Ժողովրդային Հաւաք եւ Աղօթք՝ Հալէպի Համար


Հալէպի ապահովութեան վիճակին վատթարացման ու նախորդ շաբաթուան ընթացքին ինկած զոհերու տխուր իրողութեան դիմաց, Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմինը Երկուշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2016ի երեկոյեան կազմակերպած էր ժողովրդային հաւաք մը, աղօթք բարձրացնելու զոհերուն յիշատակին եւ բողոքելու անմեղ քաղաքացիներուն վրայ գործադրուող վայրագութեանց դէմ:

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հաւաքին, ընկերակցութեամբ Գերպ.
buy kamagra polo online blackmenheal.org/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/kamagra-polo.html no prescription

Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանի, Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեանի, Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանի եւ Տ. Ղեւոնքդ Քհնյ. Քիրազեանի:

Բացման խօսքը արտասանեց մարմինի անդամներէն Տիկին Սօնա Մատարեան, որ հրաւիրեց Հայ Առաքելական ու Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը աղօթքի պահ մը ունենալու: Հոգեւորականները միասնաբար արտասանեցին «Հայր Մեր»ը եւ «Տէր Ողորմեա» աղօթքը բարձրացուցին առ Աստուած, խաղաղութիւն խնդրելով զոհերուն հոգիներուն համար եւ ապաքինում՝ վիրաւորներուն, ապա, «Հոգւոց հանգուցելոց» աղօթքով յիշեցին բոլոր զոհերը: Խօսք առաւ Հայաստանի փոխ գլխաւոր հիւպատոս Վալերի Մկրտումեան, Մարմինի ատենապետ Տիար Րաֆֆի Քենտիրճեան, անդամներէն՝ Տիար Վազգէն Մատէնլեան եւ հոգեւոր առաջնորդներ: Ցուցադրուեցաւ Հալէպի այժմու վիճակը պատկերող ժապաւէն մը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Սուրիոյ պատերազմին զոհուած հայորդիներուն պատճառած անդարմանելի վշտին ու կսկիծին, որուն հետեւանքով սուգի մատնուած է համայն հայութիւնը, յիշեց որ նախորդ օրը, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ աղօթք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նորագոյն նահատակներու յիշատակին, առանց մոռնալու անցեալ տարիներու նահատակներն ու զոհերը։ Ապա, շեշտելով զօրակցական քայլեր ձեռնարկելու կարեւորութիւնը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աւելցուց. «Կորուստներ յիշելը կարեւոր է, սակայն պէտք չէ բաւարարուինք սգալով ու ցաւելով, նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է մեր ցաւն ու զօրակցութիւնը արտայայտել գործնապէս։ Սուրիոյ ու մասնաւորաբար Հալէպի մեր հարազատներուն գործո՛վ պիտի ըսենք, որ թէեւ ֆիզիքապէս հեռու ենք իրենցմէ, սակայն հոգւով կ’ապրինք իրենց հետ, կը զգանք իրենց ցաւն ու սուգը, եւ մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ զօրակից ենք իրենց»։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացնելով խնդրեց, որ Աստուած շուտով խաղաղութեան ափ առաջնորդէ Սուրիան ու բոլոր տագնապահար երկիրները, Իր Ս. Աջը պահապան պահէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն ու մասնաւորաբար Հալէպի մեր հարազատներուն վրայ եւ հովանի ըլլայ մեր զօրակցական քայլերուն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022