Չորեքշաբթի, 12 Մայիս 2021ին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ գումարուեցան Կրօնական ժողովի ընդլայնուած նիստեր, որոնք սկիզբ առին առաւօտեան ժամը 10ին եւ շարունակուեցան մինչեւ երեկոյեան ժամը 6: Կրօնական ժողովի լրիւ կազմին միացան Ֆրեզնոյի Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան եւ Լաս Վեկասի Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան:
Ժողովական աշխատանքներուն անցնելէ առաջ, Հոգեւոր հայրերը Առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ կատարեցին եկեղեցական արարողութիւն, որմէ ետք հերթաբար գումարեցին չորս նիստեր: Առաջինին՝ անոնք խօսեցան Թեմի հոգեւորականաց ժողով-համագումարներու, սարկաւագաց համախմբումի, Կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ Ս. Գրոց սերտողութիւններու մասին, ապա, երկրորդ նիստով արծարծեցին Առաջնորդարանի պարբերաթերթի, լսատեսողական յայտագրերու, հրատարակութիւններու եւ լրատուական դաշտին առնչուող հարցեր:
Կարճ դադարէ մը ետք, Կրօնական ժողովը իր երրորդ նիստով քննեց ծիսական հարցեր, իսկ չորրորդ նիստով կատարուեցաւ աշխատանքային ընդհանուր արժեւորում:
Յայտնենք, որ նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7ին, Արեւմտեան թեմի Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, գումարեցին Խառն ժողովի նիստ մը՝ օրակարգի վրայ ունենալով մեր կեանքը յուզող անմիջական հարցեր: