Դանիացի Միսիոնարուհի Մարիա Ճէյքըպսընի Յիշատակը Անմահացնող Յարգանքի եւ Երախտագիտութեան Հանդիսութիւն


Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016-ին, Կլենտէյլի Երիցական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն մազապուրծ ճողոպրած հայ որբերու պատսպարման եւ դաստիարակութեան անձնուէր առաքելութեան մէջ իր իւրայատուկ տեղն ու դերը ունեցած որբերու «Մամա» եւ Ճիպէյլի Թռչնոց Բոյնի հիմնադիր, Դանիացի միսիոնարուհի՝ Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակը անմահացնող յարգանքի եւ երախտագիտութեան հանդիսութիւնը։ Ձեռնարկը Երաժշտական Համերգ մըն էր, Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակին, ղեկավարութեամբ Անգլիոյ Արքայական ֆիլհարմոնիք Նուագախումբի խմբավար՝ Պարոն Վարդան Մելքոնեանին, որ եղած է Թռչնոց Բոյնի սան։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուեցաւ սոյն համերգին ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանի եւ Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի։

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ հոգեւոր Առաջնորդներու աղօթքով։ Բացման խօսքը արտասանեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան։ Ներկաները դիտեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «The Promise» ֆիլմէն բաժիններ, ապա, լուսանկարներու միջոցաւ ցուցադրուեցաւ Մարիա Ճէյքըպսընի կեանքն ու գործունէութիւնը։ Մարիա Ճէյքըպսընի մասին վկայութիւններով հանդէս եկան Միսիոնարուհիին խնամակալութեան եւ գուրգուրանքին տակ ապրած անհատները ինչպիսիք, անոր որդեգիր թոռնուհին՝ Մարիա Գառնիկեանը, Նշան Գուլուքեանն ու խմբավար Պարոն Վարդան Մելքոնեանը։ Սրտի խօսք առաւ նաեւ «մամա»ին Թռչնոց Բոյնի երկար տարիներու օգնականը՝ Քիրսթըն Փասքէն, որ պարգեւատրուեցաւ գնահատանքի յուշատախտակով մը։ Ողջոյնի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկի տնօրէն՝ Դոկտ. Հայկ Տեմոյեանը։

Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ համերգը, որ դասական ստեղծագործութիւններու, նրբաճաշակ գլուխ գործոցներու փունջ մըն էր ընտրուած Պարոն Վարդան Մելքոնեանի կողմէ ՝ յարիր Մարիա Ճէյքըպսընի հոգիին ու էութեան։

Համերգի աւարտին, Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան գնահատելով Պարոն Վարդան Մելքոնեանը՝ պարգեւատրեց Մաշտոց Քոլէճի պատուոյ Դոկտորի աստիճանով։

Փակման աղօթքէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց կազմակերպիչներն ու համերգի մասնակիցները՝ «Փրկութեան Հրեշտակին» յիշատակը անմահացնող յարգանքի եւ երախտագիտութեան այս գեղեցիկ եւ յուզիչ համերգին համար։

ՄԱՐԻԱ ՃԷՅՔԸՊՍԸՆԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻԻ ԲԱՑՈՒՄ Կիրակի, 23 Հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Սոլվէնկի Բեթանիա Լուտերական Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մարիա Ճէյքըպսընի կիսանդրիի բացումը։ Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ նախաճաշով մը, որուն ընթացքին անգամ մը եւս վկայութիւններով հանդէս եկան Միսիոնարուհիին խնամակալութեան եւ գուրգուրանքին տակ ապրած անհատներն ու հիւրընկալ Եկեղեցւոյ հովիւը՝ Քրիս Պրաունը։

Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան մասնակցեցաւ հանդիսութեան եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր երախտագիտութեան ու յարգանքի խօսքը. «Մեծ մարդասէր եւ անձնուրաց միսիոնարուհի մը, որ ամբողջ կեանք մը ինքնամատոյց սիրով ծառայեց որբերուն եւ մեծ յարգանքի արժանացաւ հայ ժողովուրդին կողմէ։ Քաջասիրտ, բարեխիղճ եւ արդար միսիոնարուհիին ժառանգութիւնն ու վաստակը երբեք չեն ջնջուիր հայ ժողովուրդի համայնական յիշողութիւնէն։ Ի տես մարդկային խղճի ոտնահարման, ան չէր կրնար լուռ եւ վերապահ մնալ, թողելով ամէն ինչ, նոյնիսկ իր անձի անվտանգութիւնը, գնաց օտար աշխարհ եւ փրկեց հայ ժողովուրդի վերջին մնացորդ խլեակները։ Ան ո՛չ միայն փրկեց անտուն եւ անտէր մնացած հայ որբերը, այլեւ անոնց գոյատեւման երաշխիքը ապահովեց, տալով անոնց օթեւան, ուսում եւ դաստիարակութիւն։ Այս իսկ պատճառով մենք երախտապարտ ենք անոր ինքնընծայ վաստակին դիմաց»։ Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթքի երգեցողութիւն, ապա մեծ մարդասէր եւ հայասէրի կիսանդրիի բացումը։

Զոյգ հանդիսութիւնները կազմակերպուած էին «Մարիա Ճէյքըպսընի Ընկերներ» յատուկ յանձնախումբին կողմէ եւ կը վայելէին Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Հայոց Ազգ. Առաջնորդարանին, Հայց.
buy premarin online https://salempregnancy.org/wp-content/languages/new/premarin.html no prescription

Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանին, Հայ Կաթողիկէ Էքզարքութեան եւ Հայց. Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան հովանաւորութիւնը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022