Կիրակի, 24 Ապրիլ 2016ին, աշխարհատարած հայութիւնը ոգեկոչեց 1915ին սկիզբ առած Ցեղասպանութեան յիշատակը եւ պահանջատիրական իր ձայնը բարձրացուց աշխարհի ժողովուրդներուն առջեւ, յայտարարելով, որ մեր 1.5 միլիոն նահատակներուն ու հայրենական հողերու կորուստին Դատը պիտի հետապնդենք աննահանջ կերպով եւ Արցախի զօրակցութիւնը պիտի շարունակենք անշեղօրէն:
Արեւմտեան մեր Թեմին մէջ եւս, Ցեղասպանութեան 101րդ տարեդարձը նշուեցաւ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով, ըլլա՛յ պետական ու պաշտօնական, ըլլա՛յ համայնքային ու ժողովրդային մակարդակներու վրայ: Այս բոլորին բարձրակէտը արձանագրուեցաւ Ապրիլի 23-24 շաբաթավերջին:
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, անձամբ կամ ներկայացուցիչներու ճամբով, ինչպէս նաեւ հոգեւորականաց դասու եւ ժողովականութեան անդամներ մասնակից եղան ոգեկոչական ձեռնարկներու, արարողութեանց ու յուշահանդէսներու:
Շաբաթ, 23 Ապրիլի կէսօրին, Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն եւ քաղաքական հաւաք, որուն ընկերացան մշակութային ելոյթներ: Առաջնորդ Սրբազանը, ընկերակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներու եւ Հայ Կաթողիկէ ու Աւետարանական յարանուանութեանց հոգեւորականներու, կատարեց յիշատակի արարողութիւնը:
Կիրակի առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին ու նահատակաց յիշատակի արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը: Ան անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան ու նոր հետեւանքներուն եւ ընդգծեց, որ հայութեան պահանջատիրական երթը տարուէ տարի յառաջ պիտի ընթանայ մինչեւ արդարութեան ամբողջական իրականացումը (Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը կու տանք առանձին):
Նոյն օրը, յետմիջօրէին, Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ տեղի ունեցաւ Արդարութեան Հաւաքը, մասնակցութեամբ աւելի քան 60,000 հայորդիներու: Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրեր մասնակից եղան հաւաքին: