Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Քրիստոնէական հաւատքի, հայրենիքի, ազգային արժանապատուութեան եւ արժէքներու անեղծ պահպանման ու պաշտպանութեան համար մղուած Ս. Վարդանանց հերոսամարտը, դարեր շարունակ ներշնչած է հայ ժողովուրդի զաւակները։ Հոն հայը տեսած է Քրիստոսի ու հայրենիքի սիրոյն անձնազոհ հերոսներու փայլուն դէմքերը, որոնք իրենց կեանքերը քաջաբար նուիրաբերած են հաւատքի ու հայրենիքի նուիրական խորաններուն։ Անոնց պանծալի անունները եւ քաջութեան օրինակը, ոսկի տառերով արձանագրուած են հայոց պատմութեան լուսաւոր էջերու յիշատակարաններուն մէջ, որպէսզի գալիք սերունդները ազգային հպարտութեամբ կարդան մեր նախնեաց անձնազոհ հերոսութիւնները ու Վարդանանց ոգիով դիմակալեն ապագայի բոլոր տեսակի անորոշութիւնները։ Ս. Վարդանանց գիտակից հաւատքի ու հայրենիքի սրբազան հողի պաշտպանութեան ի խնդիր անոնց յանձնառու զոհաբերութիւն նահատակութիւնը, շրջանցեց ներքին թէ արտաքին բոլոր տեսակի սպառնալիքները եւ հայուն պարգեւեց հայրենի իր հողին վրայ իր Աստուածը ազատօրէն պաշտելու եւ ապրելու իրաւունքը։

Ս. Վարդանանց Տօնին առիթով, Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ու մասնակցութեամբ Թեմիս Հոգեւորականաց Դասուն։ Պատարագիչն էր Գերպ. Միւռոն Ծ. Վրդ Ազնիկեան, որ հակիրճ ներկայացնելէ ետք հինգերորդ դարու Հայաստանի մէջ տիրող քաղաքական պատկերը եւ մատնանշելէ ետք Վարդանանց հաւատամարտին տուն տուող պատճառները, նկարագրեց Ս. Վարդանանց ճակատագրական պատերազմը, ուր Հայաստան մինակը դիմագրաւեց պարսկական 300 հազարի հասնող հզօր բանակը։ Աւարայրի ահեղ հաւատամարտին, որ միայն մէկ օր տեւած էր, հայոց 66 հազար քաջարի բանակը, հաւատքի ու հայրենիքի անկախութեան համար զոհ տուաւ իր դիւցազն սպարապետը Վարդան, 1036 նիզակակիցներով։ Իսկ պարսիկներ աւելի քան չորս հազար մեռեալ ձգեցին Տղմուտի ափերուն։

Աւարայրի ճակատամարտէն ետք, շարունակեց քարոզիչ Հայր Սուրբը, ուխտապահ նախարարներու առաջնորդութեամբ հայեր լեռներու եւ բերդերու մէջ ամրացած շարունակեցին դիմադրութիւնը։ Վարդանանքի »իմացեալ մահով« սկսած գոյամարտը, նոր ուղի բացաւ Հայոց պատմութեան մէջ, որովհետեւ Վարդանանցի յաջորդող երեսուն տարիներու ընթացքին, »Վահանեաց շարժումը«, եկաւ յաղթութեամբ պսակելու Վարդանանցը։ Ի վերջոյ պարսկական հզօր կայսրութիւնն էր, որ 484ին, Նուարսակի դաշնագրով, տեղի կու տար ապրելու կամքով մեռնի՛լ գիտցող »բուռ մը ըմբոստներու« եւ իրաւական ճանաչումով կ՛ընդունէր հայ ժողովուրդի մարդկային տարրական իրաւունքները յարգել, թոյլատրելով հայոց կրօնի ազատութիւնը եւ ազգային արժանապատւութիւնը եւ ինքնավարութիւնը։ Հայր Սուրբը իր քարոզին վերջին բաժինով, անդրադարձաւ Աւարայրէն ճառագայթող բազմախորհուրդ թելադրանքներուն։ Ան նշեց, որ Աւարայրի օրերուն, Յազկերտն ու անոր բանակը երեւելի թշնամիներ էին, մինչդեռ այսօր, հաւատացեալներ ու յատկապէս մեր երիտասարդները, կը կանգնին աներեւոյթ թշնամիներու դիմաց. իբրեւ օրինակ, ան նշեց արդի արհեստագիտութեան ու քարոզչական մեքենաներու՝ կրօնական, քաղաքական թէ գաղափարական օտար եւ օտարամուտ ազդեցութիւններու մտայնութիւններու, որոնք մեր ընտանիքներն ու խոստմնալից նոր սերունդի զաւակները կը պարպեն հայու հոգիէն, մեր նախնեաց աւանդներէն։ Ան մաղթեց, որ հաւատացեալներ Վարդանանց ոգիով զինուին ու դէմ կանգնին զիրենք ամէն օր թիրախ դարձնող այս աներեւոյթ թշնամիներուն։

Ս. Պատարագէն ետք, երգուեցան Վարդանանց Տօնին յատուկ երգեր։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022