Կիրակի, 22 Դեկտեմբեր 2019-ին, Թեմիս եկեղեցիներէն ներս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսին տօնը, որ մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն այս տարի կը զուգադիպի 24 Դեկտեմբերին։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս.
buy Glucophage generic https://bloinfobuy.com over the counter
Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ս. Պատարագ մատուցանեց հոգեաւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։
Նկատի ունենալով, որ Ս. Ստեփանոսի տօնը նաեւ տօնն է սարկաւագներու, քարոզէն առաջ, սարկաւագները՝ մոմեր ի ձեռին եւ «Ստեփանոս քաղցրիկ տատրակ» շարականի երգեցողութեամբ, Ս. Խորան բարձրացան ու ստացան Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը:
Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց ու գնահատեց սարկաւագաց ու դպրաց դասերը եւ յորդորեց, Ս. Ստեփանոսի նախավկայի օրինակով եւ աղօթքի ապաւինելով՝ խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ ներողամտութեամբ ծառայել Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ եւ մեր նմանին։ Օրուան աւետարանական ընթերցումին խորհուրդին վրայ կեդրոնանալով, Առաջնորդ Սրբազանը հակիրճ տողերու մէջ մեկնաբանեց փարիսեցիին ու մաքսաւորի առակը, շեշտելով ճշմարիտ եւ անկեղծ աղօթքի ու ապաշխարող հոգիի կարեւորութիւնը եւ խոնարհութեամբ ու հեզութեամբ Աստուծոյ պատուիրանները գործադրելու հրամայականը։
Խօսելով Ս. Ստեփանոսի նախավկայի մասին, ան նշեց, որ Սուրբ Ստեփանոս միայն ծառայութեան պատրաստակամութեամբ օժտուած անձ չէր, այլ «Աստուծոյ շնորհքով եւ զօրութեամբ լեցուն մարդ» (Գրծ. 6.8) եւ մինչեւ իր նահատակութիւնը ապրեցաւ, ծառայեց եւ գործեց ի խնդիր Քրիստոսի նորահաստատ եկեղեցւոյ շինութեան եւ պայծառացման։