Ապրիլ 24ի օրերուն, Լոս Անճելըսի հայութիւնը եւս պիտի միանայ պահանջատիրական ու բողոքի այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք Հայաստանէն ու հայկական օճախներէն պիտի բարձրանան Ցեղասպանին ու ամբողջ աշխարհին յիշեցնելու համար մեր արդար պահանջները։
Ստորեւ՝ ոգեկոչական գլխաւոր ձեռնարկները, որոնց ներկայ պիտի ըլլան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, հոգեւորականաց դասու եւ ժողովականութեան անդամներ։
Երկուշաբթի, 24 Ապրիլին, պիտի կազմակերպուի ամէնէն համապարփակ բողոքի արտայայտութիւնը՝ Արդարութեան Քայլարշաւը։ Բազմատասնեակ հազարաւոր հայորդիներ ու մեր Դատին համակիրներ կէսօրին պիտի հաւաքուին Լոս Անճելըսի Pan Pacific Park-ին մէջ (7600 Beverly Blvd., Los Angeles), ուրկէ սկիզբ պիտի առնէ դէպի թրքական հիւպատոսարան քայլարշաւը։ Հիւպատոսարանին առջեւ պիտի արտասանուին պահանջատիրական ու զօրակցական խօսքեր, նախատեսուած է նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Ցուցարարներուն քայլարշաւի վայրը հասնիլը դիւրացնելու համար, հաւաքական փոխադրամիջոցի դասաւորում կատարուած է. հանրակառքերը պիտի մեկնին հետեւեալ եկեղեցիներէն.- Ս. Աստուածածին (Կլենտէյլ), Ս. Կարապետ (Հոլիվուտ), Ս.
buy hard on oral jelly online healthcoachmichelle.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/hard-on-oral-jelly.html no prescription
Նահատակաց (Էնսինօ), Ս. Քառասնից Մանկանց Օրէնճ Քաունթի), Ս. Խաչ (Մոնթեպելլօ), Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական եկեղեցի (Լա Քրեսենթա, Ազգ. Առաջնորդարան), նաեւ այլ վայրերէ։ Փոխադրակառքեր ապահովելու համար, կարելի է հեռաձայնել 888-924-1915 թիւին։
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի «Ալեքս» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչական ձեռնարկ մը, նախաձեռնութեամբ Կլենտէյլի քաղաքապետութեան։
Կիրակի, 23 Ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 3-ին, Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան Յուշարձանին առջեւ (Bicknell Park, 910 Via San Clemente) տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք, կազմակերպութեամբ շրջանիս Հայկական Միացեալ Յանձնախումբին։ Տեղի պիտի ունենան աղօթք, բանախօսութիւններ եւ գեղարուեստական յայտագիր։
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան Յուշարձանին շուրջ տեղի պիտի ունենայ հսկում, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. «Դրօ» կոմիտէին։
Շաբաթ, 22 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Փասատինայի հանրային պարտէզին մէջ (Memorial Park, 30 North Raymond Ave., Northeast corner of Raymond Ave. and Walnut St.) կանգնած Ցեղասպանութեան յուշակոթողին շուրջ տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչական երեկոյ, մասնակցութեամբ կրօնական առաջնորդներու, հոգեւորականներու, պետական ընտրեալ պաշտօնատարներու, հայկական կազմակերպութեանց ղեկավարներու եւ մեծ թիւով հայորդիներու։
Կոչ կ’ընենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ առաւելագոյն չափով մասնակցութիւն բերեն այս ու նմանօրինակ ոգեկոչական ձեռնարկներու, միասնաբար խոնարհելով մեր սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակին եւ նոր քայլեր առնելու մեր պահանջատիրական երթի ճամբուն վրայ։