Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, կը գուժեն մահը Թեմիս Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի հօր՝ Գրիգոր Տօնոյեանի, որ պատահեցաւ յետ շատ կարճատեւ հիւանդութեան, Ուրբաթ, 10 Յուլիսին, Լիբանանի մէջ։
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը, Թեմիս Հոգեւորականաց Դասը, Կրօնական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնը, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը, Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը, յարակից մարմիններ ու անձնակազմը, ցաւակցութիւն կը յայտնեն Առաջնորդական փոխանորդ Սրբազան հօր, Տիրամօր Ատրինէ Տօնոյեանին եւ Սրբազան հօր եղբայրներուն Յարութին, Քրիստափորին եւ ընտանեկան պարագաներուն ու հարազատներուն։
Հանգուցեալի յիշատակին, Շաբաթ, 11 Յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2-ին, հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք Սրբազանը ցաւակցութիւններ պիտի ընդունի մինչեւ ժամը 4-ը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ։
Թող ամենակալն Աստուած յաւիտենական հանգիստ շնորհէ հանգուցեալի բարի հոգիին եւ երկինքի արքայութեան արժանացնէ։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ