրէն ներկայացուց ուխտի տեսակները, ձեւերն ու պայմանները։ Ապա ներկայացուց ուխտի հասկացողութիւնը Աստուած-մարդ յարաբերութեան մէջ, Երրորդութեան մէջ, մարդ-մարդ յարաբերութեան մէջ եւ ուխտի հասկացողութիւնը հաւաքական ու անձնական իմաստներով։ Սրբազան Հայրը ու ժողովականները գնահատեցին Հայր Սուրբին ներկայացուցած դասախօսութիւնը։ Աւարտին տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում եւ լուսաբանութիւններ։
Օրակարգի յաջորդ բաժինը կþընդգրկէր զեկոյց մը՝ “Christian Lebanese Foundation in the World” կազմակերպութեան աշխատանքներուն մասին, որ ներկայացուց Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։ Տէր Հայրը Առաջնորդ Սրբազանին կողմէ նշանակուած է այս կազմակերպութեան ժողովներու մասնակցութեան համար, ուստի ան ներկայացուց կազմակերպութեան ծրագիրները։ Այս գծով, Սրբազան Հայրը կատարեց կարգ մը գործնական թելադրանքներ։
Յաջորդ օրակարգով, Կրօնական Ժողովի նիստ մը գումարուեցաւ, որու ընթացքին ստացուած նամակներու ընթերցում կատարուեցաւ, հովիւներու զեկոյցներ եւ յայտարարութիւններ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Ազգային Երեսփոխանական ժողովի լրացուցիչ եկեղեցական երեսփոխաններու ընտրութիւն, ինչպէս նաեւ կարգ մը առաջարկներ ու հարցեր գոյացան ներկայացնելու համար ազգային երեսփոխանական ժողովին։
Համագումարի վերջին կէտը կþընդգրկէր Սրբազան Հօր գործնական թելադրանքները ուղղուած հովիւներուն։ Անոնց ուշադրութեան յանձնուեցան կարգ մը կէտեր, որոնց հանդէպ հարկ է որ հովիւներ առաւել եւս պատասխանատուութեամբ մօտենան ու իրենց առաքելութիւնը կատարելագործեն։ Համագումարը իր աւարտին հասաւ ժամը 5:00ին “Պահպանիչ” աղօթքով, “Աշակերտք Քրիստոսի” շարականով ու “Կիլիկիա” մաղթերգով։