Կիրակի, 24 Մարտ 2019-ի երեկոյեան, Պոլսահայ Միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը՝ ի պատիւ Միութեան ցկեանս պատուոյ անդամ, Հոգաբարձու եւ Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանի ազգային գործունէութեան 50-րդ տարեդարձին եւ Պոլսահայ Միութեան անոր մատուցած 40 տարիներու ծառայութեան։
Ներկայ էին հայկական երեք յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներ ու ներկայացուցիչներ, միութեանց վարչութիւններու անդամներ, հայրենի հիւրեր եւ մեծարեալին վաստակը յարգող բազմահարիւր հայորդիներ։
Սրտի խօսքեր արտասանեցին Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, Փրոֆ. Թանէր Աքչամ, իրաւաբան Տիար Էտվին Մինասեան, Տիար Թոմիկ Ալեքսանեան, Տիկին Մակի Մանկասարեան-Կոշին, մեծարեալին նախկին աշակերտներէն՝ Տիար Րաֆֆի Հերմոն Արաքս, մեծարեալին զաւակը՝ Մանուկ Աւետիքեան, ինչպէս նաեւ միութենական եւ հայրենի ներկայացուցիչներ։ Հանդիսավարն էր Տիկին Ռոզալին Մատոյեան։ Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, մեծ մասամբ կազմուած մեծարեալին նախասիրած հայկական ժողովրդային երգերով, ինչպէս նաեւ ասմունքով, պարերով ու նուագով։
Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան խօսքը։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատած էր մեծարեալին ազգանուէր ծառայութեան 50-ամեայ վաստակը, որ կ’ընդգրկէ անոր մշակութանուէր գործունէութիւնը, «իբրեւ մէկ աւանդապահը հայ գիրքին եւ գրականութեան, պատմութեան ու մշակոյթի լուսատու այլ կալուածներուն եւ հաւատարիմ աշակերտն ու դրօշակիրը Պոլսահայ մեր Զարթօնքը կերտողներուն եւ անոնց վառած ջահը մինչեւ մեր օրերը վառ պահողներուն»։ Ան գնահատանք արձանագրած է նաեւ Պոլսահայ միութեան, մաղթելով, որ միութիւնը իր երթը շարունակէ աննահանջ կենսունակութեամբ, ի խնդիր Հայ մշակոյթի ու մեր ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան։
Կազմակերպիչ միութիւնն ու այլ միութիւններ յոբելեարին յանձնեցին յուշանուէրներ։ Մեծարեալը արտասանեց իր սրտի խօսքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ներկայութեան ու ցուցաբերած քաջալերանքին համար։