Չորեքշաբթի 24 Ապրիլ 2019-ին, հայ ժողովուրդը աշխարհով մէկ յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը, կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական զանազան ձեռնարկներու ընդմէջէն։ Մեր գաղութէն ներս, շարգ մը ոգեկոչական ձեռնարկներ տեղի ունեցան, որոնց մասնակցեցան Առաջնորդ Սրբազանը, Առաջնորդական փոխանորդը, հոգեւորականաց դասն ու Ազգային Վարչութեան անդամները։
Առաւօտեան, կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմինին, Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ համագաղութային ոգեկոչում, որուն ընթացքին կատարուեցաւ բարեխօսական աղօթք՝ նախագահութեամբ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր Առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ ծաղկեպսակներու զետեղում։
Կէսօրէ ետք, տասնեակ հազարաւոր հայորդիներ մասնակցեցան «Արդարութեան Քայլարշաւ»ին դէպի թրքական հիւպատոսարան, ուր պաշտօնական խօսքեր արտասանուեցան ինչպէս նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։ Յայտագիրը սկիզբ առաւ հաւաքական աղօթքով, կատարողութեամբ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն, որմէ ետք Առաջնորդները իրենց կոչը ուղղեցին ժողովուրդին։
Երեկոյեան, Պըրպէնքի Ս. Ղեւոնդեանց տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ բարեխօսական կարգ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան հովիւ Վեր. Պերճ Ճամպազեանի։ Ապա, խօսքեր ընթերցուեցան յանուն Առաջնորդներուն։
Շաբթուան ընթացքին, ոգեկոչական այլ ձեռնարկներ տեղի ունեցան Կլենտէյլի, Էնսինոյի, Պըրպէնքի, Փասատինայի, Մոնթեպելլոյի, Օրէնճ Քաունթիի, Ֆրեզնոյի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Լաս Վեկասի, եւ Քոլորատոյի մէջ, որոնց ներկայ եղան հոգեւոր հայրեր։